ՅՈՅՍ՝ ՆՈՐ ԴԷՊՔԵՐԸ ԿԱՆԽԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ

Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի լարուածութեան զուգահեռ արդէն թէ՛ Եւրոպական միութեան եւ թէ՛ ԵԱՀԿ-ի կողմէ դիտորդական առաքելութիւններու տեղակայման պարագաները օրակարգի վրայ եկած են եւ գործնական քայլեր կ՚առնուին։ Վերջին օրերուն ԵԱՀԿ-ի կողմէ կարիքներու գնահատման նպատակով առաքելութիւն մը ուղարկուեցաւ Երեւան։ ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահ երկրի՝ Լեհաստանի ներկայացուցիչ գնդապետ Ռոպերթ Արքատիուշի կողմէ գլխաւորուած այս պատուիրակութիւնը ընդունուեցաւ նաեւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի կողմէ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, հանդիպման ընթացքին Արարատ Միրզոյեան յոյս յայտնեց, թէ ԵԱՀԿ-ի առաքելութեան գործունէութիւնը կը կանխէ Ատրպէյճանի կողմէ հաւանական նոր բռնութիւնները։

Զրոյցի ընթացքին Արարատ Միրզոյեան նշեց, որ ԵԱՀԿ-ի առաքելութեան գործունէութիւնը, դիտարկումները եւ աւարտական զեկոյցը պիտի հանդիսանան առարկայական տեղեկատուական աղբիւր մը՝ Ատրպէյճանի բռնութենէն յետոյ ստեղծուած իրավիճակին մասին։ Այդ բոլորը պիտի յանձնուին ԵԱՀԿ-ի նախագահութեան, քարտուղարութեան եւ անդամ երկիրներու նկատառման։ Ուստի, Միրզոյեան յոյս յայտնեց, թէ սա դեր կը խաղայ նոր բռնութիւնները կանխարգիլելու եւ տարածաշրջանէ ներս կայուն խաղաղութեան հաստատման ուղղութեամբ։

Հարկ է նշել, որ վերջին օրերուն Թուրքիա խստիւ քննադատած էր Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի վրայ Արեւմուտքէն դիտորդներու տեղակայումը։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 24, 2022