ԳՆԱԼԸԻ ԲԱՐՁՈՒՆՔԷՆ…

Ամէն անոնք, որոնք բնական տեսարաններու գեղեցկութիւններէն ազդուելու ընդունակ հոգի մը ունին եւ անոնք կը միացնեն իրենց յիշատակներուն հետ, վստահ ենք որ «Գնալը կղզիի բարձունքը» իրենց համար մեծ արժէք մը կը ներկայացնէ։ Բարձունք մը՝ որ բնական տեսարանի մը գեղեցկութենէն շատ աւելին է, բարձունք մը՝ որ իր մէջ կը պարունակէ ամբողջ կեանք մը, աշխարհի մէջ աշխա՜րհ մը։

Կը յիշենք հոն՝ արեւը արեւմտեան հորիզոնին մօտեցած յստակօրէն կը պատկերացնէր հանդիպակաց կղզիներու բլրակները իրենց բոլոր սիրուն եւ յափշտակիչ մանրամասնութիւններով։ Այն կղզիները, որոնք Մարմարայի կապուտակ եւ ծիծաղկոտ ջուրերէն վեր բարձրացած՝ տեսարանին կու տան սիրալիր եւ խորհրդաւոր երեւոյթ մը։ Աւելի հեռուն, լեռներ իրարու ետեւէն կը բարձրանան ամբարտակներու՝ թումբերու պէս։ Միւս կողմը ժպտուն Վոսփորը անմեղ կեանքը կը ներկայացնէ… եւ աւելի հեռուն Պոլիսը՝ իր հեռաւորագոյն արուարձաններով, իրիկնամուտին հետզհետէ թանձրացող մշուշին տակ կիսովին քօղարկուած պատկերի մը խորհրդաւորութիւնը կը ներկայացնէ։

Կեա՛նք մը կ՚արժէր Գնալըի բարձունքէն աշխարհը դիտել… իրա՜ւ ի՞նչ է կեանքը։ Օննիկ Ֆըչըճեան իր մէկ բանաստեղծութեան մէջ կ՚ըսէր. «Կեանքը՝ երկու թուականներու միջեւ ժամանակամիջոց մըն է…»։

Մարդը՝ մանուկ, մարդը՝ պատանի, մարդը՝ երիտասարդ եւ մարդը՝ տարեց։ Գնալըի բարձունքէն դիտել մանուկ, պատանի, երիտասարդ եւ տարեց տարիքներուն՝ մարդիկ կը փոխուին բայց տեսարանը միշտ նո՛յնը։ Ո՜վ գիտէ տակաւին ի՜նչ մանուկներ, պատանիներ, երիտասարդներ եւ տարեցներ կը դիտեն եւ պիտի դիտեն տակաւին այս գեղեցիկ եւ հրապուրիչ տեսարանը։ Արդարեւ, տեղերը աւելի կը գեղեցկանան եւ աւելի հրապուրիչ կը դառնան հոն բնակողներու միջոցով, ուստի եթէ տեսարանները չեն փոխուիր, բայց կը փոխուին զանոնք դիտողներու տրամադրութիւնները։ Մարդ երջանիկ կ՚ըլլայ իր շրջավայրէն բայց աւելի եւս իր շուրջիններէն, իր ընտանիքէն, իր բարեկամներէն։ Գեղեցկութիւնը յարաբերական է…

Գնալըի բարձունքէն, հազիւ քանի մը հարիւր մեթր բարձր, մեր առջեւ պարզուող բազմազան գեղեցկութիւններու համադրութիւնը, Պոլիսը կը դնէ Եւրոպայի ամենէն համբաւաւոր բնական տեսարանները ունեցող երկիրներու շարքին վրայ, եւ թերեւս անոնցմէ ալ վե՛ր։

Անշուշտ կ՚ըլլան, եղած են եւ պիտի ըլլան միշտ այս գեղեցկութիւններուն անտարբեր մարդիկ, բայց անոնց անտարբերութիւնը երբեք պիտի չփոխէ այդ գեղեցկութիւնները։

Արդեօք ա՞յնքան վարժուած են, եւ սովորական դարձած այս հմայիչ տեսարանը, թէ կարգ մը «աղքատ հոգի»ներու պէս իրենցն ալ անընդունակ է այս անզուգական գեղեցկութիւններէն տպաւորուելու։ Եւ գուցէ շատեր որ այս բարձունքը կը մագլցին, կը հրապուրուին լոկ անոր հովէն եւ զովութենէն կամ ուտել ու խմելու հաճոյքէն, եւ ոչ թէ կու գան հոն մղիչ զօրութենէն հոգիին, որ անսովոր գեղեցկութիւններու համար կը ծարաւի եւ կ՚անօթենայ։

Այս բարձունքին վրայ, մեր գլխուն վերեւ, յաճախ ճայ մը կը թռչի, կարծես կը մասնակցի ուրախութեան։ Ճային թեւերը խորհիլ կու տան մեզի այն հոգիներուն վրայ, որոնք թէեւ բարձրանալու թեւեր ունին, բայց կը նմանին այն ընտանի թեւաւորներուն՝ որոնք չեն կրնար բարձրերը թռչիլ։ Անգործութիւնը, թուլութիւնը տկարացուցած կը թուի անոնց ուժը հետզհետէ եւ անոնք այլեւս անկարող են իրենց պաշտօնը կատարել։ Եւ իրենց թեւերը, որոնք արծիւին կամ բազէին թեւերուն նման օդին անհունութիւնը օգտագործելով անոր մէջ ճախրելու համար տրուած են իրենց, հիմա գրեթէ ամուլ եւ անօգուտ են։

Առանց թեւի ալ շատ դիւրաւ պիտի կրնային ապրիլ։ Մարդուն հոգիին թեւերն ալ, որոնք գեղեցկութիւններու եւ վսեմութիւններու մէջ սաւառնելու համար տրուած են, յաճախ ամլութեան եւ անգործութեան հետեւանքով կը կորսնցնեն իրենց թափն ու սլաքը, եւ տափակութիւններուն, նիւթի եւ մետաղի հետ կապուելով կ՚այլասերին եւ անընդունակ կ՚ընեն մեզ ճախրելու եւ սլանալու։ Ուստի այս թեւերը պէտք չէ ուժաթափ ընել։

Ահաւասի՛կ, Գնալըի բարձունքը իր գեղեցկատեսիլ տեսարաններու մէջ ինչե՜ր կը թելադրէ մեզի. երբ կը նայինք ճայերուն, անոնց թեւերը ունենալ՝ թռչիլ դէպի ուրիշ հորիզոն, ուր արեւը կը պատրաստուի հեռանալ դէպի ուրիշ հորիզոններ, դարձեալ վերադառնալու խոստումով։ Ա՛յս է բնութեան օրէնքը. անցեալին մէջ ապրիլ, ապրիլ հոն՝ ուր բարձունքներէն գեղեցկութիւններ դիտած էք։ Հիմա այդ տեսարանները փոխուած չե՛ն, բայց դիտողները մեծ մասամբ փոխուած են, չէք գիտեր որ դեռ ո՞վքեր պիտի դիտեն, պիտի ոգեւորուին եւ պիտի մտածեն գեղեցկութիւններու, հիանալի՜ ներդաշնակութիւններու, համաչափութիւններու եւ բնութեան հրաշալիքներու վրայ։

Կ՚արժէ ապրիլ այդ գեղեցկութիւնները Գնալըի բարձունքէն…։

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Հոկտեմբեր 14 2022, Իսթանպուլ

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 31, 2022