ԲԱԽՏԱԽԱՂ
Յաճախ հարց կը տրուի, թէ վիճակահանութիւնն ու բախտախաղը կրօնական տեսանկիւնէ մեղք կը նկատուի՞։ Այս հարցը քրիստոնեաներէս բացի այլ կրօնի հետեւորդներուն մօտ եւս կը տեսնենք։
Իրողութեան մէջ Աստուածաշունչը ոչ մէկ տեղ բախտախաղ կամ վիճակահանութեան մասին ակնարկութիւն կ՚ընէ, սակայն ընդհանուր պատկերի մէջ բազմիցս կը խօսի դրամասիրութեան ու ընչաքաղցութեան մասին, ինչպէս նաեւ կը խօսի ոչ սեփական աշխատանքով ու յոգնութեամբ ձեռք բերուած շահումներուն մասին ըսելով՝ «Անիրաւութեամբ դիզուած հարստութիւնը պիտի պակասի, բայց աստուածապաշտութեամբ ձեռք բերուած ունեցուածքը պիտի բազմապատկուի» (Առ. 13.11)։ Աստուածաշունչը ընդհանրապէս դէմ ու հակառակ է «բախտ»ի գոյութեան եւ կողմնակից է այն քարոզութեան, որ «մշակը արժանի է իր վարձքին» եւ իր առաջին էջերուն մէջ իսկ, Կայէնի եւ Աբէլի դրուագով ցոյց կու տայ այդ մէկը, շահի լաւագոյն միջոց ցոյց տալով արդար աշխատանքը։
Բախտախաղի կապուած ամենէն յատկանշական ու ազդու տողերը կարելի է գտնել Ա. Կորնթացիս Զ. Գլխուն մէջ, ուր Պօղոս առաքեալ կ՚ըսէ «ովքեր հարստանալ կ՚ուզեն, կ՚իյնան փորձութեան, որոգայթի եւ բազում անմիտ ու վնասակար ցանկութիւններու մէջ, որոնք կ՚ընկղմեն եւ մարդկանց կը տանին դէպի կործանում եւ դէպի կորուստ» (Ա. Կր. 6.10)։
Այսօր բախտախաղի մոլիներ ըլլանք թէ ոչ, գրեթէ բոլորս հարստանալու փափաքը ունինք մեր մէջ։ Այդ փափաքը հաւանաբար միշտ ալ եղած է մարդոց մէջ, սակայն 21-րդ դարը ա՛լ աւելի տեղ տուած է այդ ցանկութեան, որովհետեւ մարդկային ամէն տեսակ արժէք մէկ կողմ դնելով ամէն բանի մէջ առաջնահերթութիւնը տրուած է նիւթականին։
Բախտախաղը իր մէջ հետեւեալ մեղքերը կը ներառէ.
Ա- Խաբէութիւն - Փորձեցէք աչք մը անցընել ձեր շուրջ եւ կամ համացանցին մէջ տարածում գտած բախտախաղի գովազդներուն, ուր միայն շահ ու հարստութիւն կը խոստանան։ Միլիոնաւոր մեծ գումարներէն մասնաբաժին կը խոստանան, մէկին դիմաց հազար տալ կը խոստանան, սակայն վերջաւորութեան միայն իրենք շահ կ՚ապահովեն։ Ահաւասիկ առաջին մեղքը՝ խաբէութիւն, որով մարդոց ուշադրութիւնը գրաւել կը փորձեն։
Բ- Անարդար շահ - Այնպէս ինչպէս Առակաց գիրքին մէջ մեղք կը նկատէ Աստուածաշունչը առանց աշխատանքի ու յոգնութեան ձեռք բերուած շահը, նոյնն է այստեղ, ու մեծ հարստութիւն մը կ՚երթայ բախտախաղը կազմակերպողներուն գրպանները եւ փոքր մաս մըն ալ որոշ մասնակիցներու, որով կ՚ուզեն փաստել իրենց «արդար» գործունէութիւնը։
Գ- Ստախօսութիւն - Բախտախաղի հետեւող մարդը կամայ թէ ակամայ որոշ ժամանակ ետք ինքզինք սուտի մէջ կը գտնէ, որովհետեւ կան երկու տեսակ բախտախաղի մասնակցողներ։ Կայ խումբ մը, որ բացայայտօրէն բախտախաղի կ՚երթայ եւ այդ արարքը պահելու կարիքը չի զգար, սակայն մեծամասնութիւնը այդ մէկը պահելու եւ քօղարկելու պէտքը կը զգան։ Շատեր կ՚ուզեն այդ մէկը պահել իրենց կիներէն, ուրիշներ ընտանիքի անդամներէն եւ շրջապատէն եւ այս մէկը կատարելու համար կը դիմեն սուտի, ինչ որ լաւագոյնս կը պաշտպանէ իրենց այդ արարքը։
Դ- Գողութիւն - Հաւանաբար այս մէկը շատերուն անծանօթ է, սակայն այս է ճշմարտութիւնը բախտախաղի ետին։ Իւրաքանչիւր մասնակից ու խաղացող կ՚ունենայ յատուկ էջ մը՝ տեսանելի մի միայն խաղատունի անդամներու կողմէ։ Այդ էջին վրայ կ՚արձանագրուի անձին կատարած բոլոր խաղադրոյքները եւ ընդհանուր հաշիւ մը կը ստեղծուի։ Խաղատունը կը հետեւի, թէ Յակոբ ինչքան գումար դրած եւ ինչքան գումար շահած։ Օրինակի համար՝ Յակոբ վեց անգամ խաղատուն այցելելով կը կորսնցնէ 800 ամերիկեան տոլար, իսկ եօթներորդ անգամ 600 ամերիկեան տոլարի շահում կ՚ունենայ, կը նշանակէ տակաւին կորսնցուցած է 200 ամերիկեան տոլար։ Եթէ պատահի որ Յակոբի շահումները իր կորուստներէն աւելի ըլլայ, սկիզբ կ՚առնէ գողութեան գործընթացը։ Հազար ու մէկ տարբեր թղթաբանութիւններ դուրս կը բերուին եւ ամէն ջանք ի գործ կը դրուի, որպէսզի անվաւեր նկատուի շահումը եւ այնուհետեւ արգելք կը դրուի Յակոբին անգամ մը եւս խաղատուն մուտք գործել։
Իսլամական կրօնքի պարագային իրենց հաւատալիքի գիրքին՝ Քուրանին մէջ բառացիօրէն յիշուած է բախտախաղը. «Պաքարա»ի 219-րդ գլխուն մէջ խօսելով արբեցութեան ու բախտախաղի մասին Քուրան կ՚ըսէ. «այդ բոլորը մարդոց համար վնաս է եւ մեղք։ Որոշ բարիքներ կրնայ ունենալ, սակայն վնասները բարիքներէն շա՜տ աւելի է»։
Թրքական եւ ընդհանրապէս իսլամական բոլոր պետութիւնները իրենց երկիրի սահմաններուն մէջ արգիլած են բախտախաղը եւ որոշ պատիժներ սահմանած, սակայն այդ մէկը եւս արգելք չ՚ըլլար, որովհետեւ ներկայ աշխարհը տարբեր տարբեր միջոցներ կը ստեղծէ այդ բոլորը կատարելու։ Մեր հայրենիքին մէջ վիճակը ամբողջութեամբ հակառակն է. փոքր երկիրի մը մէջ աւելի քան չորս մեծ կազմակերպութիւններ ժողովուրդի արիւնը կը ծծեն, որովհետեւ աղքատ ժողովուրդ մը բախտախաղի դիմելու աւելի ատակ է՝ քան հարուստ ժողովուրդներ, որովհետեւ աղքատութեան մէջ այդ խաբէական շահումի յոյսերը երազներ կու տան աղքատին՝ ազատելու թշուառ կեանքէն, սակայն առանց զգալու աւելի՛ կը թշուառանան։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ուսումնասիրութեան կենդրոններէն մէկը կը յայտարարէ, որ ամերիկացիներու 80 առ հարիւրը կա՛մ բախտախաղի եւ կամ վիճահանութեան խաղերու կը մասնակցի եւ անոնցմէ 10 միլիոնը կը տառապի անոնց մոլութեամբ։
Շրջապատը շա՜տ մեծ պարտաւորութիւն ունի կատարելու այս բոլորին ոչնչացման գծով։ Մեր շրջապատին մէջ սովոր ենք նման անձերու ձեռք մեկնելու փոխարէն քննադատել ու բամբասել։ Յոյսով եմ, որ աշխարհը օր մը լուծում գտնէ այս բոլորին։
ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -90-
Լիբանան գտնուած ժամանակ բարեկամներով մէկ-մէկ գացած ենք խաղատուն՝ ժամանցի համար։
Օր մը խաղատան մէջ հանիպեցանք հայու մը՝ Նշան անունով, որ հակառակ 32 տարեկան ըլլալուն, տակաւին «համալսարանական աշակերտ» էր։ Մեծահարուստ հայու մը զաւակն էր եւ հայրը իր զաւկին հարուստ կեանք մը շնորհելով «բարիք» ընել կը կարծէր։
Հեռուէն սկսանք դիտել Նշանը. գինով էր, առանց մտածելու աջ-ձախ, գումար կը դնէր եւ անտարբերութեամբ անոնց կորսուիլը կը դիտէր։ Յաճախ խաղատուն այցելող արաբ մը նշեց, որ Նշան ամէն օր այդ վիճակի մէջ էր։ Հազարներ կորսնցնելէ ետք Նշան անհոգ հեռացաւ «բան մը չէ» ըսելով։ Վստահ յաջորդ օր դարձեալ պիտի գար։
Հազարաւոր կարօտեալ հայեր կային եւ կա՛ն, սակայն Նշաններուն հոգը չէ…
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ