ՅԱՋՈՂՈՒԹԵԱՆ ԳԱՂՏՆԻՔԸ
Վերջին մի քանի տարիներու ընթացքին համացանցը լեցուն է «ինչպէ՞ս յաջողիլ», «ինչպէ՞ս հարստանալ», «ինչպէ՞ս բարձրանալ» ու նման հազար ու մէկ մարդոց հետաքրքրութիւնը շարժող խորագրեալ նիւթերով։ Նման նիւթերու հեղինակները ընդհանրապէս կա՛մ յաջողակ մարդիկ եւ կա՛մ յաջողակ երեւիլ ուզող մարդիկ կ՚ըլլան եւ իրենց խօսքերով ու խորհուրդներով կը փորձեն երիտասարդութիւնը այս կամ այն կողմ առաջնորդել՝ յաջողելու եւ հարստանալու խոստումով։
Այս «առաջնորդել»ու սովորութիւնը երիտասարդները յաջողութեան առաջնորդելէ աւելի սեփական ինքնագովութեան եւ ինքնահաստատման կը ծառայէ, որովհետեւ ներկայիս գրեթէ ամէ՛ն մարդ յաջողակ ու հարուստ երեւելու ախտէն կը տառապին՝ նոյնիսկ եթէ իրականութեան մէջ այդպէս չեն։
Նոր սերունդը պէտք է գիտակցի, որ կեանքի մէջ յաջողիլը թուաբանութեան չի նմանիր եւ հետեւաբար կաղապարներու մէջ յաջողութեան գաղտնիք ամփոփելը շինծու կը մնայ։ Կեանքի մէջ յաջողած մարդիկ յաճախ խորհուրդ կու տան, կարծելով որ այնպէս ինչպէս իրենք, նոյնպէս ալ բոլորը ատակ են յաջողելու եւ անոնցմէ շատեր նոյնիսկ կը մեղադրեն անյաջողները ուրիշներու անյաջողութիւնը կեանքի պայմաններուն փոխարէն վերագրելով անձնական ձախողութեան։
Կեանքը հանելուկ մըն է, որովհետեւ կեանքի մէջ յաջողիլը կախեալ է թէ՛ սեփական որոշումներէն եւ թէ՛ կեանքի անակնկալ վերիվայրումներէն եւ այս առեղծուածն է պատճառը, որ նոյն պայմաններու մէջ ապրած ու հասակ առած երկու անհատ տարբեր կարգավիճակ կ՚ունենան։
Կեանքի մէջ յաջողիլը շատերու համար դիւրին, իսկ ուրիշներու համար ամբողջ կեանքի մը անյաջող պայքարն է. շատ մը յաջողակներ կեանքի մէջ յաջողիլը իմաստութեան հետեւանք կը կարծեն, սակայն պէտք է ընդունիլ, որ գոյութիւն չունի այնպիսի աշխարհ, ուր հարուստը խելացի, իսկ աղքատը անմիտ է։ Այսօր բազմաթիւ են անմիտները՝ որոնք հարստութեան ճոխութիւնը կը վայելեն, իսկ անդին բազմաթիւ իմաստուններ կեանքի դժբախտ անարդարութիւնը, որովհետեւ հարստանալու համար իմաստութիւնը մինակը բաւարար չէ՛։
Ա.- Հոգեվիճակ- Կեանքը կը փաստէ, որ գոյութիւն ունին տարբեր տեսակի համոզումներ ու ըմբռնումներ։ Շատեր, որ իրենք կեանքի ընթացքին տառապած, անարդարութեան ենթարկուած ու թշուառ կեանք մը ունեցած են վերջաւորութեան, կա՛մ հարուստ եւ կա՛մ թշուառ կը դառնան, որովհետեւ ամէն մարդու վրայ տարբեր ձեւով կ՚ազդէ այդ անարդար կեանքի դժբախտութիւնը։ Ոմանք այդ անարդարութեան որպէս վրէժ յաղթահարել ուզելով աներեւակայելի յաջողութիւններ կ՚արձանագրեն, իսկ ուրիշներ անցեալի այդ դժբախտ բեռին տակ կքած դէպի անյաջող անդունդ կ՚առաջնորդուին։ Համոզումս է, որ յաջողութեան վրայ մեծապէս ազդեցութիւն ունի մարդու հոգեկան վիճակն ու այդ բոլորը ինչպէս իւրացնելու նրբութիւնը։ Այնպէս ինչպէս աշխատասէր աշակերտ մը, հակառակ լաւապէս դասերը սորված ըլլալուն ճնշուած հոգեկան վիճակով կրնայ ոչ-լաւ արդիւնքներ ձեռք բերել, նոյնպէս ալ կեանքի իմաստուն մարդիկ ոչ-լաւ հոգեկան վիճակով կրնան դժբախտ արդիւնքներ ձեռք բերել։ Այդ հոգեկան աշխարհն է պատճառը, որ շատ մը հարուստներ աղքատութեան կ՚առաջնորդէ։ Յաճախ կը տեսնենք հարուստ մարդ մը եւ կ՚ենթադրենք, թէ «կեանքի մէջ պակաս մը չունի», սակայն հոգեկան ոչ-լաւ վիճակը կու գայ ջնջելու այդ բոլոր «բարիք»ները։
Բ.- Շրջապատ- Մարդու մը յաջողութեան գաղտնիքը իր շրջապատն է եւ այստեղ շրջապատ ըսելով նկատի չունինք յաջող կամ հարուստ մարդոցմով շրջապատուած ըլլալը։ Թէեւ կայ այն կարծիքը, որ յաջողելու ատակ են ա՛յն մարդիկ՝ որոնք շրջապատուած են յաջողակ անձերով, ենթադրելով թէ անոնք առաւել իմաստութեամբ կրնան առաջնորդել իրենց շուրջինները։ Եթէ սերտենք մերօրեայ հարուստներու կեանքը, անոնց շուրջ պիտի գտնենք սիրով ու համերաշխութեամբ ապրող ընտանիք մը։ Իմաստուն մը հանճարեղ գաղափար մը կ՚ունենայ, սակայն իր շրջապատը զինք քաջալերելու փոխարէն յուսախաբութեան կը մատնէ, իսկ անդին անմիտ մը իր անարժէք գաղափարին համար իր շրջապատին աջակցութիւնը կը վայելէ։ Այս ընթացքը մեզ կ՚առաջնորդէ դարձեալ առաջին կէտին, որովհետեւ նման երեւոյթներ հոգեկան բարդ վիճակներ կը ստեղծեն։ Գաղափարին լաւ կամ վատ ըլլալէն աւելի անձի մը յաջողութեան վրայ կ՚ազդէ իր շրջապատին մօտեցումը։ Նոյնն է գրականութեան մէջ. հրաշալի յօդուած մը ստորագրած երիտասարդը դըրական ոչ մէկ բան կրնայ լսել իր գրութեան առընչութեամբ, իսկ անդին անկապ միտքեր միատեղող մը անհաւասար գնահատանք կը ստանայ, ինչ որ զինք կ՚առաջնորդէ աւելի գրելու, իսկ իմաստունին ապրած անտարբերութիւնը՝ չգրելու։
Գ.- Փափաք-գործ- Վստահաբար ամէ՛ն մարդ իր կեանքին մէջ փափաք կ՚ունենայ յաջողելու, սակայն փափաքը մինակը բաւարար չէ հասնելու երազի իրականացումին։ Շատեր կը կարծեն, որ յաջողութիւնը Մանանայի մը պէս երկինքէն կ՚իյնայ (թէեւ այդ ձեւով ալ յաջողութեան հասնողները քիչ չեն մեր շրջապատին մէջ)։ Ֆրանսական առածը կ՚ըսէ. «Ուզելը՝ կարենալ է» եւ կարենալու համար պէտք է ուզել, իսկ ուզելը առանց գործի մուրացկանի մը ողորմութիւն խնդրելէն տարբեր բան մը չէ։
Յաջող թէ ձախող, հարուստ թէ աղքատ նոյն վախճանը պիտի ունենան, հետեւաբար նախընտրելի է մարդը ընդունիլ ու չափել իր հոգեկան ապրումներով՝ քան նիւթականով՝ որ ժամանակաւոր է։
ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -81-
Վերջերս հետեւեցայ ամերիկացի մեծահարուստի մը եւ լրագրողի մը հարցազրոյցին։
Հարցազրոյցի ընթացքին նիւթի մը առընչութեամբ լրագրողը համարձակութիւն ունեցաւ կարծիք եւ միաժամանակ խորհուրդ տալու մեծահարուստին։ Պատասխանը անսպասելի էր. մեծահարուստը խիստ նայուածքով մը լրագրողին ըսաւ. «Դուն իմ ունեցած հարստութեանս չափ հարստութիւն ունի՞ս, որ կը համարձակիս խորհուրդ տալ»։
Մեծահարուստը կը կարծէ, որ եթէ այդ խորհուրդը ճիշդ ըլլար, լրագրողը հարուստ մարդու կարգավիճակ պէտք է ունենայ, իսկ չունենալու պարագային այդ խորհուրդը անիմաստ է արդէն…
Իմաստութիւնը այդպէ՞ս կը չափուի… ցաւ ի սիրտ, շատերու համար այո՛, որովհետեւ նախագահներ անգամ մտաւորականներու հետ երկխօսութիւն ու գաղափարներու փոխանակում ունենալու տեղ կը նախընտրեն հարուստները ընդունիլ… եւ խորհուրդներ լսել։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ