Հինգշաբթի 23, Յունուար 2025
ՍԱՀՄԱՆԻՆ ՎՐԱՅ ՄԻՇՏ ԽԱԽՏՈՒՄՆԵՐ
Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ հրադադարի խախտումները կը շարունակուին։ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրները հաղորդեցին, որ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու ստորաբաժանումները երէկ ուշ երեկոյեան զանազան տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներով կրակ բացած են սահմանի արեւելեան հատուածէն ներս տեղակայուած հայկական դիրքերուն վրայ։ Ատրպէյճանի բանակը օգտագործած է նաեւ ականանետեր։ Բախումներուն հետեւանքով հայկական կողմը կորուստներ չէ ունեցած։
Ըստ պաշտօնական աղբիւրներուն, այս առաւօտ ժամը 09.00-ի դրութեամբ առաջնագծին վրայ յարաբերականօրէն կայուն վիճակ կը տիրէր։
Ուրբաթ, Նոյեմբեր 11, 2022