ՆՈՐ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԻՒՆ

Երէկ, Երեւանի մէջ սկսաւ Համաշխարհային հայկական գագաթաժողովը։ Յետպատերազմեան իրավիճակի մէջ կազմակերպուած այս հաւաքը հերթական նախաձեռնութիւնն է՝ Հայաստան-սփիւռք համագործակցութեան նոր թափ տալու եւ համահայկական հարթութեան վրայ համագործակցութիւնը ամրապնդելու նպատակով։ Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան տեղեկացուց, որ աշխարհի աւելի քան 50 երկրէ շուրջ 600 մասնակից ներգրաւուած է այս գագաթաժողովին։

Բացման հանդիսութեան ընթացքին ելոյթով մը հանդէս եկաւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, որու խօսքով՝ Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւնները խոր փոփոխութիւններու կ՚ենթարկուին։ «Ամենամեծ սխալն է, որ Հայաստան-սփիւռք խօսակցութիւնը սովորաբար կը սկսի, կ՚ընթանայ եւ կ՚աւարտի համազգային հաւանութեան արժանացած ճշմարտութիւններով», ըսաւ Փաշինեան։

Հաւաքի սկիզբին ելոյթ մըն ալ ունեցաւ Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան։ Գագաթաժողովի ծրագիրը կեանքի պիտի կոչուի եռօրեայ աշխատանքի մը ձեւաչափին մէջ։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 29, 2022