ՕՐԹԱԳԻՒՂԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ԱՐԴԻՒՆՔԸ ՎԱՒԵՐԱՑՈՒԵՑԱՒ
Կը տեղեկանանք, որ Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ընտրութեան արդիւնքը արդէն վաւերացուած է պատկան իշխանութիւններուն կողմէ։ Ինչպէս ծանօթ է, 16 նոյեմբերին տեղի ունեցած էր քուէարկութիւն մը՝ ըստ Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնութիւններու համայնքային վաքըֆներու ընտրութեան նոր կանոնադրութեան։ Իսթանպուլի Բ. ընտրաշրջանին մէջ տեղի ունեցած ընտրութեան արդիւնքով յաջողութեան հասած էր՝ Սարգիս Չեթինքայայի կողմէ գլխաւորուած Կապոյտ ցուցակը։ Այդ օրէն ի վեր կը սպասուէր Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան վաւերացման։ Այսպէս, պատկան մարմինները աւարտին հասցուցած են անհրաժեշտ ընթացակարգը եւ երէկ համապատասխան վաւերացման վկայականները հասած են Օրթագիւղի նորընտիր թաղականներուն, որոնք յառաջիկայ հինգ տարուան ժամանակաշրջանին պիտի ստանձնեն վարչական ղեկը։ Այսպէսով Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ընտրութեան գործընթացը կը համարուի պաշտօնապէս եզրափակուած։
Նորընտիր մատակարար մարմնի կազմին մէջ կը գտնուին՝ Սարգիս Չեթինքայա, Անի Մալաթեալը, Կարպիս Էվեափան, Սեւան Շէշէթեան, Սայաթ Տելիճէ, Ալէն Թեքպըչաք, Արեգ Տոլար, Նուրհան Փեքքիւչիւքեան, Արէտ Բարունակեան, Արման Քոչաք եւ Առէն Կիւնպիլիր։