ԷՐՏՈՂԱՆ ՀԵՌԱՁԱՅՆՈՎ ԽՕՍԵՑԱՒ ՓՈՒԹԻՆԻ ԵՒ ՇՈԼՑԻ ՀԵՏ
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլցի հետ։ Կը հաղորդուի, որ Էրտողանի հետ զրուցելու ընթացքին Փութին անդրադարձած է՝ նախօրէին Սոչիի մէջ իր տանտիրութեամբ ու միջնորդութեամբ՝ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի մասնակցութեամբ կազմակերպուած եռակողմանի գագաթաժողովին։
Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Էրտողան Փութինի հետ քննարկեց հացահատիկի տեղափոխման ծրագրին վերաբերեալ հարցեր։ Շոլցի հետ զրոյցի ընթացքին ալ Էրտողան փափաք յայտնեց, որ Գերմանիա վերադառնայ իր անաչառ դիրքորոշման՝ Թուրքիա-Յունաստան յարաբերութիւններուն շուրջ։ Անոնք անդրադարձան նաեւ Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմի վերջին իրադարձութիւններուն։
Միւս կողմէ, Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուն ալ երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ։ Անոնք կարծիքի փոխանակումներ ունեցան Հարաւային Կովկասի վերջին իրադարձութիւններուն շուրջ։ Չավուշօղլու եւ Լաւրով անդրադարձան նաեւ Հարաւային Կովկասի համար նախատեսուած՝ «3+3» ձեւաչափով տարածաշրջանային համագործակցութեան հարթակի շրջանակներէն ներս յաջորդ հանդիպման պատրաստման։