Ուրբաթ 24, Յունուար 2025
ՄԻՆՉԵՒ ԱՄՍԱՎԵՐՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ կրնան մինչեւ ամսավերջ հանդիպում մը ունենալ՝ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի միջնորդութեամբ։ Ըստ ռուսական դիւանագիտական աղբիւրներու, այս եռակողմանի նոր գագաթաժողովի պատրաստութիւնները սկսած էին Աստանայի մէջ, հոկտեմբերի 14-ին տեղի ունեցած ԱՊՀ-ի գագաթաժողովին։ Այնտեղ Փութինի հաշտարար ելոյթէն վերջ քննարկուած էին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ առկայ տարածքային վէճերը։ Այս նոր ժամադրութիւնը տեղի կրնայ ունենալ Մոսկուայի կամ Սոչիի մէջ։
Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 24, 2022