ԴԱՐԷՆ ԵՐԿԱՐ. ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ ՉՕՊԱՆԵԱՆԻ ԵՒ ԿՈՄԻՏԱՍԻ ԲԱՐԵԿԱՄՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ
Հայաստանի Կոմիտասի թանգարան-կաճառի եւ «Եղիշէ Չարենց» գրականութեան եւ արուեստի թանգարանի համատեղ ջանքերով Կոմիտասի թանգարան-կաճառին մէջ բացուած է «Դարէն երկար» խորագրով ցուցահանդէսը: Բացառիկ այս ցուցահանդէսը կազմակերպուած է հայ գրող, քննադատ, բանասէր, լրագրող եւ հանրային գործիչ Արշակ Չօպանեանի 150-ամեակի առթիւ (որ կը լրանայ այս տարի) եւ նուիրուած է անոր ու Կոմիտաս Վարդապետի բարեկամութեանը:
Կազմակերպիչները նկատած են, որ դարէն երկար տեւած է այդ բարեկամութիւնը եւ ցուցահանդէսը ոչ միայն երկու մեծերու մտերմութիւնը ցոյց կու տայ, այլ նաեւ կը ներկայացնէ այն եզակի դերը, որ Արշակ Չօպանեան ունեցած է Կոմիտասի կեանքին մէջ, մասնաւորապէս Կոմիտասի ժառանգութիւնը պահպանելու, հրատարակելու եւ Հայաստան փոխադրելու առումով: «Դարէն երկար» ցուցադրութեան համադրողը թանգարանագէտ, Գրականութեան եւ արուեստի թանգարանի գիտական քարտուղար Մարինէ Հարոյեանն է, որ արուեստագիտական ու նորարարական մօտեցում ցուցաբերած է Կոմիտասի եւ Չօպանեանի բարեկամութիւնը ներկայացնելու գաղափարին մէջ. Մարինէ Հարոյեան ամենաբարձր մակարդակով արժեւորած է երկու գործիչներուն բարեկամութիւնը եւ թանգարանէն հանուած նիւթերով ա՛լ աւելի ամրացուցած է այդ բարեկամութիւնը: Փաստօրէն, երկու մեծերու կապը կը շարունակուի նաեւ այսօր եւ այս ցուցահանդէսը ատոր հրաշալի ապացոյցն է: Նիւթերու մեծ մասը Կոմիտասի թանգարան-կաճառ տարուած է Գրականութեան եւ արուեստի թանգարանէն, ուր կը պահուի Արշակ Չօպանեանի հարուստ արխիւը: Ի դէպ, Արշակ Չօպանեանի արխիւը բոլորովին վերջերս համալրուեցաւ նոր նիւթերով՝ երկու տասնեակէ աւելի արժէքաւոր ձեռագիրներով։ Փարիզի «Արշակ Չօպանեան» կեդրոնի տնօրէն Վարուժան Սրապեան երեւանեան թանգարանին յանձնեց աճուրդէ մը ձեռք բերուած Չօպանեանի ձեռագիրը եւ չօպանեանագէտ Էտմոն Խայաճեանի կողմէ ղրկուած ինքնագիր էջերը։
ՎԵՑ ԲԱԺԻՆ
«Դարէն երկար» խորագրեալ ցուցադրութիւնը ունի վեց բաժին, որոնց մէջ գծանկարչական պատումներու, փաստաթուղթերու, լուսանկարներու, տեսաձայնային նիւթերու եւ իրերու համադրութեամբ ներկայացուած են Կոմիտասի եւ Արշակ Չօպանեանի անձնական ու ստեղծագործական շփումներուն մասին պատմող զանազան դրուագներ, որոշ իրադարձութիւններ: Ցուցադրութեան համար նիւթեր հաւաքուած են նաեւ Ազգային պատկերասրահէն, Պատմութեան թանգարանէն եւ Կոմիտասի թանգարան-կաճառն ալ արդէն ինքնին կոմիտասեան գանձարան մըն է, ուրկէ նոյնպէս նիւթեր յատկացուած են այս ցուցադրութեան:
«Սպասուած եւ երազուած մարդը». Արշակ Չօպանեան այսպէս բնորոշած է Կոմիտասը՝ իրենց առաջին հանդիպումէն յետոյ: Եւ այսպէս խորագրուած է նաեւ անոնց բարեկամութիւնը ներկայացնող ցուցահանդէսին առաջին բաժինը:
Երբ Կոմիտաս առաջին անգամ 1901 թուականին Փարիզ կ՚երթայ, կը հանդիպի Չօպանեանին: Հանդիպումը այնպիսի վառ տպաւորութիւն կը գործէ Չօպանեանին վրայ, որ ան կը նշէ, թէ այդ մէկը իր կեանքի ամենահզօր տպաւորութիւններէն եղած է: Այդ հանդիպման զգացողութիւնը Չօպանեան իր յօդուածներէն մէկուն մէջ համեմատած է միջնադարեան քնարերգուներու ձեռագիրները Մխիթարեաններու մօտ յայտնաբերելէն յետոյ ունեցած իր զգացողութեան հետ:
Ցուցադրութեան երկրորդ բաժինը երկու գործիչներուն երկրորդ հանդիպման մասին է. երկրորդ անգամ կրկին Փարիզ հանդիպած են Չօպանեան եւ Կոմիտաս, այս անգամ՝ 1906 թուականին, երբ Չօպանեան կը կազմակերպէ Կոմիտասի առաջին մեծ համերգը եւ զեկոյցով մըն ալ հանդէս կու գայ: Այդ համերգը այնպիսի աղմուկ մը բարձացուցած էր, որ ֆրանսացիները զայն կոչած են «ցնցում»: Ատիկա իրադարձութիւն էր Կոմիտասի կեանքին մէջ, քանի որ մեծ երաժիշտը անմիջապէս ճանաչում կ՚ունենայ միջազգային ասպարէզին մէջ եւ կը մեկնի շրջագայութեան՝ Եւրոպայի տարածքին, ուր որոշ վայրերու մէջ անոր կ՚ընկերակցի Չօպանեան: Այդ համերգները մեծ արձագանգ կը գտնեն ինչպէս հայկական, այնպէս ալ միջազգային մամուլին մէջ: Բազմաթիւ ֆրանսացի երաժիշտներ Կոմիտասի համերգներու, անոր հետ ծանօթութեան եւ շփումի ազդեցութեան տակ անդրադարձած են հայ ժողովրդական երաժշտութեան, որոշ ֆրանսացի երաժիշտներ նոյնիսկ մշակած, գործիքաւորած են կոմիտասեան երգերը: Ցուցահանդէսի այս բաժինը կը կոչուի «Հայ երաժշտութեան յաղթարշաւը»:
Ուշագրաւ է «Դարէն երկար» ցուցահանդէսի երրորդ բաժինը, որ կը ներկայացնէ Արշակ Չօպանեանի եւ Կոմիտասի հանդիպումը հայրենիքի մէջ՝ Սուրբ Էջմիածին, ուր 1908 թուականին Չօպանեան հիւրընկալուած էր Կոմիտասի խուցին մէջ: Իր յօդուածներէն մէկուն մէջ Չօպանեան անդրադարձած է այդ հանդիպումին՝ գրելով, որ երբ Էջմիածին կը գտնուէր, հասկցած է, թէ որքան նեղ է զայն Կոմիտասի համար: Անոր բոլոր ջանքերը՝ Կոմիտասը պահել Փարիզի մէջ, արդիւնք չեն տուած, քանի որ նիւթական միջոցներ չէ գտած ատոր համար:
Չորրորդ բաժինը խորագրուած է «Աղէտէն առաջ» եւ ի ցոյց կը դնէ բոլոր այն նիւթերը, որոնք կը վերաբերին Չօպանեանի եւ Կոմիտասի վերջին հանդիպման՝ 1914 թուականին, Փարիզ: Այդ ժամանակ Կոմիտասը կը մասնակցէր երաժշտագիտական մեծ համաժողովի, ուր ունեցած անոր ելոյթը նոյնպէս խոշոր արձագանգ կը գտնէ: Ծանօթ է նաեւ այն պատմութիւնը, որ ինչպէս Կոմիտասի դէմ յետադէմ հոգեւորականներ հալածանք սկսցուցին, երբ ան ձայնագրեց Արմենակ Շահմուրադեանի գործերը եւ անոնք թողարկուեցան ձայնապնակով: Հոգեւոր երգերը ձայնապնակով, եկեղեցիէն դուրս տարածելը չէին ընդուներ եւ բողոքեցին պատրիարքարանի կրօնական ժողովին: Սակայն պոլսահայ մտաւորականութիւնը շատ արագ արձագանգեց եւ Արշակ Չօպանեան ի պաշտպանութիւն Կոմիտասի, գրեց առաջին յօդուածը՝ 1914 թուականի յուլիսին տպագրելով զայն «Բիւզանդիոն»ի մէջ եւ կրօնական ժողովի պահպանողական դիրքորոշումը անուանելով «հայհոյանք գեղեցկութեան դէմ»: Ցուցահանդէսին ներկայացուած էր նաեւ թերթի այդ էջը, ուր տպուած է Չօպանեանի «Անկրօն որոշում մը» յօդուածը: Առհասարակ, Չօպանեան շատ նիւթեր ստորագրած է Կոմիտասի մասին եւ անոր խմբագրած «Անահիտ»ը միշտ անդրադարձած է Կոմիտասի գործունէութեան:
Ցուցահանդէսի հինգերորդ բաժինը անուանուած է «Աղէտ»: Այդ բաժնին մէջ ներկայացուած է մէկ հատիկ խորհրդանշական ցուցանմոյշ մը՝ համրիչ մը: Համրիչը բերուած է Հայաստանի Պատմութեան թանգարանէն եւ այս համրիչի բոլոր հատիկներուն վրայ գրուած են Չանղըրըի աքսորականներուն անունները, իսկ առաջին անունը Կոմիտասինն է: Չօպանեան ինքզինք յանցաւոր նկատած է, քանի որ ինք Կոմիտասին խորհուրդ տուած է երթալ Պոլիս, ինչն ալ ճակատագրական եղած է Կոմիտասի համար:
Եւ վերջապէս, ցուցահանդէսի վերջին բաժինը կը կոչուի «Դարէն երկար»: Կազմակերպիչները ահռելի ջանք գործադրած են ցոյց տալու այն մեծ աշխատանքը, ինչ որ Չօպանեան կատարած է թէ՛ Կոմիտասի հիւանդութենէն, թէ՛ մահէն յետոյ: Մեծ մտաւորականը կը հաւաքէ, կը հրապարակէ Կոմիտասի մասին նիւթեր եւ ի վերջոյ ամէն ինչ կ՚ընէ՝ կոմիտասեան նիւթերը Հայաստան բերելու համար: Հոս ալ, արդէն տասնամեակներ շարունակ կ՚ուսումնասիրուին, կը ցուցադրուին, կը հրատարակուին Կոմիտասին նուիրուած ամէն ինչ:
Եզակի այս ցուցահանդէսի կազմակերպման աջակցած են Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզութեան նախարարութիւնը եւ Հայաստանի մօտ Ֆրանսայի դեսպանութիւնը: Չօպանեան ոչ միայն հայ իրականութեան մէջ արժանացած է պատիւներու, այլ նաեւ Ֆրանսան բարձր գնահատած է այդ անվերջ ստեղծագործած եւ արարած մարդու վաստակը եւ ֆրանսական գրականութեան բերած նպաստի համար 1926 թուականին Չօպանեան պարգեւատրուած է Ֆրանսայի ազգային շքանշանով՝ Պատուոյ լեգէոնով: Ցուցահանդէսին նաեւ բարձրագոյն այդ շքանշանը ցուցադրուած է:
Ցուցահանէսը շատ գրաւիչ կը դարձնեն լուսանկարները՝ Չօպանեանի եւ Կոմիտասի համատեղ նկարները, անոնց դիմանկարները եւ վերջինը՝ ամենազդեցիկը՝ Չօպանեան իր խօսքը կ՚արտասանէ Կոմիտաս Վարդապետի հրաժեշտի արարողութեան, Փարիզի մէջ, 1935 թուականին:
Այս ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ մինչեւ տարեվերջ:
ՉՕՊԱՆԵԱՆ ԿՈՄԻՏԱՍԻ ՄԱՍԻՆ
Ինչի մէջ կը կայանայ գործը զոր Կոմիտաս Վարդապետ կատարեց.
1. Կոմիտասի առաջին եւ կարեւորագոյն գործը՝ հայ երաժշտական ոճը վերագտած ըլլալն է:
2. Կոմիտաս Վարդապետ եղաւ առաջին հարազատ հայագոյն դաշնակողը հայ երգին, եւ ատիկա իր կատարած գործին երկրորդ կարեւոր կէտն է:
3. Կոմիտաս Վարդապետ հայ երաժշտական ֆօլքլօրի, նոյնիսկ արեւելեան ֆօլքլօրի բանասէր-հաւաքիչ մըն ալ եղած է, բացի նոր հայ երաժշտութեան մը ռահվիրայի իր մեծ դերէն:
4. Կոմիտաս արտակարգ երգիչ էր, հայ երգին մեր օրով մեծագոյն արտայայտիչը:
5. Կոմիտաս եղաւ հայ երաժշտութեան մեծ փրոփականտիսթը, առաքեալը՝ օտարներուն մօտ եւ Հայոց իսկ համար:
6. Կոմիտաս եղած է խանդավառող ուսուցիչ մը եւ արտակարգ խումբ կազմող ու վարող մը:
7. Կոմիտասի ճոխ անձնաւորութեան մէջ ամենակարեւոր տեղերէն մին կը բռնէ գիտուն ուսումնասիրողը:
8. Կոմիտաս, վերջապէս, ստեղծագործ երաժիշտ էր, եւ ոչ թէ միմիայն հաւաքող ու դաշնակող, ինչպէս ոմանք կը կարծեն:
***
Առաջին օրէն իսկ ուր զինք տեսայ եւ զգացի այդ անսովոր ուժը որ կար իր մէջ, ես անսահման սիրով մը կապուեցայ իրեն եւ այդ սէրս, աւա՜ղ թերեւս անուղղակի պատճառներէն մէկը եղաւ այն տխուր վիճակին, ուր ան այժմ կը գտնուի:
***
Իմ կեանքիս ամենէն հզօր, ամենէն անմոռանալի տպաւորութիւններէն մին կը մնայ միշտ այն, զոր ունեցայ Կոմիտաս Վարդապետը առաջին անգամ տեսած ու լսած օրս:
Կ՚ըմբռնէք ուրեմն որքա՛ն մեծ եղաւ ուրախութիւնս՝ ճանչնալով Կոմիտաս Վարդապետը, այսինքն սպասուած, երազուած մարդը հայկական երաժշտութիւնը վերակազմելու, ինչպէս եւ զայն Եւրոպային ծանօթացնելու համար: Կոմիտաս Վարդապետը որու անունը «Անահիտ»ի մէջ յիշուած է արդէն՝ Պերլինի մէջ տարի մը առաջ իր տուած մէկ արեւելեան նուագահանդէսին առթիւ, այս օրերս Փարիզ եկաւ եւ մեր մատուռին մէջ պատարագի ժամերգութեան մէկ քանի կարեւորագոյն հատուածները երգեց: Յուզումը զոր զգացի իմանալով այդ վեհ ու սրտաբուխ մեղեղիներն ու «Տէր ողորմեայ»ին վսեմ ողբը, երգուած պարզ վճիտ, հզօր, «հայ» ոճով մը, իր արուեստը խորապէս գիտցող ու իր ցեղին գեղեցկագիտական ոգւոյն լիակատար ըմբռնումը ունեցող անձէ մը, կեանքիս ամենէն խորին ու ամենէն քաղցր յուզումներէն մին պիտի մնայ: Իրեն հետ ունեցած մէկ քանի տեսակցութեանցս մէջ, Վարդապետը հաճեցաւ ինծի պարզել իր տեսութիւններն ու այն ծրագիրը, զոր կ՚ուզէ իրագործել եւ ինծի կը թուի որ ինքը այն մարդն է, որ անհրաժեշտ էր որպէսզի հայ երաժշտութիւնը արմատապէս վերանորոգուի իր աղաւաղումէն ու անկումէն եւ որպէսզի ան ծանօթանայ եւրոպացի երաժշտագէտներուն եւ համաշխարհային երաժշտութեան մէջ սկսի գրաւել այն տեղը, որուն արժանի է եւ զոր չունի դեռ:
Այսպիսի ձեռնարկ մը լիովին ի գլուխ հանելու համար անհրաժեշտ են երկու պայմաններ, -եւրոպական երաժշտագիտութեան հիմնական հմտութիւն եւ հայկական երաժշտութեան՝ Հայաստանի հողին վրայ իսկ մանրախոյզ ուսումնասիրութիւն: Կոմիտաս Վարդապետը, որ Պերլինի քոնսերվաթուարէն շրջանաւարտ է ելած եւ պատմական Հայաստանին բոլոր գիւղերը պտըտած է՝ ամենէն հին անկիւններուն ամենէն անշուք խորշերուն մէջ նախկին երգեցողութեան հետքերը փնտռելով պիտի կարենայ այդ գործն ի կատար հանել ամբողջական եւ անթերի ձեւով մը:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան
Ընկերամշակութային
- 11/29/2024