ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՆԱՐԼԸԳԱԲՈՒԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ԹԵԿՆԱԾՈՒՆԵՐԸ
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Սահակ Սրբազան Արք. Մաշալեան ընդունեց Նարլըգաբուի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ընտրութեան Կապոյտ ցուցակի թեկնածուները՝ գլխաւորութեամբ Մարիամ Քեչեճիի։
Նորին Ամենապատուութիւնը ողջունեց այցելուներու ներկայութիւնը եւ գոհունակութիւն յայտնեց, որ ընտրութեան սեմին այցելած են իրենց հոգեւոր կեդրոնը, ինչ որ առիթ ընծայած է թեկնածուներուն ծանօթանալու։
Իր կարգին, Մարիամ Քեչեճի Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր շնորհակալութիւն յայտնեց ընդունելութեան համար։ Իսկ թեկնածուները մի առ մի խօսք առնելով կենսագրական համառօտ տեղեկութիւններ փոխանցեցին։ Անոնք Պատրիարք Հօր յանձնեցին գրքոյկ մը, որուն մէջ ներկայացուած էր իրենց յառաջիկայ ծրագիրները։ Թեկնածուները յայտնեցին, թէ ծրագիրները համախմբած են երեք գլուխներու տակ. հաւատք, ընկերային կեանք եւ մշակոյթ, վարչութիւն։
Նկատելով որ վարժարան չունի Նարլըգաբուի եկեղեցին, որու շրջափակէն ներս ամէն ջանք ի գործ պիտի դրուի, որպէսզի եկեղեցական կեանքը զարգանայ ու հաւատացեալ ժողովուրդը հոգեկան բաւարարութիւն զգայ։ Մինչ այդ, յատուկ ուշադրութիւն պիտի դարձուի մանկանց եւ երիտասարդաց առաքելութեան, անոնց մէջ արծարծելով շապիկ հագնելու աւանդութիւնը եւ անոր հետ կապուած՝ եկեղեցական արարողութեանց գիտելիքներու փոխանցումը։ Անոնց պիտի աւանդուին նաեւ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ արժէքները, հաւատքի սկզբունքները։
Որպէս ընկերային ու մշակութային գործունէութիւն կը նախատեսեն մեր բարձրագոյն կարգի աշակերտ եւ աշակերտուհիները ի մի համախմբել, անոնց մէջ համայնքի արժէքներու նկատմամբ սէր արթնցնելու նպատակաւ։ Անոնք իրենց կարելին պիտի ընեն, որպէսզի ոչ-հայախօսներ կամ նուազ հայախօսներ առաւել չափով տեղեակ դառնան մեր մայրենի լեզուին։
Իսկ վարչական գետնի վրայ կը խոստանան եռամսեայ տեղեկագիրներով հանրութեան ներկայանալ իրենց ելեւմտական ցուցակներով։ Թեկնածուները խոստացան առողջ երկխօսութիւն ստեղծել Պատրիարքական Աթոռի, համայնքային ու թաղային բոլոր մարմիններուն հետ, պատրաստելով միասնականութեամբ գործելու գետին։
Նորին Ամենապատուութիւնը գոհունակութեամբ լսեց նախատեսուած ծրագիրներու մասին տրուած տեղեկութիւնները եւ յիշեցուց, որ եկեղեցւոյ պայծառութեան ծառայելը կը նշանակէ Աստուծոյ մատուցուած ծառայութիւն, ինչ որ կը մխիթարէ հաւատացեալ ժողովուրդը։
Հուսկ, ներկաները շնորհակալութիւն յայտնեցին Նորին Ամենապատուութեան ու խոստացան ժողովուրդի անցեալէն աւանդուած կալուածներու եկամուտները, նաեւ հաւատքի լումաները օգտագործել եկեղեցւոյ ու հաւատացեալներու հոգեւոր շինութեան համար։
Հանդիպման աւարտին Նորին Ամենապատուութիւնը իր հայրական օրհնութիւնը տուաւ թեկնածուներուն, յաջողութիւն մաղթեց ընտրական շրջանի իրենց գործունէութեանց մէջ։