ԸՍՏ ՔԱՍԻՄԻ՝ ԸՆԵԼԻՔՆԵՐՈՒ ՑԱՆԿԻՆ ԵՒ ՀԱՇԻՒ ԲՌՆԵԼՈՒՆ ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ
«To do list». Ժամանակակից այս արտայայտութիւնը յաճախ կը լսենք եւ կը գործածենք: Ասիկա գերծանրաբեռնուած մեր օրը, օրուայ մեր հեւքը կառավարելու անհրաժեշտ գործիքն է, առանց որու մենք կը վերածուինք քաոսային եւ նեարդային արարածի մը… Բոլորս ունինք ընելիքներու ցուցակ: Ատոնք մէկ օրուայ, մէկ շաբթուայ, մէկ ամսուայ, նոյնիսկ մէկ տարուայ կ՚ըլլան: Այո՛, աւելի գործնական մարդիկ ունին նոյնիսկ մէկ տարուայ ընելիքներու ցանկ, եւ այդ մէկը աւելի հանգիստ կը դարձնէ անոնց կեանքը, միտքը եւ օրը, ձեւով մը կանոնաւոր ընթացք կը նախատեսէ նաեւ գալիք տարուան համար: Շատերս կը սիրենք ընելիքներու ցանկը գրել թուղթի վրայ՝ գրիչով. հինէն եկած պարզ այս եղանակը սիրելի է, մանաւանդ երբ օրուայ աւարտին նոյն գրիչով գիծ կը քաշենք արդէն անցածի, կատարուածի վրայ, նորերը կ՚աւելցնենք կամ ալ կը քիչ մը ոչ քաջալերիչ կը զգանք, երբ որոշ նշումներ մեզի չի յաջողիր իրականացնել: Իսկ երբ ընելիքներու ամբողջ ցանկը օրուայ աւարտին ջնջուած է, կը բարձրանայ մեր տրամադրութիւնը, եռանդը, ինքնագնահատականը եւ յաջորդ օրուան կը տրամադրուինք աւելի նպատակասլաց եւ աշխոյժ: Իրականութեան մէջ ընելիքներու ցանկը մեզի ուրախացնող պզտիկ գործիքներէն է, որ այսօր գոյութիւն ունի մեր կեանքին մէջ: Այդ մէկը նկատի առնելով՝ արհեստագիտութեան ժամանակակից ընկերութիւններ «to do list» անունով բազում առցանց գործիքներ յօրինած եւ ներդրած են մեր խելախօս սարքերու, համակարգիչներու մէջ: Ատոնք արագ կառավարուող յաւելուածներ են, որոնք հնարաւորութիւն կու տան պարբերական յիշեցումներու, լրացումներու, ձայնային կամ գրային ազդանշաններու կերպով հսկել եւ իրականացնել ընելիքները: Սակայն շատերս տակաւին կառչած ենք թուղթ-գրիչի աւանդական եղանակին եւ կը նախընտրենք մտերմիկ թուղթն ու անոր վրայ սահուն հոսող թանաքը: Եթէ արհեստագիտութեան հսկաները այսօր այդպէս կ՚արժեւորեն ընելիքներու ցանկին անհրաժեշտութիւնը եւ նորանոր զարգացումներ կու տան այդ գործիքին, ապա մեր մտածող նախնիք եւ մտաւորականներ շատոնց կարեւորած են այդ մէկը եւ առանց ատոր չեն պատկերացուցած իրենց կեանքը: Աւելին, մեր մեծերը նոյնիսկ հաշիւի տետրակներ ունեցած են, որոնց մէջ գրած են օրուայ, ամսուայ, տարուայ ծախսերը, հաշիւները, վճարումները, մուտքերն ու ելքերը: Այսօր նոյնպէս, շատեր, ընելիքներու ցանկին քով ունին հաշիւներու տետրակներ, որոնց մէջ տեւական նշումներ կը կատարեն: Բայց կան մարդիկ նաեւ, որոնք ո՛չ այս ունին, ո՛չ ալ՝ միւսը, եւ իրենց օրը կը սկսին եւ կ՚աւարտին ինքնահոսով, ինչպէս որ պատահի, կամ ալ վստահելով իրենց բնազդին, յիշողութեան…
ԺԱՄԱՆԱԿ թերթի հիմնադիրներէն Քասիմ (Միսաք Գօչունեան) 1907 թուականին Պոլիս տպուած իր «Տունէն ներս» գիրքին մէջ հետաքրքրական նիւթ մը ներառած է «ընելիքներու ցուցակ» եւ «հաշիւի տետրակ» հասկացութիւններու մասին, զանոնք նկատելով մարդը ձեւաւորող, ժամանակը կառավարող եւ կեանքը զարգացնող ըմբռնումներ: Այսօր հնչեղ անուն ունեցող «to do list» հասկացութիւնը Քասիմ այդ ժամանակ կոչած է գեղարուեստական անունով՝ յուշատետր, իսկ հաշիւի տետրակը՝ կանոնաւոր տոմար: Այսօր, երբ կեանքը նիւթական, հոգեբանական, ֆիզիքական եւ հազար ու մէկ ճնշումներու առջեւ դրած է մարդը, որքա՜ն այժմէական է Քասիմի այս գրութիւնը, որ արխիւէն հանելով, կը թուայնացնենք մեր ընթերցողներուն համար: Չի բացառուիր, որ ընելիքներու ցուցակ կազմելու սովորութիւն չունեցող կամ հաշիւի տետրակ չբռնող մարդիկ, այս գրութիւնը կարդալէ ետք, անմիջապէս որոշեն ունենալ այդ կախարդական ու հրաշալի հնարքները, որոնք դէպի լաւը կը փոխեն իրենց կեանքը:
ԿԱՆՈՆԱՒՈՐ ՏՈՄԱՐ, ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ
ՔԱՍԻՄ
Գրպանի յուշատետը մը ունի՞ք: Եթէ ասանկ տետրակ մը չունիք ու ձեր ամբողջ գործառնութիւնները հոն չէք նշանակեր, հաւատացէք որ շատ յետամնաց մարդ էք ու բնաւ իրաւունք չունիք գանգատելու, թէ ինչո՞ւ չէք առաջդիմեր: Իրաւ է որ առաջին ակնարկով շատ աննշան բան կ՚երեւայ յուշատետր մը եւ սակայն անիկա կանոնաւորութեան կը մղէ մարդը, որ ամբողջ ըրածին ու ընելիքին գիտակցութիւնը կ՚ունենայ, բնաւ բան մը չի մոռնար եւ ժամանակը խնայողութեամբ գործածելով կրնայ օգտակարապէս շահագործել զայն:
Շատեր իրենց սուր յիշողութեան վստահած, կարեւորութիւն չեն տար արձանագրութեան խնդիրին ու երբ գործերը իրարու վրայ դիզուին, իրարանցումն ու խուճապը կը պաշարէ զիրենք եւ այս թոհ ու բոհին մէջ բնականաբար մոռացութեան կը մատնուին ամենէն կարեւոր գործառնութիւններն իսկ. մինչդեռ պարզ արձանագրութիւն մը, համեստ երկտող մը բաւական պիտի ըլլար առաջին ակնարկով դասաւորելու այն օրուան աշխատութիւնները, որչափ ալ ծանր ու բազմակողմանի ըլլային անոնք:
Ժամանակի խնայողութիւն եւ կանոնաւոր աշխատութիւն. այս է օրուան պահանջը, քանի որ հրապարակի ընդհանուը գործերը ելած են իրենց երբեմնի պարզութեան շրջանակէն ու հիմա այնչափ կնճռոտ մանրամասնութիւններով բարդուած, որոնց ամբողջութիւնը մարդկային յիշողութեան վստահիլ պարզապէս միամտութիւն պիտի ըլլար:
Ալ հին ձեւին մէջ չէ վաճառականութիւնը, երբ մարդ պապենական աւանդութիւն մը շարունակելով ապրանքի մէկ քանի հանրածանօթ տեսակներու վրայ գործառնութիւն կ՚ընէր, նոյնքան ծանօթ յաճախորդներու միայն ծախելով. ո՛չ ալ փաստաբանութիւնը, բժշկութիւնը, ուսուցչութիւնը իրենց նախնական տարազին մէջ կը մրափեն. կեանք մը, եռեւեփ մը, ոգեւորութիւն մը պատած է զբաղումի իւրաքանչիւր ճիւղը, ուր մարդ հազիւ միշտ արթուն մնալով, ամէն դիւրութիւններէ օգտուելով կրնայ իր գոյութիւնը անվհատ ապահովել: Եւ ասանկ արթուն մրցակիցներու մէջ, երբ մէկը դեռ հին թմբուկը կը զարնէ, ուրիշներու փորձառութենէն չ՚օգտուիր, ընդունուած գործնական օրէնքները հաւատարմութեամբ չի գործադրեր, ինչպէ՞ս կը յաւակնի գլել իր արհեստակիցներն ու մրցակիցները:
Շատ անգամ, երբ գործատեղի մը մտնէք, վայրագ յանդիմանութիւններու եւ դժոխային պոռչտուքներու կը հանդիպիք, որոնք գործին տնօրէնին կողմէ կ՚ուղղուին ստորադասեալներուն, յաճախ այսինչ կամ այնինչ մոռացումին առթիւ. այդ յանդիմանութիւնները, նախատական հայհուչները սակայն ուղղակի գործին տիրոջը կը պատկանին, որ յուշատետրին վրայ վայրկենաբար չ՚արձանագրեր տալիք հրահանգները ու աւերիչ մոռացութեան տեղի ունենալէն ետք կը սկսի ապարդիւն պոռչտուքներու:
Կանոնաւորութիւնը յարգող, ժամանակը խնայող, գործը ճշդապահութեամբ վարել ուզող տնօրէն մը, ուրիշին չի վստահիր արձանագրութեան խնդիրը, կարդացած նամակներուն տրուելիք պատասխանները, որոշուած ժամադրութիւնները, գործադրուելիք նորութիւնները, ղրկուելիք ապրանքները, գանձուելիքները, վճարուելիքները եւ վերջապես ի՛նչ բան որ շահեկանութիւն ունի գործին համար, վայրկենաբար կը նշանակէ գրպանի կամ ձեռքի յուշատետրին մէջ, ու օրը գոնէ երեք չորս անգամ զայն աչքէ անցընելէ ետք, փոսթային նամակ յանձնուելու եւ կամ իրիկուան՝ գործատեղիին գոցուելու ժամանակներուն ալ մասնաւոր պարտականութեամբ մը կը զննէ զայն, որպէսզի մոռացութիւն մը չպատահի: Այսչափ խնամով՝ խելքով կառավարուած գործ մը բնական է որ ժամացոյցի կանոնաւորութեամբ կ՚ընթանայ. ո՛չ աղմուկ, ո՛չ կռիւ, ո՛չ իրարանցում տեղի կ՚ունենայ գործատեղիին մէջ եւ յաճախորդներուն ամէնքն ալ գոհ կը մնան անթերի ճշդապահութենէն:
Մնաց որ կանոնաւոր արձանագրութիւններուն ու յուշատետրերուն չափ ալ անհրաժեշտ են կանոնաւոր ու համոզիչ տոմարները եւս: Չի գիտցուիր թէ ի՞նչ յիմար մոլութիւն է այս որ շատ մը գործատեղիներու մէջ իսկ, դեռ թռուցիկ թուղթի կտորներու վրայ կը գրեն առժամանակեայ գործառնութիւնները, վերջնական հանգամանք ստանալէ ետք միայն զանոնք ձեռատետրին մէջ անցընելու համար: Ասկէ անհաշիւ, ասկէ վնասակար խնայողութիւն մը ու անհոգութիւն մը չի կրնար ըլլալ. ամբողջ տոմարներուն հիմը այս նախնական գործողութիւնն է, ինչո՞ւ զայն ոչնչանալու դատապարտուած թուղթի մը բախտին յանձնել, երբ վէճի կամ առարկութեան մը պարագային կրնայ իր անեղծ ու բնական արձանագրութեամբ ամենէն համոզիչ փաստը ներկայացնել: Պէտք է ամենէն տոկուն ու ամենէն անեղծ տոմարները յատկացնել այս գրուելու ու աւրուելու սահմանուած նախնական գործողութեան համար, ուր իբր անպէտ նշանակուած մանրամասնութիւնները շատ անգամ ամենամեծ վնասներէ կը փրկեն գործի մարդը: Նոյնիսկ հաշիւներն ալ հասարակ թռուցիկ թուղթերու վրայ ընելը անխոհեմութիւն է. պէտք է տոկուն կազմով տոմարներ ունենալ ու ամէն օր թուական դնելով էջերուն վրայ, կարգով այն տոմարներուն մէջ ընել ամենէն աննշան հաշիւն իսկ, զոր օրինակ 125 մեթր պասման 2 ղրուշէն քանի՞ կ՚ընէ եւ այլն, եւ այլն:
Հոգ չէ. տարեկան մէկ քանի ոսկիի տետրակ գործածելը ազդեցութիւն չի կրնար ընել գործի մը ճակատագրին վրայ, որչափ մոռցուած, կորսուած, կամ անստոյգ մնացած հաշիւ մը:
Ոչնչանալու յատկացուած թուղթեր պէտք չէ գտնուին գործատեղիի մը մէջ, ամէն գործառնութիւն իր որոշ տեղը ունենալու է եւ ամէն գրուած թուղթ անեղծօրէն պահուելու է, ճիշդ ոսկեզօծ մայր տոմարներուն պէս: Կանոնաւորութեան այս սկզբունքը հակակշռի անզուգական կռուան մը ըլլալէ զատ, զեղծումին ալ առաջքը կրնայ առնել, որովհետեւ զեղծանողները յաճախ գործին սկզբնաւորութեան պահուն չէ որ կը մեղանչեն, այլ ժամանակը կ՚արծարծէ անոնց մէջ արծաթամոլութեան ոգին ու ետքը կը փորձուին եղծանել նախնական արձանագրութիւնը ու անկէ ո՛եւէ միջոցով բան մը խորհելով երկրորդ մը գրել: Արդ՝ երբ տոմարները պատռել անկարելի ըլլայ եւ ամէն հաշիւ հաստատակազմ ու թուագրուած տետրակի մէջ գրել սովորութիւն դառնայ, մասամբ առաջքը կ՚առնուի հաւանական զեղծումներուն:
Եւ սակայն նախնական գործառնութիւններն ու հաշիւի թիւերը թռուցիկ թուղթի վրայ գրելը մինչեւ մէկ աստիճան ներելի կարելի է համարիլ, երբ նկատողութեան առնենք, թէ դեռ կտոր կտոր թուղթի վրայ հաշիւ գրելով պահողներ կան: Ասկէ ետք ալ պիտի շարունակուի՞ արդեօք տետրակի խնայողութիւն ընելու այն յիմար սկզբունքը, որմէ տոգորուած էին մեր գործի մարդերէ շատեր: Քանի՜ քանի՜ առեւտրական տուներ քանդուած են կանոնաւոր տոմարներու չգոյութեան երեսէն, քանի՜ քանի՜ ընտանիքներ իրարու հետ տարիներով դատի բռնուած են համոզիչ տետրակ մը չգտնելով մէջտեղը: Հապա ժառանգական խնդիրնե՜րը, անոնց մեծ մասին հիմը անկանոն տոմարներ եղած են. մարդը կենդանութեան ժամանակ յիսուն հազար ոսկինոց հարուստ մը նկատուած է ժողովրդային չափազանցութեամբ, մեռնելէ ետք հազիւ այդ գումարին մէկ հինգերորդը գտնուած է եւ ժառանգորդներ են անոնք, որոնք այնչափ առիթ չեն ունեցած մօտէն ճանչնալու հանգուցեալը, կարծելով որ անոր զաւակը կամ քովը գտնուող մէկը մեռնելէն անմիջապէս ետքը դրամները իւրացուցած է, սկսած են խիստ դատավարութեան մը, միշտ զրկուած նկատելով զիրենք, մինչդեռ իրականութեան մէջ գուցէ հանգուցեալին իսկական հարստութիւնն է ներկայացուածը. բայց քանի որ համոզիչ տոմար մը չկայ մէջտեղը, ոչ ոք ուզած է հաւատալ յուսախաբութեան, ու դատավարութիւնները շարունակուած են մինչեւ որ ամբողջութեամբ փճացած է երկու կողմին ալ հարստութիւնը:
Առասպելներ չեն ասոնք, ո՛չ ալ մտացածին պատմութիւններ, հարիւրաւոր թարմ օրինակներ կրնաք յիշել ամէնքդ ալ, որոնց սակայն առաջքը առնել խիստ դիւրին էր, կազմուած, հաստատ տոմարի մը մէջ օրը օրին արձանագրելով ամէն գործառնութիւն, մէկ երեսին մէջ նշանակելով նաեւ իւրաքանչիւր տարւոյ հաշուեկշիռը՝ ուր յստակ կերպով պիտի փայլէր մնացած հարստութեան արժէքը եւ ոչ ոք իրաւունք պիտի ունենար իր ժառանգակիցը ամբաստանելու եւ զայն տարապարհակ դատավարութեան մը մղելու:
Հասարակ անհատները, փոքրիկ խանութպանները ու մեծ գործառնութիւն չունեցողներն իսկ կրնան կանոնաւոր տոմար մը ունենալ ու հոն արձանագրել իրենց համեստ վաստակն ու ծախսը ամենայն մանրամասնութեամբ, ասիկա ժամանակի սպառում մը չէ իրենց համար, ընդհակառակը կանոնաւորութեան վարժուելու նախաքայլ մըն է, որ կը ստիպէ զինքը աչքի առջեւ բերել անցած տարիներու հաշիւները ու քննել, թէ տարուէ տարի ի՞նչ գոյն առնելու վրայ է իր գործը, թէ ինչո՞ւ կը յառաջդիմէ կամ կը յետադիմէ եւ կամ ի՞նչ միջոցներ գործադրելու է աւելի առաջանալու համար: Անփորձներ՝ գուցէ չափազանցութիւն նկատեն արձանագրութեան ու կանոնաւոր տոմարի առաւելութիւններու նկատմամբ մեր այս գրածները, բայց երբ փորձ մը ընեն, երբ տոմար մը ունենան ու ճշդապահութեամբ հոն արձանագրեն ամէն ծախս ու շահ, տարի մը ետք հիմակուան անհոգ ու անհաշիւ մարդը պիտի չըլլան, անանկ երկու հարիւր ոսկինոց խանութի մը մէջ նստելով իրիկուան 10 դահեկան գարեջուրի դրամ պիտի չտան, իրենց ուշադրութիւնը միշտ ելեւմտացոյցի կանոնաւորութեան պիտի նուիրեն եւ անզգալաբար գործնական մարդ մը պիտի դառնան:
Սա՛ բացայայտ կերպով պէտք է գիտնալ, որ մտածող մարդը անպատճառ խեղճ չի մնար, հոն կ՚իյնայ, հոս կ՚իյնայ, գլուխը քարէ քար կը զարնէ, վերջապէս օր մը քիչ, օր մը շատ, աստիճանաբար գործ մը, ապրուստ մը, ապագայ մը կ՚ապահովէ իրեն. վա՜յ եկած է անհոգ, անհաշիւ մարդուն գլխուն, աշխատութեան, յոյսի, քաջալերութեան որդը հետզհետէ կը մեռնի անոր մէջ ու յետադիմելով յետադիմելով վերջապէս կ՚իյնայ դժբախտութեան ճիրաններուն մէջ: Կանոնաւոր տոմարը սա առաւելութինը ունի, որ հաշուել կը սորվեցնէ մարդուս, ամէն օր աչացը առջեւ պատկերացնել կու տայ դրամական վիճակը եւ կը ստիպէ, որ աւելին ձեռք բերելու ձգտի:
Ոմանք կը զարմանան, թէ ինչպէ՞ս կ՚ըլլայ, որ իրենցմէ նուազ դրամ շահող անձինք տուն տեղ կը գնեն, կը հարստանան, մինչդեռ իրենք հազիւ օրը օրին կրնան ապրիլ: Զարմանալու բան չկայ ասոր մէջ, իրենք հաշիւ չունին, չեն գիտեր թէ ինչ կ՚ընեն. մինչդեռ միւսները ելմտացուց մը գծած են ու անկէ դուրս չեն ելլեր:
Սիրելի բարեկամնե՛րս, պզտիկ ժամանակի մը համար փորձեցէք գրել ձեր ծախսերը եւ ամիս մը երկու ամիս ետք որոճացէք անոր վրայ. որչափ աւելորդ անհարկի շռայլութիւններ պիտի գտնէք անոնց մէջ. այն փոքրիկ վճարումները, տասը, քսան, քառասուն փարան զորս առանց հաշիւի առնելու կը ծախսէիք, պիտի տեսնէք որ ամսական մէկ երկու ոսկի խլեր են ձեր վտիտ քսակէն, եւ այն մարդը, որուն հարստանալու գաղտնիքը անծանօթ կը մնար ձեզի, ճիշդ այդ մանր ծախքերը չընելով է որ գնած է տուները ու աւելցուցած է հարստութիւնը:
Ո՞րն է տրամաբանականը. կոյր զկուրայն երթա՞լը, խաւարի մէջ խարխափե՞լը, թէ՞ լոյս աչքով, գիտակցութեամբ ընթանալը: Տնտեսագէտ մը՝ անշուշտ զայրացած՝ անհաշիւ մարդոց ստուար թիւէ մը «Հաշիւով վնաս ընելը, առանց հաշիւ ունենալու շահելէն նախադասելի է» ըսած է եւ իր այս սկզբունքը փաստաբանած է սա արդար հիման վրայ, թէ հաշիւ չունեցող մարդը երբ գործին խաբուսիկ պատրանքէն շլանալով վաստակ ըրած ըլլալ կը կարծէ, շռայլօրէն կը ծախսէ, չի գիտեր թէ միւս կողմէն անոր կրկնապատիկը կորսնցուցած է չգիտցած տեղէ մը. մինչդեռ հաշիւ ունեցող մարդը վնասելու պատահականութեան առջեւ անմիջապէս կ՚ամփոփէ իր ուժերը ու չարիքին առաջքը առնելու միջոցներուն վրայ կը խորհի:
Թող ներուի մեզ երբ այսչափ երկարօրէն կը գրենք պարզ յուշատետր մը եւ հաշիւ մը ունենալու կէտին վրայ. ասոնք մարդկային կատարելութեան անհրաժեշտ տարրերէն են եւ դժբախտաբար գիտենք, որ բարձի թողի եղած են մեզմէ շատերուն կողմէ: Առաջդիմելու, դարուս պահանջին համեմատ կեանք վարելու համար անհրաժեշտ է ունենալ այս երկու նախնական պէտքերը՝ յուշատետրն ու տոմարը, որոնք մարդս առաջնորդող ղեկերն են ընկերային կեանքին մէջ:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Ընկերամշակութային
- 11/29/2024