ԿԻՐԱԿՄՈՒՏՔԻ ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ. ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Այս կիրակի օրուան ճաշու ընթերցուածները հետեւեալներն են.

Եսայիի մարգարէութենէն 25.9-26.7:

Պօղոս առաքեալին Փիլիպպեցիներուն ուղղած նամակէն 1.1-11:

Ղուկասի Աւետարանէն 9.44-50:

Եսայի մարգարէն 25-րդ գլուխին մէջ արձանագրած է Փառաբանութեան երգ մը, եւ ետքէն հատուածի մը մէջ կը խօսի Աստուծոյ պատրաստած կոչունքի մը մասին, ուր հրաւիրուած ու ներկայ պիտի ըլլան բոլոր անոնք, որոնք յաղթելով նեղութիւններուն, դժուարութիւններուն, փորձութիւններուն ու մահուան, իրենց հաւատքին մէջ հաստատուն մնացած են եւ իրենց յոյսը չէ՛ նուազած երբեք:

9-րդ համարին մէջ այսպէս կը գրէ մարգարէն. «Ու այն օրը պիտի ըսեն. “Ահա մեր Աստուածը Ասիկա է. Անոր յուսացինք ու Անիկա մեզ ազատեց. Տէրը ասիկա է, Անոր յուսացինք. Անոր փրկութիւնովը պիտի ցնծանք եւ ուրախանանք”»:

Հաւատացեալի մը համար ազատութեան գրաւականը Աստուծոյ հետ ներկայ ըլլալն է, զգալն է Անոր ներկայութիւնը իր կեանքին մէջ, որովհետեւ մարդ ճշմարտապէս ազատ կ՚ըլլայ միայն այն ժամանակ, երբ Աստուած զինք կ՚ազատէ. կ՚ազատէ՝ չարին որոգայթներէն ու թակարդներէն, կ՚ազատէ նեղութիւններէն, դժուարութիւններէն ու փորձութիւններէն եւ կ՚առաջնորդէ զինք դէպի ապահով ու խաղաղ նաւահանգիստ:

Տակաւին, հաւատացեալի մը համար իսկական ցնծութիւնն ու ուրախութիւնը միայն Տիրոջմով կարելի է ապրիլ ու զգալ, որովհետեւ միայն Տէրը ի զօրու է փրկելու մեզ մեր բոլոր դժուարութիւններէն:

Պօղոս առաքեալ կը գրէ. «Յոյսը երբեք ամօթով չի ձգեր, որովհետեւ Աստուծոյ սէրը տեղ գտած է մեր սիրտերուն մէջ՝ մեզի տրուած Սուրբ Հոգիին միջոցաւ» (Հռ 5.5). այստեղ հետաքրքրական զուգորդութիւն մը կատարէ Առաքեալը սիրոյ եւ յոյսին միջեւ, որով կարելի է ըսել, թէ երբ մարդ կը յուսայ, կը նշանակէ, թէ կը սիրէ, եւ հետեւաբար, եթէ մարդ չի՛ սիրեր, իր յոյսը կատարեալ, կամ ճշմարիտ չի՛ կրնար ըլլալ, քանի որ սէրն ու յոյսը իրարու ընկերակից են, եւ աւելին՝ յոյսը այս աշխարհի վերացումով պիտի վերանայ, մինչ սէրը յաւիտեան պիտի մնայ, նոյն առաքեալին վկայութեամբ, որ կ՚ըսէ. «Ներկայիս, ուրեմն, միակ կարեւոր բաներն են՝ հաւատքը, յոյսը եւ սէրը. իսկ այս երեքէն մեծագոյնը՝ սէրն է» (Ա. Կր 13.13), որովհետեւ՝ «սէրը անվախճան է, մինչդեռ այս կեանքին հետ մարգարէական պատգամները վերջ պիտի գտնեն, հրեշտակներու լեզուներով խօսիլը պիտի դադրի, գիտութիւնն ալ վերջ պիտի գտնէ» (Ա. Կր 13.8):

Յոյսը, արդարեւ, մեզ կը զօրացնէ, մանաւանդ երբ այդ յոյսը կապուած է զօրութիւններու Տիրոջ: Աւելին, յոյսը կը գօտեպնդէ մեզ, կ՚ամրացնէ մեզ մեր տկարութիւններուն ժամանակ, ուժ կու տայ մեզի դիմակայելու, պայքարելու, որպէսզի շարունակենք մեր ընթացքը:

Ներսէս Եպիկոսպոս Դանիէլեան այսպէս կը գրէ յոյսի մասին. «Տրտմութիւնն ու լալկանութիւնը կը ջլատեն մեր բարոյական ու ֆիզիքական բոլոր ուժերը։ Ճշմարիտ ու իրական յոյսը՝ չի խաբեր մեզ, կը քաջալերէ ու կը խնդացնէ, չի վհատեցներ, այլ կ՚արիացնէ, դէպի յառաջ կը մղէ՝ չ՚ընկրկեցներ մեզ»: Եւ. «Յոյսը կեանքն իսկ է մարդուն, ան՝ աշխարհի կենաց յաջողութեան միակ պայմանն է, ա՛ն է, որ իր շուշանաթոյր օրհնեալ ձեռքերովը՝ մեր խորտակուած կեանքին բեկորները դարձեալ իրարու քով կը բերէ, մեր հոգիին ու մտքին փշրուած թեւերուն թռիչքներ կը կապէ, որ պալասանը կ՚ըլլայ մեր խոցոտուած սրտի վէրքերուն։ Յոյսը մոգական այնպիսի զօրեղ ուժ մըն է, որ կը սրտապնդէ մեզ մեր անկումներուն մէջ, կորով ու քաջութիւն կը ներշնչէ՝ մեր ընկճուած հոգիներուն, ապրելու համար նոյնիսկ ա՛յն վայրեկեաններուն, ուր չարիքը անխուսափելի է եւ մահը գուցէ ստոյգ»:

26-րդ գլուխին մէջ Եսայի մարգարէն կը գրէ. «Յաւիտեան Տիրոջը յուսացէք, քանզի Տէր Եհովան յաւիտենական վէմ է, քանզի անիկա բարձր տեղեր բնակողները կը խոնարհեցնէ, բարձր քաղաքը կը ցածցնէ, զանիկա հողի հետ հաւասար կ՚ընէ» (Ես 26.4-5):

Յաւիտենական վէմ է մեր Աստուածը, այսինքն՝ Ան յաւիտեանս յաւիտեան գոյ է, անփոփոխ է եւ կը պահէ ու կը պաշտպանէ Իրեն յուսացողները: Այս եւ նմանատիպ բազմաթիւ համարներ կան Աստուածաշունչին մէջ, որ յստակ ու բացայայտ պատասխան են բոլոր անոնց, որոնք իրենց սխալ ընթացքը արդարացնելու համար, կը պատճառաբանեն ըսելով թէ ժամանակներն ու պայմանները փոխուած են… Կրնայ ըլլալ ժամանակները, պայմանները փոխուած են, բայց Աստուած չէ՛ փոխուած ու չի՛ փոխուիր, ինչպէս նաեւ սկզբունքները, բարոյականութեան հիմքերն ու ճշմարտութիւնները չեն փոխուիր, հետեւաբար ի զուր են բոլոր փորձերը մեր սխալները քօղարկելու համար նման արդարացումներ փնտռելը:

Կարդանք շարունակութիւնը. մարգարէն կը գրէ. բարձր տեղեր բնակողները կը խոնարհեցնէ, այսինքն՝ հպարտներն ու ամբարտաւանները, եւ բոլոր անոնք որոնք կը կարծեն, թէ իրենք իրենց սեփական կարելիութեամբ եւ իմաստութեամբ բարձրունքներ նուաճած են, ապա այդպիսները Աստուած պիտի խոնարհեցնէ, եւ ո՛չ միայն պիտի խոնարհեցնէ, այլեւ՝ հողին հաւասար պիտի ընէ, հետեւաբար մարդ պարտի հեզ ու խոնարհ ըլլալ, յուսալ Իր Տիրոջ, խնդրել Անոր ողորմութիւնն ու օգնականութիւնը եւ վստահ ըլլալ, որ իր կեանքը ճիշդ հունի մէջ կը մտնէ ու կը մնայ այնտեղ, եւ ինք կը պտղաբերի մէկի փոխարէն երեսուն, վաթսուն եւ հարիւր (տե՛ս Մտ 13.3-23: Մր 4.2-20: Ղկ 8.4-15): 

Փիլիպպեցիներուն նամակին մէջ կը կարդանք. «Իմ աղօթքս է, որ ձեր սէրը աւելի եւ աւելի աճի աստուածգիտութեամբ եւ կատարեալ դատողութեամբ, որպէսզի կարենաք լաւը ընտրել եւ Քրիստոս Իր գալստեան օրը ձեզ գտնէ մաքուր եւ ամբասիր, եւ Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ արդար գարծերով հարստացած՝ պատճառ ըլլաք որ Աստուած փառաւորուի եւ գովուի» (Փլպ 1.9-11):

Ճիշդ է, որ Առաքեալը այստեղ իր այս աղօթքը ուղղած է Փիլիպպեցիներուն, բայց անոնց ընդմէջէն այս աղօթքը ուղղուած է իւրաքանչիւր հաւատացեալ մարդու: Արդարեւ, առաքեալը կ՚աղօթէ, որպէսզի՝

ա.- Մարդոց սէրը աւելի եւ աւելի աճի աստուածգիտութեամբ եւ կատարեալ դատողութեամբ:

բ.- Աստուածգիտութիւնն ու կատարեալ դատողութիւնը կ՚օգնեն մարդուն, որպէսզի կարենայ լաւը ընտրել:

գ.- Քրիստոսի Իր երկրորդ գալուստին ժամանակ մեզ մաքուր եւ ամբասիր գտնէ:

դ.- Յիսուսի Քրիստոսի միջոցաւ արդար գործերով հարստացած՝ պատճառ պէտք է ըլլանք, որ Աստուած փառաւորուի ու գովուի:

ա.- Մարդոց սէրը աւելի եւ աւելի աճի աստուածգիտութեամբ եւ կատարեալ դատողութեամբ. առիթով մը երբ մեր Տիրոջ հարցուցին, թէ ո՞րն է մեծագոյն պատուիրանը՝ պատասխանեց. «“Սիրէ՛ քու Տէր Աստուածդ ամբողջ սրտովդ, ամբողջ հոգիովդ եւ ամբողջ մտքովդ”: Ասիկա է մեծագոյն եւ կարեւորագոյն պատուիրանը: Երկրորդը ատոր նման է. “Սիրէ՛ ընկերդ քու անձիդ պէս”: Այս երկու պատուիրաններէն կախեալ են ամբողջ Օրէնքը եւ մարգարէներու ուսուցումները» (Մտ 22.37-40):

Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան Հայրապետը այսպէս կը բացատրէ այս համարը. «Սիրոյ չափը որոշ աստիճանի մը մօտ չի՛ կանգնիր, որովհետեւ կ՚ըսէ. “Ձեր սէրը աւելի ու աւելի աճի”: Որպէսզի դիւրահասկնալի ըլլայ արտայայտութիւնը, կ՚ըսէ. “Ձեր սէրը աւելի ու աւելի աճի աստուածգիտութեամբ եւ կատարեալ դատողութեամբ”: Ընկերութեան մօտ չկանգնին միայն, եւ ո՛չ ալ միայն սիրոյ մօտ, այլ՝ աստուածգիտութեան հասնին: Որով նոյն սէրը բոլորին չի՛ տար. քանի որ նման վերաբերմունքը սէրէ չի՛ բխիր, այլ՝ անգիտութենէ: Ըսել կ՚ուզէ, որ սէրը խելքով եւ զանազանութեամբ ըլլայ: Որովհետեւ վտանգ կայ այնպիսիին՝ ով առանց խելամտութեան որեւէ մէկ բան կը սիրէ… Վտանգ կայ, որ ոմանք ապականին կամ փճանան հերետիկոսութիւն մը սիրելով…: Արդարեւ, պէտք է հաւատարիմ ըլլաք, չընդունիք սխալ ուսուցում մը՝ սիրոյ քօղին տակ պահուըտած…: Ինչպէս կ՚ըսէ. “Որքան կրնաք՝ ամէնուն հետ խաղաղ ապրեցէք” (Հռ 12.18): Ան չըսաւ. “Սիրեցէք այնքան, մինչեւ որ ձեզի վնաս հասնի ընկերութենէն”, քանի որ ըսուած է. “Եթէ աջ աչքդ քեզ կը գայթակղեցնէ, կտրէ եւ նետէ՛ զայն” (Մտ 5.29)»:

բ.- Աստուածգիտութիւնն ու կատարեալ դատողութիւնը կ՚օգնեն մարդուն, որպէսզի կարենայ լաւը ընտրել: Մարդ երբ Աստուածգիտութեան հասնի, ապա միաժամանակ ձեռք կը ձգէ կատարեալ եւ առողջ դատողութիւն, որով ի վիճակի կ՚ըլլայ բարին ու լաւը ընտրել, իսկ չարն ու վնասակարը մերժել եւ հեռացնել իրմէ: Մարդուն համար ձեռք բերելիք առաջին եւ ամենէն կարեւոր գիտութիւնը պէտք է՝ Աստուածգիտութիւնը ըլլայ, որով միւս բոլոր գիտութիւնները կու գան ծառայել մարդուն իր ամբողջ կեանքի ընթացքին, անոր առջեւ բանալով բազամթիւ ակօսներ, ուր մարդ կրնայ իր սերմնացանութիւնը կատարել եւ յետագային վայելել իր ցանքին բարիքները, կարեւորը Աստուածգիտութիւնն է:

գ.- Քրիստոսի Իր երկրորդ գալուստին ժամանակ մեզ մաքուր եւ ամբասիր գտնէ: Մարդ արարածին կարեւոր պարտաւորութիւններէն մէկն ալ է պատրաստ ըլլալ Քրիստոսը դիմաւորելու Իր երկրորդ գալուստին ժամանակ՝ առանց ամօթի կամ կասկածանքի, թէ ի՛նչ կրնայ պատահիլ իր հետ այդ ժամանակ: Առաքեալը կը թելադրէ, որպէսզի մաքուր եւ ամբասիր ըլլանք: Մարդուն մաքրութիւնն ու ամբասիրութիւնը կու գան երբ վերջինս կ՚ապրի Աստուածահաճոյ ու առաքինի կեանքով, նշանաբան ունենալով իր կեանքի ընթացքին մի միայն զԱստուած հաճեցնել:

դ.- Յիսուսի Քրիստոսի միջոցաւ արդար գործերով հարստացած՝ պատճառ պէտք է ըլլանք, որ Աստուած փառաւորուի ու գովուի: Արդարեւ, մարդ հետեւելով իր Ուսուցիչի՝ Տէր Յիսուսի օրինակին եւ Անկէ սորվելով, պէտք է բարի ու արդար գործերով հարստացնէ իր կեանքը, որով իր պանդխտութեան տարիները կը վերածուին անուշաբոյր խնկարկութեան մը. խնկարկութիւն մը, որ զԱստուած կը փառաւորէ եւ գովէ, մանաւանդ երբ իր նմանները տեսնելով իր բարի եւ առաքինի տիպարը, կը փառեբանեն զԱստուած, որ երկինքներու մէջ է եւ կ՚օրհնաբանեն Անոր Սուրբ Անունը, որ օրհնեալ է յաւիտեանս յաւիտենից: Ամէն:

Ղուկասի Աւետարնին մէջ կը կարդանք. «Աշակերտները սկսան վիճաբանիլ թէ իրենցմէ ո՞վ է մեծը: Յիսուս գիտնալով անոնց մտածումը, մանուկ մը առաւ եւ Իր քով կանգնեցնելով՝ ըսաւ.

-Ով որ ընդունի այս մանուկը Իմ անունվս՝ զիս ընդունած կ՚ըլլայ, եւ ով որ զիս կ՚ընդունի՝ ընդունած կ՚ըլլայ զիս ղրկողը: Որովհետեւ ով որ ձեր բոլորին մէջ փոքրիկն է, ան է մեծը» (Ղկ 9.46-48):

Տէր Յիսուս համեստութեան ու խոնարհութեան դաս մըն է, որ կու տայ այստեղ:

Որովհետեւ ով որ ձեր բոլորին մէջ փոքրիկն է, ան է մեծը… այսօրուան աշխարհին մէջ այս արտայայտութիւնը կրնայ շատերու համար անհասկնալի ու անըմբռնելի երեւիլ, որովհետեւ այսօր դրամն ու իշխանութիւնը իրենց մեծ ժանիգներով տիրակալած են գրեթէ ամէնուրեք, նոյնիսկ եկեղեցիներէն ներս…: Սակայն, ինչպէս վերն ալ յիշեցինք, ինչքան ալ ժամանակները եւ մարդոց ընկալումները փոխուին, մնայուն արժէքները, սկզբունքները, բարոյականութիւնն ու ճշմարտութիւնները չեն փոխուիր:

Հետեւաբար, Տէր Յիսուսի ըսածը այն է, որ եթէ ոեւէ մէկը ոեւէ մանուկ մը ընդունի Յիսուսի անունով, այսինքն՝ Յիսուսի համար, ապա զՅիսուս ընդունած կ՚ըլլայ, եւ զՅիսուս ընդունելով, ընդունած կ՚ըլլայ զԻնք ղրկողը, այսինքն՝ Հայրն Աստուած:

Իսկ մանուկը Իր մօտ կանգնեցնելով, Տէր Յիսուս կ՚ուզէր Իր աշակերտներուն սորվեցնել, որպէսզի մանուկներու նման ըլլան՝

«1. Իրենց պարզ եւ համեստ կեանքով (Ա. Կր 14.20):

2. Վստահութեան մէջ՝ իրենց երկնաւոր Հօր խօսքերուն, ու ապաւինիլ եւ հնազանդիլ Անոր:

3. Պարզութեան մէջ, եւ ընդունիլ հաւատքի եւ հոգեւոր ճշմարտութիւնները. մանուկը կը հաւատայ իր հօրմէն իրեն ըսուածին:

4. Մանուկները չեն զգար, թէ իրենք միւսներէն լաւ են, որով հարուստը աղքատին հետ կը խաղայ:

5. Ուշադրութիւն դարձուր. մանուկները չեն զգար, թէ իրենք խոնարհ են: Ով որ կը զգայ, թէ ինք խոնարհ է, կամ ինքզինք կը խոնարհեցնէ եթէ աղքատի մը հետ կը խօսի, ապա ինք խոնարհ չէ:

6. Կատարեալ ներողամտութիւն. մանուկը իր սիրտին մէջ երբեք ոխ չի՛ պահեր:

7. Եթէ մէկը մանուկ մը տխրեցուց, ապա ան իր ձեռքով վրէժխնդիր չ՚ըլլար, այլ՝ կը դիմէ իր ծնողներուն:

8. Մանուկը առանց ցանկութիւններու է, առանց սին փառք փնտռելու, առանց ուրիշներուն նախանձելու:

9. Եթէ մանուկները իրարու հետ վիճաբանին, ապա շատ արագ կը հաշտուին եւ դարձեալ իրարու հետ կը խաղան:

10. Աստուծոյ Թագաւորութիւնը՝ որ Յիսուս կը հիմնէ, այնտեղ չկան մարդիկ որոնք կը փնտռեն զօրաւոր ու մեծ ըլլան, այլ՝ ան որ այնտեղ կը մտնէ, ան է որ իր տկարութիւնը կը զգայ եւ կը զգայ թէ ինք ոչինչ է, սակայն իր զօրութիւնն ու մեծութիւնը Աստուծոյ զինք պաշտպանելուն մէջ է (Բ. Կր 12.9-10), իսկ ասիկա մանուկներուն սովորութիւնն է, որովհետեւ անոնք իրենց ծնողներով կը պաշտպանուին:

11. Ներկայ ուսուցման լեզուով, այս մանուկը որ Յիսուսի գիրկին մէջ է, յստակեցումի միջոց մըն է:

12. Մանուկը կ՚ուզէ ինչ որ կը փափաքի, վստահ ըլլալով որ պիտի ստանայ զայն իր հօրմէն, եւ ան չի՛ մտածեր թէ իր հայրը կու տայ իրեն՝ որովհետեւ արժանի է, այլ՝ ինք սէրէն մղուած կը խնդրէ» (Հայր Անտոն Ֆըքրի):

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

7 նոյեմբեր 2022, Վաղարշապատ

Շաբաթ, Նոյեմբեր 12, 2022