ԸՆՏԱՆԻՔԸ ՈՐՊԷՍ ՕՃԱ՛Խ
«Օճախ» բառը իր բարոյական իմաստով կը նշանակէ՝ ջերմ, մտերիմ միջավայր, հոն՝ ուր մարդ ինքզինք ապահով կը զգայ, անվտանգ եւ վստահութիւն ներշնչող խաղաղ պատսպարան։ Եւ այն տունը, այն ընտանիքը, ուր կը տիրէ խաղաղութիւն, իրերհասկացողութիւն, փոխադարձ վստահութիւն եւ անդամները իրարու կապուած են ճշմարիտ եւ անկեղծ սիրով, «օճախ» կոչել սովորութիւն է դարձած։
Արդարեւ, Marcus Tullius Cicero կ՚ըսէ. «Աշխարհի վրայ ընտանեկան օճախէն աւելի քաղցր բան չկա՛յ»։ Եւ կեանքի փորձառութիւնը եւ իրողութիւններու վկայութիւնը այն ցոյց տուած է, որ իրական մեծ կոչումներ, ընդհանրապէս խաղաղ ընտանիքներու մէջէն ելած են։ Այս ուղղութեամբ խաղաղութիւն տիրող ընտանիքը Աստուծոյ օրհնութիւններով լեցուած է։ Եւ «օճախ» անուանումին արժանացած տուն մը՝ ընտանիք մը կարելի չէ փոխարինել ուրիշ որեւէ արժէքի հետ։ Որովհետեւ, «օճախ»ին մէջ ամէն ոք երջանիկ է, որեւէ մտահոգութիւն չունի, քանի որ գիտէ վստահիլ, ապաւինիլ…։
Եւ ի՜նչ մեծ երջանկութիւն է մարդուս համար վստահելի, ապաւինելի անձի մը գոյութիւնը զգալ։ Անոնք որ կը վստահին, կ՚ապաւինին Աստուծոյ, այսինքն կը հաւատա՛ն, երջանիկ են, որովհետեւ հաւատքը մտահոգութիւնը կը փարատէ, ինչպէս՝ սէրը՝ վախը։ Ընտանիքը իր կազմութեամբ, գործելակերպով անմիջականօրէն կը համապատասխանէ մարդուն բնութեան։ Անիկա անհրաժե՛շտ է մարդուն։
Ընտանիքը սկզբնական բջիջն է ընկերային կեանքին։
Ան բնական ընկերութիւնն է, ո՛ւր այրը եւ կինը ինքնանուիրումի, զոհողութեան կոչուած են սիրոյ եւ կեանքի անփոխարինելի պարգեւին մէջ։ Ուստի սիրոյ եւ յոյսի պատուակիցը հաւատքն է։ Ընտանիքին ծոցին մէջ գոյութիւն ունեցող հեղինակութիւնը, կայունութիւնը եւ փոխյարաբերութիւնները կեանքը կը կազմեն ազատութեան, եղբայրութեան, հաւասարութեան, ապահովութեան հիմերը ընկերութեան ծոցին մէջ։ Ընտանիքը «օճախ» երբ կոչուի՝ հոն է որ կ՚եփի, կը հասուննայ, եւ ընկերութեան, մարդկութեան օգտակար տարր մը կը դառնայ մարդը։
Ընտանիքը այն հասարակութիւնն է, որուն մէջ, մանկութենէն սկսեալ, կարելի է սորվիլ բարոյական արժէքները, բարեկամութիւնը եւ բարեկամութեան իրաւ արժէքը, իր «ես»էն դուրս կան նաեւ «ուրիշ»ներ՝ որոնք «ես»ին ցոլացումն են. ի՛նչ որ է «ես»ը՝ նո՛յնն է «ուրիշ»ը։ Եւ ընտանիքին մէջ է որ մանուկը կը սկսի ճանչնալ եւ պատուել Աստուած եւ լաւ գործածել ազատութիւնը։ Այս իմաստով, ընտանիքին կեանքը նախակրթութիւն մը, նախավարժութիւն մըն է ընկերութեան աւելի բարդ, աւելի ընդարձակ եւ նոյնքան դժուար կեանքին։
Ընտանիքը պարտի այնպէս ապրիլ, որ իր անդամները սորվին տանիլ հոգը եւ հոգածութիւնը երիտասարդներուն եւ տարեցներուն, չըսելու համար ծերերուն, հիւանդներուն կամ հաշմանդամ անձերուն եւ աղքատներուն։ Ընտանիքներ օգնելու եւ իրարու. «Մաքուր եւ անբիծ բարեպաշտութիւնը մեր Հօր Աստուծոյ առջեւ՝ այս է. այցելել որբերուն եւ այրիներուն անոնց նեղութիւններուն մէջ եւ ինքզինք անարատ պահել աշխարհէն» (ՅԱԿ. Ա 27)։
Ընկերութեան կեանքին եւ բարօրութեան համար ընտանիքին կարեւորութիւնը ընկերութեան վրայ յատուկ պատասխանատուութիւն մը կը դնէ, ընտանիքին եւ ամուսնութեան օգնելու եւ զանոնք ամրացնելու։
Ընտանիքներ ալ պարտին իրենց տունը վերածելու իրական «օճախ»ի մը՝ ուրկէ պիտի հասնին երջանիկ հասուն անձեր, որոնք պիտի կազմաւորեն երջանիկ ընկերութիւն մը։ Արդարեւ, ընկերութեան մը երջանկութիւնը կախում ունի զայն կազմող ընտանիքներու երջանկութենէն։
Ինչպէս ընտանիքը, նոյնպէս մարդկային բոլոր հասարակութիւնները կազմուած են անձերէ։ Անոնց բարւոք կառավարումը չի սահմանափակուիր միայն իրաւունքներուն երաշխաւորութեամբ եւ պարտականութիւններու կատարումով, այլ նաեւ համաձայնագրերու հաւատարմութեամբ։ Պաշտօնատէրերուն եւ պաշտօնեաներուն, ապա ղեկավարներուն եւ քաղաքացիներուն միջեւ արդար յարաբերութիւնները կ՚ենթադրեն բնական բարեհաճութիւնը, որ համապատասխան է մարդկային անձերու՝ անհատներու արժանապատուութեան, որոնք նախանձախնդիր են մանաւանդ արդարութեան, հաւասարութեան եւ եղբայրութեան։
Ծնողներ պարտին դիտել իրենց զաւակները իբրեւ «Աստուծոյ շնորհներ» եւ «Աստուծոյ որդիներ», ըստ այնմ յարգել զանոնք իբրեւ «մարդկային անձեր»։ Եւ այս հասկացողութիւնը ընտանիքը կը վերածէ «օճախ»ի մը՝ ուր կը հասնին բարի եւ բարեպաշտ զաւակներ։ Եւ այս «օճախ»ին մէջ ծնողները առաջին պատասխանատուներն են իրենց զաւակներուն կրթութեան եւ դաստիարակութեան։ Ըստ Ժան Ժագ Ռուսոյի (Էմիլ)՝ կրթութիւնը կը սկսի այս «օճախ»ին մէջ։ Այս պատասխանատուութիւնը փաստած կ՚ըլլան ծնողները նախ ընտանիքի մը ստեղծումովը՝ ուր գորովը, գութը, ներողամտութիւնը, յարգանքը, հաւատարմութիւնը եւ անձնուէր՝ անշահախնդիր ծառայութիւնը կը գործադրուին։
Ուստի, ընտանիքը մասնայատուկ վայրն է առաքինութիւններու զարգացման եւ կրթութեան։ Ասիկա կը պահանջէ վարժեցումը անձնուրացութեան, առողջ դատողութեան, ինքնազսպումի, ինքնագիտակցութեան, որոնք պայմաններն են ամէն ճշմարիտ ազատութեան։ Եւ այս ուղղութեամբ, ծնողները զաւակներուն պիտի ուսուցանեն ֆիզիքական եւ բնազդային տարածքը ստորադասել ներքին եւ հոգեւոր տարածքին։ Ծնողներուն համար ծանրակշիռ պատասխանատուութիւն մըն է իրենց զաւակներուն «բարի օրինակ» ըլլալ։ Անոնց առջեւ միշտ այս բարի օրինակով ներկայանալ։ Իրենց թերութիւնները եւ տկարութիւնները, որոնք մարդկային անկատարութեան բնական հետեւանքներն են, զաւակներուն առջեւ ճանչնալով, անոնք աւելի՛ ատակ պիտի ըլլան առաջնորդելու անոնց եւ ուղղելու զանոնք։
«Ո՛վ որ կը սիրէ իր որդին, զայն կը ծեծէ։ Ո՛վ որ կը կշտամբէ իր որդին, անկէ օգուտ պիտի քաղէ». (ՍԻՐ. Լ 12)։
Երանի՜ այն ընտանիքներուն՝ որոնք «օճախ»ի վերածած են իրենց տուները…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հոկտեմբեր 13 2022, Իսթանպուլ