ՀԵԵՄ-Ի ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԸ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, երէկ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ սկսաւ Հայ Եկեղեցւոյ երիտասարդաց միաւորման (ՀԵԵՄ) երրորդ պատգամաւորական ժողովը։ Մայրավանքի «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» Մատենադարանի դահիլիճին մէջ տեղի կ՚ունենայ համագումարը՝ նախագահութեամբ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի։
Համագումարը սկսաւ Տէրունական աղօթքով եւ շարականներով, ինչպէս նաեւ Ս. Գրական ընթերցումներով։ Ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան, որ իննսունինն երիտասարդ պատգամաւորներուն խօսք ուղղելով մասնաւոր անդրադարձ կատարեց ՀԵԵՄ-ի ստանձնած առաքելութեան եւ անցնող շուրջ տասնհինգ տարիներու ընթացքին ապահոված ձեռքբերումներուն։ Ան երիտասարդները անուանեց որպէս նոր ժամանակներու դեսպաններ, որոնք կը շարունակեն Հայ Եկեղեցւոյ առաքելութիւնը։ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան մատնանշեց, որ ՀԵԵՄ նուիրականացուած է այն օրերէն ի վեր, երբ 1700-ամեակի տօնակատարութիւնները սկիզբ առին Հայ Եկեղեցւոյ կեանքին մէջ։ «Անհրաժեշտ է, որ հոգեւոր ու վարչական իմաստով կազմակերպուին, որպէսզի մեր Սուրբ Եկեղեցին մշտապէս ըլլայ կեանք հաղորդող ներկայութիւն մը։ Ձեր հաւատքն ու յոյսը պէտք է հաստատէք Աստուծոյ վրայ։ Սա է մեր պատգամը՝ ուղղուած Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ հայ երիտասարդին։ Հայ Եկեղեցիէն հեռու մնացած իւրաքանչիւր հայ երիտասարդի բացատրեցէք, թէ ի՛նչ նպատակի կը ծառայէ Հայ Եկեղեցին։ Դուք մեր եկեղեցւոյ վաղուան յոյսն էք, բայց որպէսզի ձեր զաւակները օր մը ունենան աղօթքի հաստատուն տուն, ձեզի կը վիճակի ըլլալ Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ վաղուան հոգեւոր ճարտարապետը», ըսաւ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան։
Եռօրեայ ժողովի ընթացքին ՀԵԵՄ-ի ընդհանուր ուղեցոյցի, միջթեմական համագործակցութեան ծրագրերու եւ կառոյցի ապագայ գործունէութեան վերաբերեալ տեղի կ՚ունենան քննարկումներ։
Եկեղեցական
- 11/27/2024