«ՀՐԱՇԱԳՈՐԾԸ» ԲԵՄԻ ՎՐԱՅ

Հայաստանի թատերասէրները այս շրջանին կ՚ողջունեն ներկայացումներու նոր շարք մը, որ կ՚արժանանայ անմիջական ուշադրութեան։ Այսպէս, բեմի վրայ է «Հրաշագործը»։ Սա Համազգայինի Երեւանի մասնաճիւղի թատերախումբին եւ Կիւմրիի «Վարդան Աճեմեան» տրամաթիք թատրոնի համատեղ ծրագիրն է, որու արդիւնքը եղած է իսկապէս փայլուն։

Ուիլիըմ Կիպսընի համանուն գործի հիման վրայ կը ներկայացուի այս շարքը։ Ծրագրի բեմադրիչն ու գեղարուեստական ղեկավարն է Նարինէ Գրիգորեան։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 10, 2022