ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՓԱՇԻՆԵԱՆ ԹԵՀՐԱՆԻ ՄԷՋ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան աշխատանքային այցելութեամբ մեկնեցաւ Թեհրան։ Սոչիի երէկուան եռակողմանի գագաթաժողովէն անմիջապէս վերջ ան ուղղուեցաւ Թեհրան, ուր կը հիւրընկալուի Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիի կողմէ։

Փաշինեանի այցելութեան ընդառաջ հեռախօսազրոյց մը տեղի ունեցաւ Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ամիր Ապտուլլահիանի եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի միջեւ։ Ապտուլլահիան մերժելի նկատեց տարածաշրջանէ ներս օտար ուժերու ներկայութիւնը՝ նշելով, որ սա աւելի կը բարդացնէ իրավիճակը։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 1, 2022