«ՄԻՋԱՆՑՔ»Ի ՅԱՆԿԵՐԳՆ ՈՒ ԻՐԱՆԸ
Նոյեմբերի 9-ի յայտարարութեան երկրորդ տարելիցին (…) պատահական չէ, որ Ատրպէյճանի նախագահը կը մեկնի բռնագրաւուած Շուշի եւ այնտեղէն յոխորտանքներ կը հնչեցնէ: Եթէ շրջանցենք ներքին լսարանին ուղղուած բաժինը, կը կեդրոնանանք հայկական կողմին եւ միջազգային հանրութեան վերաբերող ուղերձներուն վրայ:
Ատրպէյճանի նախագահին համաձայն, Հայաստանի մէջ վրէժխնդրական ուժեր չեն հաշտուած պատերազմի հետեւանքներուն հետ: Չարտասանուած մասը այն է, որ այդ ուժերն են, որոնք խանգարիչ դեր կ՚ունենան բանակցութիւններու արդիւնաւորման առումով եւ այդ պատճառով է, որ հայկական կողմը չի կատարեր իր պարտաւորութիւնները, որոնց շուրջ համաձայնած է: Ըստ Ալիեւի, չիրականացած կէտերն են, հիմնականին մէջ, նախ «Զանգեզուրի միջանցք» չտրամադրելը եւ ապա հայկական ուժերը Արցախէն դուրս չբերելը:
Հետաքրքրական է, որ այս երկու հիմնական պահանջները Ատրպէյճանի ղեկավարը կը տեղադրէ նոյեմբերի 9-ի յայտարարութեան բովանդակութեան մէջ:
Աւելի քան պարզ է ու յստակ, որ Արցախէն հայկական ուժերու հեռացման պահանջի մասին որեւէ կէտ չկայ: Հակառակ համաձայնութիւն չըլլալուն, Հայաստանի Հանրապետութեան զօրքերը դուրս բերուած են արդէն Արցախէն: Այստեղ պահանջը Արցախի պաշտպանութեան բանակի կազմալուծումին կը վերաբերի ուղղակիօրէն:
Հիմա յանկերգուող Զանգեզուրի միջանցքին մասին: «Միջանցք» բառակապակցութիւնը նոյեմբերի 9-ի յայտարարութեան մէջ օգտագործուած է միայն Հայաստանի Հանրապետութիւնը Լաչինի ճամբով Արցախին կապող ճանապարհը բնութագրելու համար: Պահանջը միջանցք միջանցքի դիմաց տրամաբանութեամբ Ալիեւ կը բնութագրէ միեւնոյն կարգավիճակով՝ Նախիջեւանը Ատրպէյճանին կամրջելու առումով:
Երկու պահանջներն ալ, ուրեմն, նոյեմբերի 9-ի յայտարարութեան մէջ տեղ չեն գտած, հետեւաբար հայկական կողմը որեւէ պարտաւորութիւն չունի զանոնք իրականացնելու:
Ալիեւն ու միջազգային ընտանիքը, սակայն, լաւ գիտեն, թէ նոյեմբերի 9-ի յայտարարութեան ո՛ր կէտերը չեն յարգուած Ատրպէյճանի կողմէ:
Այսպէս:
Ներքին տեղահանուած անձերը եւ գաղթականները չեն վերադարձած Լեռնային Ղարաբաղի տարածք եւ յարակից շրջաններ՝ ՄԱԿ-ի Գաղթականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարի գրասենեակի վերահսկողութեան ներքեւ:
Չէ իրականացուած ռազմագերիներու, պատանդներու եւ այլ պահուող անձերու, ինչպէս նաեւ զոհուածներու մարմիններու փոխանակումը:
Տակաւին. չեն ապաշրջափակուած տարածաշրջանին մէջ բոլոր տնտեսական եւ փոխադրական կապերը: Այստեղ պէտք է արձանագրել, որ Երեւանի պաշտօնական պատրաստակամութիւնը՝ ճանապարհներու տրամադրման, ո՛չ միայն չէ ընդառաջուած Ատրպէյճանի կողմէ, այլեւ մերժուած է: Պաքուի պահանջը միջանցք է, որ ի սպառ կը բացակայի համաձայնութեան կէտերէն: Շուշիի մէջ հնչած յոխորտանքներուն կարեւորագոյն բաժինը ուղղուած էր Իրանին: Հաստատելէ ետք, որ Ատրպէյճան իսլամական երկիրներու հետ սերտ յարաբերութիւններ ունի՝ Ալիեւ հաստատած է, որ Հայաստան յարձակողապաշտ քաղաքականութիւն կը վարէ ո՛չ միայն Ատրպէյճանի, այլեւ իսլամական աշխարհի դէմ: «Մզկիթներ ոչնչացնողները չեն կրնար բարեկամանալ իսլամական երկիրներու հետ»: Հայաստանի հետ համագործակցող իսլամական երկիրները Ալիեւի կողմէ մեղադրուած են՝ իբրեւ երկերես եւ դաւաճան:
Անկախ անկէ, որ Պաքու կը դիմէ այսպիսով կրօնական հանգամանքի դասական շահարկումին, այստեղ քննադատութիւնը կ՚երթայ Իրան-Հայաստան սահմանի կարգավիճակի որեւէ փոփոխութիւն կտրուկ մերժող, Սիւնիքի մէջ հիւպատոսարան բացած եւ Պարսից ծոց-Սեւ ծով հայաստանեան տարանցիկ անցքին երաշխաւորութիւն տուող Թեհրանին: Իսկ Ալիեւ յոխորտալով հանդերձ լաւ գիտէ, որ Թեհրան այս բոլորով յստակ դարձուցած է, որ թուրանական կամուրջ չի հանդուրժեր իր սահմանամերձ տարածքներուն մէջ: Եւ այս հանգամանքը աւելի կարեւոր է՝ նոյեմբերի 9-ի ձեւակերպումներէն:
ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Խմբագրական՝ Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթի