ԱՄՈՒՐ ԿՌՈՒԱՆ
Շաբաթավերջին Փարիզի մէջ ապրուեցաւ ֆրանսահայ համայնքին տեսակէտէ յատկանշական իրադարձութիւն մը։ Բայց եւ այնպէս, այդ իրադարձութեան նշանակութիւնը սահմանափակ չէ միայն ֆրանսահայութեան հետ։ Սփիւռքեան հայապահպանման պայքարին տեսանկիւնէն, ընդհանրապէս եւրոպահայութեան առումով հեռանկարային երեւոյթ մը հանդիսացաւ Փարիզի հայաշատ արուարձաններէն Արֆորվիլի մէջ բացուած «Գէորգ Արապեան» վարժարանը։ Հայկական ինքնութեան պահպանման ջանքերուն եւ հայկական ժառանգութիւնը նոր սերունդին փոխանցելու ուղղեալ որոնումներու մթնոլորտին մէջ նման կրթական հաստատութեան մը երկինք խոյանալը անանտեսելի երեւոյթ մըն է եւ բոլորը արդէն այդ կրթօճախը կ՚ընկալեն որպէս յուսադրիչ խարիսխ՝ եւրոպահայութեան հայապահպանման ջանքերուն տեսանկիւնէն։ Դպրոցը միշտ ամուր կռուան մը նկատուած է հայ ժողովուրդին կողմէ եւ այսօր ալ պարագան կը մնայ անփոփոխ՝ որքան որ ալ սփիւռքեան հայկական կրթօճախներու ցանցը ընդհանուր նահանջի մը մէջ գտնուի սփիւռքեան պայմաններով։
Ալֆորվիլի «Գէորգ Արապեան» վարժարանի բացումը կատարուեցաւ հանդիսաւոր արարողութիւնով մը։ Ֆրանսայի եւ Հայաստանի պետական աւագանիներուն կողմէ բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ մասնակցեցան այս ձեռնարկին, որ ունէր պատմական բնոյթ։ Այսպէս, Ֆրանսայի Ազգային ժողովի նախագահ Քլոտ Պարթոլոն եւ Վարչապետ Մանուէլ Վալս արարողութեան մասնակցեցան, շրջապատուած բարձրաստիճան պաշտօնատարներու կողմէ։ Հայաստանի Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի կողմէ գլխաւորուած բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մըն ալ ներկայ գտնուեցաւ այս արարողութեան։ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Ֆրանսայի Թեմի Առաջնորդ Տ. Վահան Եպսկ. Յովհաննէսեանի գլխաւորութեամբ բարձրաստիճան եկեղեցականներ եւս բերին իրենց մասնակցութիւնը բացման արարողութեան, որու ընթացքին կատարուեցաւ նաեւ նորակառոյց դպրոցի օրհնութեան կարգը։ Այս փուլին բոլորի գնահատանքին առարկայ դարձաւ նախկին թեմակալ առաջնորդ Տ. Նորվան Արք. Զաքարեան, նկատի ունենալով, որ ան անփոխարինելի ջանքեր ներդրած էր այս ուղղութեամբ եւ իր ամբողջական նուիրումը բերած էր այս գործի յաջողութեամբ պսակման ճանապարհին։ Ներկայ էին նաեւ Գերմանիոյ Թեմակալ Առաջնորդ Տ. Գարեգին Արք. Պէքճեան, Ռումանիոյ Թեմակալ Առաջնորդ Տ. Տաթեւ Եպսկ. Յակոբեան եւ այլ բարձրաստիճան հոգեւորականներ։ Բոլորի համակրանքին եւ գնահատանքին առարկայ դարձաւ բարերար Գէորգ Արապեան, որ պարգեւատրուեցաւ Հայաստանի վարչապետին կողմէ։ Մինչ այդ, Մանուէլ Վալս եւ Յովիկ Աբրահամեան արտասանեցին ճառեր։