ԲԱԶԷԻ ԳԻՐՔԵՐՈՒՆ ՇՆՈՐՀԱՆԴԷՍԸ

Սփիւռքահայ յայտնի լուսանկարիչ Բազէ այս շրջանին հրատարակած է երկու գիրք։ Ան հայկական սրբավայրերու՝ արդի ժամանակներու հիմնական վաւերագրողներէն մին է։ «Հայրենիք»ի հաղորդումներով, վերջերս Նիւ Եորքի մէջ տեղի ունեցաւ լուսանկարիչ Հրայր Բազէ Խաչերեանի վերջին երկու գիրքերուն շնորհանդէսը։ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ համալիրէն ներս կազմակերպուած էր ձեռնարկը։ Բազէի նոր գիրքերը կը կոչուին «Artsakh: The Photographer's Eye» եւ «Armenia Heaven on Earth»։

Ան լուսանկարած է Հայաստանի, Արցախի, Խրիմի, Իրանի, Լիբանանի, Վրաստանի, Թուրքիոյ եւ Սուրբ Երկրի մէջ հայկական սրբավայրեր։ Գինեձօնի ընթացքին ան անդրադարձաւ իր բազմաթիւ ճամբորդութիւններուն, որոնք իրականացուցած է վերջին երեք տասնամեակին։ Ձեռնարկի մասնակիցներուն հետ ան բաժնեց իր լուսանկարներուն, հայ մշակոյթին ու ժառանգութեան վերաբերեալ ուրոյն տեսակէտները։

Գիրքերու ներկայացումէն վերջ, հեղինակ լուսանկարիչը զանոնք մակագրեց ներկաներուն համար։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 2, 2022