ՄԱՄՈՒԼԻՆ ՎԵՐՋԸ

Հայր մը վերջերս կը դիմէ իր աղջկան եւ կը խնդրէ, որ խանութէն վերադարձին օրուան թերթը բերէ, որպէսզի աչք մը անցընէ։ Երիտասարդ աղջիկը անտարբերութեամբ կը դիմէ հօրը. «21-րդ դար ենք… ի՞նչ թերթ։ Վերցուր Ipad-ս համացանցէն հետեւիր»։

Կը կարծեմ 21-րդ դարու մեծագոյն դժբախտութիւնը ա՛յն է, որ փոփոխութիւնները շա՜տ շատ արագ տեղի ունեցան։ Ձեր աչքին առջեւ ունեցէք քարէ, պրոնզէ եւ երկաթէ դարերը. անոնց միջեւ կայ յստակ ժամանակաշրջանի մը հեռաւորութիւնը։ Քաղաքակրթութիւնները կը փոխուէին դարաշրջանով, սակայն մեր պարագային այդպէս չեղաւ. մեր ժամանակ այդ բոլորը փոխուիլ սկսան գրեթէ սկզբնականին տասնամեակի յաճախականութեամբ եւ ապա տարեկան եւ այդ է պատճառը, որ անդունդ մը ստեղծուեցաւ ծնողքի եւ զաւակի միջեւ, մեծի եւ փոքրի միջեւ։

Այս տարբերութիւնները բացի յաջորդող սերունդներէն՝ մարդ զգաց նաեւ ինքն իր անձին վրայ. սկսաւ նկատել, որ անցեալին «մահացու» թուացող անընդունելի երեւոյթները աւելի բնական սկսած են երեւիլ աչքին, իր հօր ու մօր ժամանակաշրջանի մտածումները սկսած է քննադատել, որովհետեւ իր այսօրուան կեանքը այն չէ, ինչ որ էր տասը տարի առաջ եւ վստահաբար վաղը նոյնը պիտի չըլլայ։

Բարեբախտաբար տակաւին աշխարհի վրայ գոյութիւն ունին «թերթով մեծցած» անհատներ։ Բարեբախտաբար, որովհետեւ անուրանալի է այն դժբախտ իրողութիւնը, որ թերթն ու մամուլը անպայմանօրէն պիտի ունենան վերջ մը եւ անոնց գոյութիւնը յիշուի պատմութեան մէջ՝ ինչպէս մագաղաթինը այսօր։ Թերթին հետ պիտի մեռնի նաեւ գիրքը. այսօր աշխարհի վրայ շատ մը կրթական հաստատութիւններ արդէն իսկ դադրեցուցած են գիրքի գործածումը եւ անցած «արդիականացման»։ Թերթի եւ գիրքի տպագրութիւնը որոշ ժամանակ ետք պիտի նկատուի մսխում, որովհետեւ ո՛չ գիրք եւ ո՛չ ալ թերթ կարդացող պիտի մնայ։ Այնպէս ինչպէս պետական հաստատութիւններու եւ դրամատուներու մէջ տետրի եւ թուղթի փոխարէն համակարգիչը կը գործածուի, նոյնը պիտի պատահի գրականութեան։ Արդէն իսկ հայկական որոշ օրաթերթեր անցնող մէկ-երկու տարուան ընթացքին դադրեցուցին թերթի տպագրութիւնը եւ սկսան առցանց կատարել իրենց աշխատանքը։

Հաւանաբար մարդկութիւնը պարտի հետեւիլ այն օրէնքին, որ ամէ՛ն սկիզբ ունեցող ունի նաեւ աւարտ մը եւ մենք վերջին ականատեսն ենք այդ բոլորին։ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը երբեւէ յաւիտենապէս հրատարակուելու խոստումը չէ տուած իր ընթերցողներուն, որովհետեւ եթէ ոչ տնտեսական տագնապներու պատճառով, ապա մտածելակերպերու փոփոխութիւնով պիտի պարտաւորուի յաւիտենական լռութեան։

Դժբախտաբար այսօր աշխարհը շա՜տ դիւրութիւններ տուած է մարդուն։ Ոեւէ երիտասարդ այսօր մի քան վայրկեանի մէջ կրնայ հիմնել լրատուական կայք մը եւ այդտեղ տեղադրել ինչ որ ուզէ։ Այս ազատութիւնը լրատուութիւնը վտանգաւոր կը դարձնէ, որովհետեւ այդ մէկը կրնայ ընել իմաստունն ու տգէտը, ուսեալն ու անուսը եւ ներկայացնել աշխարհին։ Թերթի յատկութիւնը այն էր, որ խմբագիրներու եւ թղթակիցներու աշխատութեամբ է որ լուրերը կը փոխանձուէր հանրութեան, սակայն այսօր անձ մը առանձին իր ուզած ձեւով աղաւաղելով ճշմարտութիւնը կրնայ լրատուութիւն մը հրապարակել։

Թերթի մը մէջ եւս կարելի է ոչ-ճիշդ տեղեկութիւններ հրատարակել, բացառուած չէ այդ մէկը, սակայն ուսումնասիրութիւններ կը պարզեն, որ տպագիր մամուլի տեղեկատուութիւնը աւելի ճշգրիտ աղբիւր կարելի է նկատել քան առցանց հարթակինը։

Այս բոլորով յայտնենք, որ մամուլին ու գիրքին վերացումը ժամանակ պիտի պահանջէ։ Անցնող երեք տարիներուն կատարուած վիճակագրութիւն մը կը յայտնէ, թէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ 100 ամսաթերթ եւ 95 օրաթերթ գոյութիւն ունի. նոյն աղբիւրը կը յայտնէ, որ մինչեւ օրս Չինաստանի մէջ մօտաւորապէս 97 միլիոն թերթ կը սպառի։ Այս թիւերը փաստ են, որ այնքան ալ քիչ չեն թերթի «սիրահար»ներուն թիւը, սակայն դարձեալ ենթակայ են կորուստի, որովհետեւ թերթ սիրողին յաջորդող սերունդը նոյն սէրը պիտի չունենայ եւ այնպէս ինչպէս եկեղեցին, նոյնպէս ալ թերթը «ժամանակավրէպ» պիտի նկատուի։

Տարիներ առաջ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը հռչակեց «Հայ մամուլի տարի»։ Յատկանշական է, որ մամուլի արժէքն ու դերը ան ներկայացուցած է անցեալ եղանակով։ Այսպէս՝

Ա.- «Հայ մամուլը դարձած է հարազատ հայելին ընդհանրապէս մեր ժողովուրդի համազգային եւ յատկապէս գաղութային կեանքին»։ Հայ մամուլը ԴԱՐՁԱԾ է հայելի. իսկ այսօր այդ հայելիի դերին մէջ չէ՞ մամուլը, ի՞նչ պատահեցաւ։

Բ.- «Հայ մամուլը դարձած է մեր հոգեմտաւոր արժէքներու, ազգային խնդիրներու, կրօնաբարոյական նիւթերու, հայ համայնքը յուզող մտահոգութիւններու, անցեալին ու ներկային առընչուած կարեւոր դէպքերու ու երեւոյթներու արծարծման ու քննարկման եւ նո՛յնիսկ բանավէճերու հրապարակային բեմ»։ Այսօր չի՞ կրնար հաւատարիմ մնալ իր առաքելութեան, չի՞ կրնար նոյն հոգեմտաւոր արժէքները փոխանցել, ազգը յուզող հարցերը քննարկել։ Չի՞ կրնար, թէ ոչ մարդոց փնտռածը չէր պարզապէս…

ԱՄՆ-ի ուսումնասիրութեան կենդրոններէն մէկը կը յայտարարէ, թէ իւրաքանչիւր տարի 6 առ հարիւր տոկոս ընթերցողներու թիւը կը նուազի։ Մեր մօտ վստահաբար աւելի է պակսողներուն թիւը, մինչեւ վերջնականապէս զգանք, որ թէ՛ գրողը եւ թէ՛ կարդացողը մենք ենք միայն…

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -89-

Մի քանի օրեր առաջ ներկայ գտնուեցայ տարեդարձի մը։ Տանտէրը որոշած էր հիւրերուն համար խորոված պատրաստել։ Դուրսը կեցած սկսայ դիտել կրակ վառելու գործընթացը։

Փայտեր բերաւ, իրարու վրայ դիզելով փոքր բլուր մը շինեց, ուզեց վառել, սակայն պակաս մը կար։ Ձայնեց որ ներսէն թուղթ բերեն, որպէսզի թուղթը վառելով կրակի տայ փայտերը։ Յանկարծ ներսէն բերին հայերէն գիրք մը՝ «Հայ ժողովուրդի պատմութիւն» եւ տանտէրը էջ էջ պատռելով սկսաւ փայտերուն մէջերը դնել ու կրակի տալ։

Հաւանաբար այս է վախճանը մեր տուներուն մէջ գտնուող գիրքերուն՝ գործածել վառարանի կամ խորովածի համար, որովհետեւ անարժէք են նոր սերունդին համար։

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 8, 2022