ՃԱԿԱՏԱԳՐԱԿԱՆ ՇՓՈՒՄՆԵՐ

Այսօր Սոչիի մէջ ժամադրուած են Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ։ Արցախի 44-օրեայ պատերազմին յաջորդած իրավիճակին մէջ այս շփումները ճակատագրական նշանակութիւն ունին Հայաստանի տեսակէտէ, որ լուրջ մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւէ իր ինքնիշխանութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը խնայելու ճանապարհին։ Այս շփումները ճակատագրական են նաեւ այն պատճառով, որ Ուքրայնայի պատերազմի մթնոլորտին մէջ Ռուսաստան-Արեւմուտք մրցակցութիւնը հասած է նաեւ Հարաւային Կովկաս եւ ուղղակիօրէն Հայաստան-Ատրպէյճան միջնորդական ջանքերը կը պայմանաւորեն։ Սոչիի մէջ այսօր Փութին նախ առանձնազրոյցներ կ՚ունենայ Փաշինեանի եւ Ալիեւի հետ, իսկ աւելի վերջ կը սկսի եռակողմանի գագաթաժողովը։ Թէ՛ միջազգային եւ թէ՛ տարածաշրջանային միւս դերակատարներն ալ ուշադրութեամբ կը հետեւին իրադարձութիւններուն։ Հասկնալի է, որ հայկական կողմը շատ բարդ եւ խոցելի կացութեան մատնուած ըլլալով կը մասնակցի այս բանակցութիւններուն։

Սոչիի ժամադրութեան ընդառաջ Երեւան առաջին հերթին Մոսկուային հասցէագրեց յստակ ակնկալութիւններ՝ մինչ Արցախի հայութիւնն ալ երէկ իր ձայնը բարձրացուց՝ Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ կազմակերպուած բազմամարդ հանրահաւաքով, որուն ներկայ էին նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան եւ նախկին նախագահներ՝ Բակօ Սահակեան եւ Արքատի Ղուկասեան։ Սոչիի գագաթաժողովին ընդառաջ դիւանագիտական երթեւեկն ալ բեղուն էր։ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) անդամ երկիրներու ղեկավարները արտահերթ առցանց գագաթաժողով մը գումարեցին։ Թէ՛ Փութին եւ թէ՛ Փաշինեան ելոյթներ ունեցան այս փուլին։ Փաշինեան մասնաւորապէս անդրադարձաւ ՀԱՊԿ-ի արձագանգին շուրջ Հայաստանի ակնկալութիւններուն՝ Ատրպէյճանի կողմէ երկրի ինքնիշխան տարածքին դէմ ոտնձգութիւններու մթնոլորտին մէջ։ Այս գագաթաժողովին առընթեր, Սոչիի ժամադրութեան ընդառաջ Նիկոլ Փաշինեան հայկական կողմի պատգամները հնչեցուց նաեւ՝ Երեւանի մէջ կազմակերպուած Համաշխարհային հայկական գագաթաժողովին եւ իր գլխաւորած Քաղաքացիական պայմանագիր կուսակցութեան շաբաթավերջի հանրագումարի ընթացքին։ Փաշինեան տեղեկացուց, որ պատրաստ է Սոչիի մէջ հաւանութիւն տալ այն փաստաթուղթին, որով Արցախի ռուս խաղաղապահներու գործունէութեան ժամկէտը պիտի երկարաձգուի։ «Կարեւոր է անդրադառնալ այն հարցին, թէ խաղաղապահները ի՛նչ կ՚ընեն Լեռնային Ղարաբաղի մէջ։ Փառուխի դէպքերը չեն մոռցուած։ Ամենաբարձր մակարդակի վրայ եղած է պայմանաւորուածութիւն, թէ այդ խնդիրը պէտք է լուծուի։ Այսինքն՝ Ատրպէյճան պէտք է դուրս գայ ռուս խաղաղապահներու պատասխանատուութեան գօտիէն։ Այդ խոստումը ցարդ չէ կատարուած։ Պէտք է հնչէ պատասխանը՝ Ռուսաստան հետեւողական ու պինդ կը պաշտպանէ՞ իր առաջարկները, թէ ոչ», ըսաւ Փաշինեան եւ աւելցուց, որ բոլոր պետութիւնները, առանց բացառութեան, Լեռնային Ղարաբաղը կը համարեն Ատրպէյճանի մաս։

Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին դէմ կատարուած ոտնձգութիւններու լոյսին տակ Նիկոլ Փաշինեան ըսաւ. «ՀԱՊԿ գոյութիւն չունի։ Հայաստանի սահմանը խախտուած է։ Ռուսաստանի եւ ՀԱՊԿ-ի պարտաւորութիւններու զանգը հնչած է»։ Իր խօսքով՝ բարձր ու յստակ պէտք է արձանագրել, թէ որեւէ պարագայով հայկական պետականութիւնը, ինքնիշխանութիւնն ու անկախութիւնը ոեւէ մէկուն պիտի չզիջեն։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 31, 2022