ԱՂՕԹՔԻ ԱՐԹՆՈՒԹԻՒՆ

«Իմ անունովս կոչուած ժողովուրդս եթէ խոնարհի եւ աղօթէ, եւ իմ երեսս խնդրէ եւ իր չար ճամբաներէն դառնայ, ես ալ երկինքէն պիտի լսեմ, եւ անոր մեղքը պիտի ներեմ». (Բ. ՄՆԱՑ. Է 14)։

Փափաք չունեցող ատեն աղօթել՝ սառելու վտանգին մէջ ձիւնին վրայ նստելու կը նմանի։

Երբ խօսքը աղօթքի մասին է. պահ մը խորհինք եւ մենք մեզի հարցնենք. «Ամենօրեայ գործի եւ զբաղումներու ժամերէս կը զոհե՞մ աւելի աղօթելու, թէ աղօթքի ժամերէս կը գողնամ աւելի աշխատելու»։ Արդարեւ, աղօթքի ժամանակ արթնութիւնը անհրաժե՛շտ է. ի հարկին զոհել քունէն, արթուն մնալ աղօթելու համար։ Աղօթելու համար ժամանակն  է արթննալու, քանի որ Յիսուս կ՚ըսէ. «Ինչո՞ւ կը քնանաք, արթուն կեցէ՛ք եւ աղօթեցէ՛ք»։

Արդարեւ, աղօթքի համար եւ աղօթքի ատեն արթուն մնալ, շատ անգամ դժուար է մարդուս համար, նեղութիւն կրնայ պատճառել։ Ընդհանրապէս աշխարհային զբաղումներու համար, հաճոյքի եւ զուարճութեան համար ժամե՜ր վատնող մենք, աղօթքի համար գոնէ մի քանի վայրկեան յատկացնելու կը դժուարանանք։ Կարծես պարտադրաբար եւ դժկամութեամբ կ՚աղօթենք։ Ժամե՜ր չենք յոգնիր երբ զուարճալի եւ հաճելի աշխարհային գործ մը կը կատարենք, բայց երբ կը սկսինք աղօթել, կարծես անմիջապէս կը յոգնինք, չենք կրնար պահել մեր արթութիւնը՝ քունի փափաքը մեզ կը պատէ։

Այս իմաստով, աղօթքը «պայքար» մըն է. կամքի, յօժարութեան հոգեւոր պայքա՛ր մը։

Բայց այս երեւոյթը բնական է մարդ արարածին համար, քանի որ ան միշտ կը փնտռէ եւ կ՚ընտրէ հաճելին, դիւրինը եւ այն՝ ի՛նչ որ կը հրապուրէ զինք։ Քիչեր կ՚ընտրեն «ներ դուռ»ը եւ կ՚ուղղուին դէպի երանութիւն։ Շատեր, ընդհակառակը կ՚ընտրեն «լայն դուռ»ը եւ կ՚ուղղուին դէպի նեղութիւն…։

Աղօթքի մէջ արթնութեան հարցով, օր մը կը հարցնեն հոգեւորականի մը, եւ ան կը պատասխանէ.- Գնա՛ տուն, դուռդ վրայէդ գոցէ, շուրջդ կաւիճով շրջանակ մը գծէ գետնին վրայ, ծունկի եկուր եւ խնդրէ Աստուծմէ որ արթնութիւն տայ քեզի եւ որ արթնութիւնը սկսի այդ շրջանակին մէջէն։

Մինչեւ որ կաւիճի շրջանակներուն մէջէն անհատական արթնութիւններ չսկսին՝ Եկեղեցին չ՚արթննար։

Ուրիշ հոգեւորական մը կ՚ըսէ.- Սուրբ Գիրքս ձեռքս կ՚առնեմ եւ մինչ աղօթքով կը կարդամ, իմ Աստուծոյս անսահման սիրոյն խորհուրդը կը նուաճէ զիս, եւ գետին ինկած, երեսս Սուրբ Գիրքին մէջ կը սկսիմ մանկան մը պէս լալ։ Եւ երբ հոգեւորական մը կրնայ այսպէս լա՛լ իր բաց Սուրբ Գիրքին առջեւ, կրնա՛յ արթո՛ւն պահել եւ լացնել իրենց մեղքերուն վրայ։

Աղօթքի ատեն արթուն մնալ վարժութիւն կը պահանքէ՝ ջանք եւ աշխատանք պէտք է անոր համար։ Աղօթքի կարեւորութեան եւ անհրաժեշտութեան գիտակցութիւնը ունենալու է աղօթողը, որպէսզի արթուն աղօթէ՝ առանց ձանձրանալու, առանց նեղուելու, այլ՝ ամենայն յօժարութեամբ եւ ուրախութեամբ։

Հոգեւորականներ, արթուն աղօթքի համար ընդհանրապէս կը յանձնարարեն յատուկ ժամեր յատկացնել աղօթքի համար, գոնէ առաւօտուն, միջօրէին, երեկոյեան եւ գիշերը՝ քնանալէ առաջ. հոգ չէ որ կարճ ըլլայ աղօթքը, զոր օրինակ, «Հայր մեր»ը արտասանել, նոյնիսկ միայն «Փառք Աստուծոյ» ըսել, բա՛ւ է, որ մարդ այդ պահերուն յիշէ զԱստուած։ Աստուած մեզ ամէն պահ կը յիշէ, կը հոգայ, կը խնամէ, քանի որ Ան Հայր է, հապա մենք որ որդիներն ենք Անոր, պէտք չէ՞ որ յաճախ յիշենք զԱյն։ Որոշ ժամերու ուտել, աշխատիլ, զուարճանալ չենք մոռնար, բայց միշտ կը մոռնանք զԱստուած, որ այդ բոլորը կու տայ մեզի։

Ուստի, փորձենք աղօթել արթնութեամբ՝ մտքի եւ հոգիի արթնութեամբ, եւ արդէն արթուն պիտի ըլլայ մեր մարմինը։ Եւ չմոռնանք, որ մարմնի արթնութենէն աւելի կարեւոր է մտքի եւ հոգիի արթնութիւնը…։

Թուլութեան առաջնակարգ պատճառը անտարբերութի՛ւնն է. մարդ երբ անտարբեր է որեւէ բանի, յօժարակամ չէ կատարելու որեւէ գործ, կը թուլնայ, քունը կը պատէ զինք եւ չի կրնար ուշադրութիւն դարձնել այն բանին՝ որ անհրաժեշտ է իր կեանքին համար։ Մարդ, շատ անգամ ի՜նչ բաներէ կրնայ զրկուիլ պարզապէս անտարբերութեան պատճառով, եւ ասիկա շատ աւելի վտանգաւոր կ՚ըլլայ մտաւոր եւ հոգեւոր մարզի մէջ, քանի որ աւելի դժուար կ՚ըլլայ զայն դարմանել այդ մարզերուն մէջ…։

Ուրեմն, փորձենք առանձնութեան մէջ, կարելի եղածին չափ երկար աղօթել։ Աղօթելու համար ընտրել ժամեր՝ երբ ոեւէ մէկը չի կրնար խանգարել մեր աղօթքը։ Աղօթելու ժամանակ պէտք է օրինակ առնել Յիսուս, որ աղօթել սորվեցուց մեզի եւ Իր իսկ օրինակով ցոյց տուաւ, թէ ինչպէ՛ս պէտք է աղօթել.

«Եւ առաւօտուն շատ կանուխ ելլելով դեռ չլուսցած՝ ելաւ եւ գնաց անապատ տեղ մը եւ հոն աղօթք կ՚ընէր». (ՄԱՐԿ. Ա 35)։

Փորձենք, սիրելի՜ բարեկամներ, աղօթել արթուն, գիտակցաբար եւ յաճա՛խ…։

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Նոյեմբեր 1 2022, Իսթանպուլ

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 3, 2022