ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ՀՆԴԿԱՍՏԱՆԻ ԿԱՊԵՐՈՒՆ ՄԷՋ ՎԵՐԵԼՔԻ ՍՊԱՍՈՒՄ
«India Narrative» կայքէջը ծաւալուն յօդուածով մը անդրադարձաւ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանի վերջերս Հնդկաստան կատարած այցելութեան։ Այսպէս, կ՚ակնկալուի, որ պաշտպանութեան ոլորտէ ներս երկու երկիրներու համագործակցութիւնը վերելք արձանագրէ։ Սուրէն Պապիկեան Հնդկաստանի Պաշտպանութեան նախարար Շրի Ռաժնաթ Սինկհի հետ հանդիպման ժամանակ ուշադրութիւն կեդրոնացուցած է ռազմական եւ ռազմաթեքնիք համագործակցութիւնը ընդլայնելու հնարաւորութիւններուն վրայ։ Նոյն աղբիւրը մատնանշած է, որ Հայաստանի եւ Հնդկաստանի միջեւ գոյութիւն ունին բազմադարեան կապեր, որոնք աւելի ամուր կը դարձնեն համագործակցութիւնը։
«Քանի որ Թուրքիան եւ Փաքիստանը ամբողջութեամբ կ՚աջակցին Ատրպէյճանին, Հայաստան կը ձգտի ամուր ռազմավարական համագործակցութիւն հաստատել Հնդկաստանի հետ», նշուած է կայքէջի յօդուածին մէջ, ուր յիշեցուած է, որ 2020 թուականին Նիւ Տելհի Երեւանին մատակարարած է զինամթերքի յայտնաբերման չորս ռատար՝ ընդհանուր 40 միլիոն տոլար արժէքով։ Այդ պահէն սկսեալ հայկական կողմը մեծ հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերէ հնդկական նորագոյն ռազմական սարքաւորումներուն նկատմամբ՝ ներառեալ հեռահար հրթիռային համակարգեր, հակահրասայլային կառավարուող հրթիռներ եւ զենիթահրթիռային համակարգեր։ Նոյն աղբիւրը կը յիշեցնէ նաեւ, որ վերջերս հաղորդուած է երկու երկիրներու միջեւ 250 միլիոն տոլար արժէքով զէնքի մատակարարման պայմանագրի մը կնքման մասին։