ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ՕՐԱԿԱՐԳ
Հայաստանի կառավարութեան նախաձեռնութեամբ նախընթաց օր Երեւանի մէջ կազմակերպուեցաւ «Տնտեսական օրակարգ» խորագրեալ համաժողով մը, որու բացումին ելոյթով մը հանդէս եկաւ Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան։ Հեռուստալրագրող Արտակ Ալեքսանեանի հանդիսավարութեամբ տեղի ունեցած բացման նիստի միւս ատենախօսներն էին նախարարներ՝ Վաչէ Գաբրիէլեան եւ Կարէն Ճշմարիտեան։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, իր ելոյթին մէջ Յովիկ Աբրահամեան նշեց, թէ աշխարհի վրայ որեւէ տնտեսութիւն չէ վերականգնուած յոռետեսութեամբ։ Վերջին շրջանին կառավարութեան գործունէութեան եւ երկրէն ներս իրականացուող տնտեսական քաղաքականութեան նկատմամբ հիմնական երկու միտում կը նկատուի։ Առաջինը յոռետեսութիւնն է, յուսահատութիւն, բացասական տրամադրութիւններու տարածում։ Երկրորդն է՝ բոլոր խնդիրները արտաքին տնտեսական իրադրութեան, նաւթի գիներու եւ երկրէն անկախ հանգամանքներու վրայ բարդելու միտումը։ Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան մատնանշեց, թէ իր տեսանկիւնէն այս երկու մօտացումներն ալ անընդունելի են հաւասարաչափ։ Ըստ իրեն, աշխարհի վրայ տակաւին որեւէ տնտեսութիւն չէ վերականգ-նըւած յոռետեսութեամբ եւ Հայաստանն ալ չի կրնար ըլլալ բացառութիւն։
«Ես ամենէն լրջութեամբ եւ յարգանքով կը վերաբերիմ որեւէ, նոյնիսկ շատ սուր քննադատութեան, որ կ՚ըլլայ հիմնաւորուած ու փաստարկուած։ Ես պատրաստ եմ անձամբ հանդիպիլ նման քննադատութեան հեղինակներուն, միասին կէտ առ կէտ քննարկելու ըսուածները եւ ինչու չէ՝ անոնց հիման վրայ մեր ծրագրերուն մէջ ուղղումներ եւ սրբագրութիւններ մտցնելը», ըսաւ Յովիկ Աբրահամեան եւ աւելցուց, թէ վերջին զարգացումներուն հիման վրայ հերթական անգամ բիւրեղացած է պետութեան քաղաքականութեան, պետական կառոյցներու նկատմամբ հանրային վստահութեան կարեւորութիւնը։ Այդ վստահութեան հասնելու լաւագոյն ճանապարհն է երկխօսութիւնը։