ՕՐՏՈՒԻ ՎԵՐՋԻՆ ՀԱՅԵՐՆ ԱԼ ՄԱՀԱՑԱՆ

«Հիւրրիյէթ» օրաթերթը այսօր կը տեղեկացնէ, որ Օրտուի մէջ մահացած են քաղաքի վերջին հայ բնակիչները՝ տքթ. Տիգրան Թորաման (90) եւ քոյրը՝ դեղագործուհի Արտեմ Թորաման (86)։ Թերթը կը գրէ, որ եղբայր ու քոյր Թորամանները մահացած են մէկ օրուան տարբերութեամբ։ Քաղաքի բնակիչներու մեծ համակրանքին առարկայ դարձած Թորամանները յուղարկաւորուած են իրենց հարեւաններուն ջանքերով եւ անոնց մարմինը ամփոփուած է Օրտուի մէջ՝ ըստ իրենց փափաքին։

Նոյն աղբիւրը այս կապակցութեամբ այսօր տեղ տուած է նաեւ Պատրիարքական Աթոռի յայտարարութեան։ Այս առթիւ նշուած է, որ Պատրիարքարանը տեղեակ չէ պահուած Թորամաններու կորուստէն, այլապէս անոնց յուղարկաւորման համար կարելի էր Օրտու ուղարկել հոգեւորական մը։ Մինչ այդ, երէկ, Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ յաւարտ Ս. Պատարագի հոգեհանգստեան աղօթք տեղի ունեցած է նորոգ հանգուցեալ Թորամաններուն համար։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 31, 2022