ԵՐԵՒԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԱԾ Է ԱՌԱՋԱՐԿՆԵՐ
Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանային իրադարձութիւնները միշտ կ՚ընթանան թափով։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն վերջին օրերուն հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։ Կը հաղորդուի, որ Պլինքըն Ալիեւին յորդորած է պահպանել հրադադարը եւ դադրեցնել սադրանքները։ Այս շփումներուն զուգահեռ՝ ԱՄՆ-ի պետական քարտուղարի Եւրոպայի եւ Եւրոասիոյ գծով տեղակալ Քերըն Տոնֆրիտն ալ յայտարարեց, որ Հայաստան եւ Ատրպէյճան խաղաղութիւն հաստատելու պատմական հնարաւորութիւն ունին։ Ան այս յայտարարութիւնը ըրած է՝ ԱՄՆ-ի Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի քննարկումներուն ժամանակ։ Տոնֆրիտ յայտնած է նաեւ, որ այս ամբողջին մէջ դրական կը համարեն Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղեալ երկխօսութիւնը ու կողմերուն բացատրած են, թէ կը փափաքին օգտակար ըլլալ։
Տարածաշրջանի այլ դերակատարներուն միջեւ ալ կ՚ապրուին լարուածութիւններ՝ մասնաւորաբար Իրանի եւ Ատրպէյճանի պարագան կը վերաբերի Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններուն մասին հանգամանքներու։ Թեհրանի եւ Պաքուի բարձրաստիճան պաշտօնատարներուն կողմէ կատարուած յայտարարութիւնները կը հասնին վէճի մը սահմանին։ Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ամիր Ապտուլլահիան հեռախօսազրոյցի ընթացքին Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի նկատառման յանձնած է, որ կարեւոր սկզբունք կը նկատուի երկիրներու ինքնիշխանութեան յարգուիլը։
Այս մթնոլորտին մէջ երէկ հեռախօսազրոյց մըն ալ տեղի ունեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Վրաստանի վարչապետ Իրակլի Ղարիպաշվիլիի միջեւ։ Անոնք անդրադարձան տարածաշրջանային նշանակութեամբ հարցերու։ Փաշինեան եւ Ղարիպաշվիլի կարեւորեցին Հարաւային Կովկասէ ներս մթնոլորտի բարելաւումն ու համապատասխան քայլերու իրականացումը։
Միւս կողմէ, Նիկոլ Փաշինեան երէկ Հայաստանի Ազգային ժողովէն ներս մանրամասն յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ՝ 2023 թուականի պետական պիւտճէի ընդունման ուղղեալ քննարկումներուն ժամանակ։ Այս առթիւ վարչապետը յայտնեց, որ Հայաստան առաջարկած է խաղաղութեան շրջանակային պայմանագիր մը ստորագրել Ատրպէյճանի հետ։
Ըստ Փաշինեանի, Երեւան Ուաշինկթընի մէջ Պաքուին փոխանցած է խաղաղութեան պայմանագրի վերաբերեալ իր առաջարկները եւ կը սպասէ արձագանգին։ «Այնուամենայնիւ, մենք կը տեսնենք որոշ լարուածութեան միտումներ եւ սա կապուած է նաեւ յստակ իրադարձութիւններու եւ իրավիճակներու հետ», ըսաւ Փաշինեան։