ԱՐՍԷՆ ԱՒԱԳԵԱՆԻ ԱՅՑԸ

Սեւ ծո­վեան տնտե­սա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան կազ­մա­կեր­պու­թեան (ՍԾՏՀԿ) մօտ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան նո­րան­շա­նակ մշտա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Ար­սէն Ա­ւա­գեան նա­խըն­թաց օր այ­ցե­լեց խմբագ­րա­տունս, ուր հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ-ի գլխա­ւոր խմբա­գիր Ա­րա Գօ­չու­նեա­նի կող­մէ։ Ան քա­նի մը շա­բա­թէ ի վեր ար­դէն կը գտնուի իր պաշ­տօ­նին գլու­խը։ Նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ թեր­թիս խմբա­գի­րը վեր­ջին շա­բաթ­նե­րուն կը գտնուէր ար­տա­սահ­մա­նեան ու­ղե­ւո­րու­թիւն­նե­րու մէջ, Ար­սէն Ա­ւա­գեան ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ-ի խմբագ­րա­տու­նը այ­ցե­լեց իր վե­րա­դար­ձէն վերջ։

Հա­ճե­լի զրոյ­ցի ըն­թաց­քին Ա­րա Գօ­չու­նեան ջեր­մօ­րէն ող­ջու­նեց Ար­սէն Ա­ւա­գեա­նի Իս­թան­պուլ վե­րա­դար­ձը։ Ծա­նօթ է, որ ան ՍԾՏՀԿ­-ի մօտ Հա­յաս­տա­նի ա­ռա­ջին մշտա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը ե­ղած էր։ Իր վե­րա­դար­ձէն վերջ Ար­սէն Ա­ւա­գեան Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան մօտ զբա­ղե­ցուց պա­տաս­խա­նա­տու պաշ­տօն­ներ, իսկ վեր­ջին տա­րի­նե­րուն ար­դէն կը գլխա­ւո­րէր սահ­մա­նա­կից եր­կիր­նե­րու վար­չու­թիւ­նը։ Հե­տե­ւա­բար, Ա­րա Գօ­չու­նեան վստա­հու­թիւն յայտ­նեց, թէ ան այդ փոր­ձա­ռու­թիւ­նով ու պա­շա­րով Իս­թան­պու­լի մէջ պի­տի ի­րա­կա­նաց­նէ այս ա­ռա­քե­լու­թեան երկ­րորդ ժամ­կէ­տը։

Իր կար­գին, Ար­սէն Ա­ւա­գեանն ալ դի­տել տուաւ, որ Իս­թան­պու­լի մէջ ամ­բող­ջա­կան ե­ռան­դով պի­տի ի­րա­կա­նաց­նէ իր ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը, միշտ կա­րե­ւո­րե­լով նաեւ հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րուն հետ ջերմ շփում­նե­րու մէջ գտնուի­լը։ Ինչ­պէս ծա­նօթ է, ՍԾՏՀԿ­-ի մօտ Հա­յաս­տա­նի ներ­կա­յա­ցուց­չու­թիւ­նը ուղ­ղա­կիօ­րէն երկ­կող­մա­նի ի­մաս­տով դի­ւա­նա­գի­տա­կան կա­ռոյց մը չէ, սա­կայն ա­ռա­ջին իսկ օ­րէն սկսեալ ձե­ւա­ւո­րուած նա­խըն­թաց­նե­րով ա­նոր գրա­սե­նեա­կը ե­ղած է օ­ղակ մը, որ հնա­րա­ւո­րու­թիւն կ՚ըն­ձե­ռէ մեր հա­մայն­քին բա­ցուե­լու հա­մար դէ­պի Հա­յաս­տան։ Մշա­կու­թա­յին, ըն­կե­րա­յին եւ ե­րի­տա­սար­դա­կան բնա­գա­ւառ­նե­րէ ներս շի­նիչ ու ող­ջու­նե­լի ար­դիւնք­նե­րու ա­ռիթ հան­դի­սա­ցած է ներ­կա­յա­ցուց­չու­թեան գոր­ծու­նէու­թիւ­նը։

Ար­սէն Ա­ւա­գեան մե­զի յայտ­նեց, թէ նոր շրջա­նի ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն­նե­րու հի­ման վրայ պի­տի փոր­ձէ յա­ռա­ջի­կայ շրջա­նին աշ­խոյժ պա­հել կա­պե­րը եւ ա­մէն տե­սա­կէ­տէ ար­դա­րաց­նել ներ­կա­յա­ցուց­չու­թեան գոր­ծու­նէու­թիւ­նը, ՍԾՏՀԿ­-ի հար­թու­թեան վրայ։

Ուս­տի, ան­գամ մը եւս յա­ջո­ղու­թիւն կը մաղ­թենք Ար­սէն Ա­ւա­գեա­նին իր նոր ա­ռա­քե­լու­թեան հա­մար։ 

 

 

 

 

 

Ուրբաթ, Յուլիս 3, 2015