ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԵՒ ԻՐԱՆ Կ՚ՈՐԴԵԳՐԵՆ ՃԱՆԱՊԱՐՀԱՅԻՆ ՔԱՐՏԷՍ ՄԸ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան շաբաթավերջին հիւրընկալեց Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ամիր Ապտուլլահիանը, որ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Երեւան, նաեւ Կապանի մէջ մասնակցեցաւ Իրանի հիւպատոսարանի բացման պաշտօնական արարողութեան։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, հանդիպման ընթացքին մատնանշուեցաւ, որ Երեւան եւ Թեհրան համագործակցութեան ճանապարհային քարտէս մը կը սահմանեն։ Փաշինեան եւ Ապտուլլահիան կարծիքներ փոխանակեցին տարածաշրջանային զարգացումներու եւ անվտանգային միջավայրի շուրջ։ Փաշինեան կարեւորեց Իրանի յստակ գնահատականները եւ ստեղծուած իրավիճակին մէջ երկկողմանի սերտ համագործակցութիւնը։

Ապտուլլահիանի Հայաստան կատարած պաշտօնական այցելութիւնը մեկնաբանուեցաւ նաեւ Ռուսաստանի փոր-ձագիտական շրջանակներուն կողմէ։ Մերձաւոր Արեւելքի եւ Կովկասի գծով յայտնի փորձագէտ Սթանիսլաւ Թարասովի ստորագրութեամբ ծաւալուն յօդուած մը լոյս տեսաւ «Ռեկնում» գործակալութեան թողարկումներուն մէջ։ «Իրանը կը վերադառնա՞յ Անդրկովկաս» խորագրեալ այս խորհրդածութեան մէջ ռուս փորձագէտը ուշագրաւ կարծիքներ յայտնած է։ Այսպէս, Թեհրան Երեւանի արտաքին քաղաքականութեան մէջ կը նկատէ հետզհետէ Արեւմուտք թեքուելու մը ձեւաւորումը։ Այս պատճառով Իրան մտահոգուած է Արեւմուտքի աւելի խոր Հայաստան ներթափանցումով։ Ըստ վերլուծաբանի, այս է պատճառը, որ Իրան դէմ է Զանգեզուրի միջանցքի բացուելուն։ Պաքուի հետ հաւանական մագլցումի մը պարագային Թեհրան առաջին հերթին կը փակէ այն միակ ճանապարհը, որ Իրանի տարածքով անցնելով կը կապէ Ատրպէյճանն ու Նախիջեւանը։ «Այլ բան է, թէ Հայաստան ինքզինք ինչպէս կը պահէ։ Մոսկուայի հետ դաշինքի մէջ մէկ բան է, Արեւմուտքի հետ դաշինքի մէջ՝ այլ բան», նշած է Թարասով։

Միւս կողմէ, Նիկոլ Փաշինեան շաբաթավերջին հիւրընկալեց նաեւ Եւրոխորհրդարանէ ներս Հայաստանի հարցերով մշտական զեկուցող Անտրէյ Քովաչեւը։ Զրոյցի ընթացքին ան կարեւորեց տարածաշրջանէ ներս խաղաղութեան հասնելու ուղղեալ Եւրոմիութեան միջնորդական ջանքերը։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 24, 2022