ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ ԱՇԽԱՐՀԸ ԿԸ ՋԱՆԱՅ ՄԻԱՍՆԱԿԱՆ ԹՈՒԱԿԱՆ ՄԸ ՈՐԴԵԳՐԵԼ՝ ՍՈՒՐԲ ԶԱՏԿԻ ՏՕՆԸ ՆՇԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ
Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի Սուրբ Աթոռի մօտ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ մշտական ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան վերջին օրերուն մասնակցեցաւ Սուրբ Էճիտիօ կաթողիկէ համաշխարհային համայնքի տարեկան հաւաքին, որ տեղի ունեցաւ Հռոմի մէջ։ 1986 թուականէն ի վեր կը կազմակերպուին այս երկխօսութեան հաւաքները, որոնց զուգահեռ տեղի կ՚ունենայ խաղաղութեան համար աղօթք մը։ Անցեալ կիրակի Հռոմի մէջ սկսած այս տարուան հաւաքը եզրափակուեցաւ երէկ՝ համախմբելով զանազան պետութիւններու ղեկավարներ, հոգեւոր առաջնորդներ, քաղաքական յայտնի դէմքեր, մշակոյթի գործիչներ, մտաւորականներ, հասարակական գործիչներ եւ այլն։ Շուրջ յիսուն երկիրներէ Հռոմ մեկնած մասնակիցներուն առընթեր, աշխարհի չորս ծագերէն հազարաւոր մարդիկ հեռավար դրութեամբ հետեւեցան Սուրբ Էճիտիօ միաբանութեան երկխօսութեան տարեկան հաւաքին, որու այս տարուան կարգախօսն էր՝ «Խաղաղութեան ճիչ. կրօններն ու մշակոյթները երկխօսութեան մէջ»։
Հռոմի «Լա Նուվոլա» համագումարներու կեդրոնի համալիրէն ներս տեղի ունեցան ժողովները։ Բացման լիագումար նիստի մասնակիցներու շարքին էին Իտալիոյ նախագահ Սերճիօ Մաթարելլա, Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն եւ այլ յայտնի դէմքեր, նաեւ Սուրբ Էճիտիօ համայնքի հիմնադիր Անտրէա Ռիքարտի։
Բացման լիագումար նիստէն վերջ հաւաքի ծրագիրը գործադրուեցաւ առանձին աշխատանոցներու ձեւաչափին մէջ։ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան ելոյթով մը հանդէս եկաւ երէկուան նիստերէն մէկուն ժամանակ։ Սա ծրագրի ամբողջին մէջ կ՚առանձնանար համաքրիստոնէական նշանակութեամբ։ «Միասնական Զատիկ. այլեւս ո՛չ թէ երազանք, այլ աշխարհը միաւորելու անհրաժեշտութիւն» խորագրեալ այս աշխատանոցին ժամանակ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան ընդգծեց, որ համայն աշխարհ այսօր կլոպալ նոր սպառնալիքներու դէմ յանդիման կը գտնուի՝ վերջին լուրջ հակամարտութիւններուն հետեւանքով։ Այս բոլորին դիմակայելու համար անհրաժեշտ է միասնականութիւն դրսեւորել։ Նորին սրբազնութիւնը զեկուցման մէջ անդրադարձաւ նաեւ էքիւմենիք շարժման՝ մասնաւորապէս մեկնաբանելով 1948 թուականին Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի հիմնադրութեան երեւոյթը։ Արդարեւ, այս կառոյցը կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած է՝ պատմութեամբ, աշխարհագրութեամբ, մշակոյթով եւ վարդապետութեամբ իրարմէ տարբեր եկեղեցիներու միջեւ փոխադարձ յարգանք ապահովելու եւ բաց քաղաքականութեան ու մերձեցման միջավայր ձեւաւորելու առումով։ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան արդի ժամանակներու միջեկեղեցական նուաճումներու շարքին դասեց նաեւ Վատիկանի Բ. ժողովով պայմանաւորուած թարմացման ոգին։ Արդարեւ, այդ ժողովին առնուած որոշումները մէկ կողմէ սկիզբ դրին զգալի վերափոխումներու՝ վարդապետութեան, ծէսի եւ աստուածաբանութեան ոլորտներուն մէջ, իսկ միւս կողմէ եկեղեցւոյ ու ոչ-քրիստոնեաներու առերեսման, առաւել կրօնական ազատութեան ապահովման համար։ Այս բոլորը նոր զարգացում ու որակ մը ապահովեցին միջեկեղեցական յարաբերութիւններու ընդհանուր դրուածքին եւ ընթացքին։
Անդրադառնալով աշխատանոցի բուն նիւթի ներկայացուցած կարեւորութեան՝ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան ընդգծեց, որ Քրիստոսի յարութիւնը քրիստոնեաներու հաւատքի հիմնաքարն է։ Ուստի, Ս. Յարութեան տօնի միասնական, նոյն թուականին տօնախմբումը բացառիկ քայլ մը կ՚ըլլայ՝ յարուցեալ Տիրոջ ներկայութեան մէջ իր հօտի միասնութիւնը իրագործելու տեսակէտէ։ Նորին սրբազնութիւնը այս կէտին վրայ յիշեցուց Կաթոլիկ եւ Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներու երկխօսութեան շրջանակին մէջ առնուած կարգ մը քայլերը՝ Ս. Յարութեան տօնին համար ընդհանուր թուական մը սահմանելու ուղղութեամբ։ Զեկուցման վերջին բաժնին մէջ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան յիշեցուց, որ 2025 թուականին պիտի նշուի Նիկիոյ Տիեզերական ժողովի 1700-ամեակը։ Ուստի, այս յոբելեանը կրնայ լաւագոյն առիթը հանդիսանալ, որպէսզի բոլոր եկեղեցիները կարողանան համաձայնութեան գալ՝ Ս. Զատկի տօնը նոյն թուականին նշելու համար։
Սուրբ Էճիտիօ համայնքի երկխօսութեան հաւաքի ծրագրի գործադրութեան աւարտին, ըստ ձեւաւորուած նախընթացին, տեղի ունեցաւ խաղաղութեան համար աղօթք։ Երէկ, Հռոմի պատմական «Քոլեզիում»ին մէջ տեղի ունեցաւ այս հանդիսաւոր արարողութիւնը՝ Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապի հովանաւորութեամբ եւ համաշխարհային կրօններու ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ։
Միւս կողմէ, Հռոմի Սանթա Մարիա Մաճճէորէ տաճարին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ «Խաղաղութիւն Հայաստանին» խորագրեալ արարողութիւն մը, որուն ներկայ գտնուեցաւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան։ Կաթողիկէ ծէսով մատուցուած Ս. Պատարագ մըն էր այս մէկը, որ ձօնուած էր Հայաստանի եւ Վատիկանի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 30-ամեայ յոբելեանին։ Պատարագիչն էր Վատիկանի Ս. Աթոռի պետական քարտուղար Փիեթրօ Փարոլին, որ խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։ Ներկայ էր նաեւ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեւցոյ Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս-պատրիարքը։ Արարողութեան մասնակցեցան Վատիկանի մօտ Հայաստանի դեսպան Կարէն Նազարեան, Իտալիոյ մօտ Հայաստանի դեսպան Ծովինար Համբարձումեան եւ իր գործակիցները։ «Տէրը Հայաստանը դարձնէ տուն՝ հիմնուած աստուածային իմաստութեան ժայռին վրայ» մաղթանք հնչեց կարտինալ Փարոլինի քարոզին ընթացքին։
Հարկ է նշել, որ Արարատ Միրզոյեան երէկ Վատիկանի մէջ հանդիպում մըն ալ ունեցաւ կարտինալ Փարոլինի հետ։ Ան Սուրբ Աթոռի պետական քարտուղարին ներկայացուց Երեւանի դիրքորոշումները՝ Հարաւային Կովկասէ ներս անվտանգութեան վերաբերեալ։ Միրզոյեան ընդգծեց, որ տարածաշրջանէ ներս խաղաղութեան հաստատման հիմնական խոչընդոտը կը համարուի Ատրպէյճանի առաւելապաշտութիւնը։
Եկեղեցական
- 01/23/2025