ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ ՃԱՏՐԱԿԻ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀ ԱՌՆՕ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ ԿԸ ՍԳԱՅ ԳԱԳԻԿ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆԻ ՄԱՀԸ
Իսթանպուլի Ճատրակի միութիւնը կը սգայ Հայաստանի Ճատրակի դաշնակցութեան բազմամեայ պատասխանատուներէն, «Շախմատային Հայաստան» հանդէսի գլխաւոր խմբագիր Գագիկ Յովհաննիսեանի մահը։ Սա իսկապէս լուրջ կորուստ մըն է ճատրակի աշխարհին համար։ Գագիկ Յովհաննիսեան քանի մը օր առաջ մահկանացուն կնքեց Երեւանի մէջ, խոր ցաւ յառաջացնելով Հայաստանի ճատրակի ընտանիքին մօտ։
Այս տխուր շարժառիթով խմբագրութեանս հետ կապ հաստատեց Իսթանպուլի Ճատրակի միութեան նախագահ Առնօ Կարապետեան, որ յայտնեց, թէ ինք եւ իր բոլոր ընկերները մեծ դառնութիւն ապրած են՝ վերահասու դառնալով Գագիկ Յովհաննիսեանի կորուստին։ Ըստ Առնօ Կարապետեանի, ճիշդ է, որ Գագիկ Յովհաննիսեան վիթխարի ծառայութիւններ մատուցած էր՝ Հայաստանի մէջ ճատրակի վերելքին համար, սակայն իրենց տեսակէտէ ան նաեւ կը խորհրդանշէր շատ աւելի տարբեր կերպար մը՝ իր մարդկային առաքինութիւններուն ալ բերումով։ Արդարեւ, Առնօ Կարապետեանի վկայութիւններով, Գագիկ Յովհաննիսեան մասնաւոր ջանք ու եռանդ կը գործադրէր, որպէսզի պոլսահայ ճատրակի վարպետներուն եւ Հայաստանի ճատրակի մեծ ընտանիքին միջեւ ստեղծուէր ամուր կամուրջ մը։ Ան կը զգար, որ այսպէսով կը նպաստէր թէ՛ պոլսահայ համայնքին եւ թէ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու բնականոնացման։ Անցեալ տարի Երեւանի մէջ կազմակերպուած Ճատրակի Եւրոպայի անհատական առաջնութեան շրջագծով ան մեծ օժանդակութիւն ցուցաբերած էր Թուրքիոյ կողմէ ուղարկուած մարզական պատուիրակութեան։ Առնօ Կարապետեան մեզի յայտնեց, թէ այս մասին տեղեկութիւններ ունեցած է անձամբ։ Ան վերյիշեց նաեւ 2012 թուականին Իսթանպուլի մէջ կազմակերպուած Ճատրակի ողիմպիականներու օրերը։ Այդ մրցաշարքի արդիւնքին Հայաստանի ազգային հաւաքականը նուաճած էր ոսկէ մետայլ, իսկ Առնօ Կարապետեանն ու իր ընկերները զգացական խտացեալ ապրումներ ունեցած էին Հայաստանի պատուիրակութեան անդամներուն հետ, ներառեալ Գագիկ Յովհաննիսեանը։
Առնօ Կարապետեան անցեալ տարի Գագիկ Յովհաննիսեանին յանձնած էր Իսթանպուլի Ճատրակի միութեան կողմէ յուշանուէր մը ատենապետի հանգամանքով։ Այսօր, իր մահուան տխուր հանգրուանին, ան խոր յուզումով կը յիշէ, թէ ինչպէս այդ մէկը կրցած էր անոր հազիւ մատուցել օդակայանին մէջ։ Առնօ Կարապետեան մեզի փոխանցեց նաեւ յարակից լուսանկարը, ուր Գագիկ Յովհաննիսեան կ՚երեւի օդակայանին մէջ՝ Ճատրակի համաշխարհային առաջնութենէն վերադարձին։ Այդ յուշանուէրը իրեն ներկայացուած էր առ ի շնորհակալութիւն եւ երախտագիտութիւն՝ իր ցուցաբերած վերաբերմունքին եւ ապահոված նպաստին համար։
Կարապետեան մեզի յայտնեց նաեւ, թէ Հայաստանի Ճատրակի դաշնակցութենէն ներս ստանձնած պատասխանատուութիւնը մեծ բծախնդրութեամբ կատարելու առընթեր, Գագիկ Յովհաննիսեան ջանք չէր խնայեր նաեւ իր խմբագրած «Շախմատային Հայաստան» պարբերականի վերելքին համար։ Ան կը վերյիշէ, թէ ինչպէս միասնաբար աշխատանք տարած էին, որպէսզի այդ պարբերականի բաժանորդներուն թիւը աւելնայ։
Այս ցնցիչ մահուան կապակցութեամբ Առնօ Կարապետեան յանուն իր ընկերներուն արատայայտեց իր բի՜ւր յարգանքը Գագիկ Յովհաննիսեանի անթառամ յիշատակին նկատմամբ ու փոխանցեց խորազգած ցաւակցութիւններ՝ անոր հարազատներուն, նաեւ Հայաստանի ամբողջ ճատրակի ընտանիքին։
Հարկ է նշել, որ Գագիկ Յովհաննիսեանի հոգեհան-գըստեան արարողութիւնը այսօր տեղի կ՚ունենայ Ե-րեւանի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ մէջ։