ՓՐՈՖ. ԷԼՏԵՄԻՆ ՄԵԾԱՐԱՆՔ

Յայտնի պատմաբան փրոֆ. Էտհեմ Էլտեմ վերջին օրերուն Ֆրանսայի կառավարութեան կողմէ պարգեւատրուեցաւ «Լեժիոն տ՚Օնէօր» շքանշանով։ Ֆրանսական պալատին մէջ այս առթիւ մեծարանքի հանդիսութիւն մը տեղի ունեցաւ ի պատիւ Էտհեմ Էլտեմի։ Անգարայի մօտ Ֆրանսայի դեսպան Էրվէ Մակրօ ծաւալուն ելոյթով մը արժեւորեց պարգեւատրեալ գիտնականի վաստակը, բազմակողմանի գործունէութիւնը, նաեւ թուրք-ֆրանսական մշակութային կապերուն բերած ներդրումը։ Ելոյթի աւարտին, յանուն Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի, դեսպան Էրվէ Մակրօ փրոֆ. Էտհեմ Էլտեմի լամբակին զետեղեց պատուոյ շքանշանը։ Յայտնի գիտնականն ալ շնորհակալութեան խօսքով մը հանդէս եկաւ՝ իրեն շնորհուած այս մեծ պատիւին բերումով։

Ֆրանսական պալատի շքեղ սրահներուն մէջ կազմակերպուած ընդունելութեան բոլոր մասնակիցները ջերմօրէն շնորհաւորեցին փրոֆ. Էտհեմ Էլտեմը։ Հաւաքոյթի մասնակիցներու շարքին էին Իսթանպուլի մօտ Ֆրանսայի աւագ հիւպատոս Օլիվիէ Կովեն, ինչպէս նաեւ ՆԱԹՕ-ի մօտ Ֆրանսայի առաքելութեան ղեկավար դեսպան Միւրիէլ Տոմենաք։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 24, 2022