ԱՊԱՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ ՊԱՅՔԱՐԻ ԳԾՈՎ ՏԱՐԲԵՐ ՄՕՏԵՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ

«Հրանդ Տինք» հիմնարկը կը պատրաստուի յաջորդ շաբթուան սկիզբին կեանքի կոչել հետաքրքրական ծրագիր մը։ Այսպէս, երեքշաբթի, դեկտեմբերի 6-ին, հիմնարկի կեդրոնատեղիին մէջ, երեկոյեան ժամերուն նախատեսուած է «Ապատեղեկատուութեան դէմ պայքարի գծով տարբեր մօտեցումներ» խորագրեալ ասուլիս մը։ Եւրոմիութեան կողմէ հովանաւորուած նախագիծ մըն է այս մէկը, որու աշխատանքային լեզուն է թրքերէնը։ Հաւաքոյթի զեկուցումները նոյնաժամանակ պիտի թարգմանուին անգլերէնի եւ արաբերէնի։ Ուղիղ եթերով սփռում ալ նախատեսուած է ընկերային ցանցերու վրայ։ Նախագծի աջակից կազմակերպութիւններն են «Ֆրետրիխ Նուման» հիմնարկի Թուրքիոյ մասնաճիւղը, ինչպէս նաեւ «Պողազիչի» եւ «Սապանճը» համալսարանները։

Արդի ժամանակներուն տեսակէտէ ապատեղեկատուութիւնը բաւական հրատապ հարցի մը վերածուած է։ «Հրանդ Տինք» հիմնարկի այս նախաձեռնութիւնը մաս կը կազմէ՝ «Թուային թեքնոլոժիներու օգտագործմամբ ատելութեան խօսոյթի եւ խտրականութեան դէմ պայքարի» ծրագրի շրջանակին։ Ասուլիսը պիտի վարէ՝ Պանու Թունա։ Ատենախօսները պիտի ըլլան՝ Քերեմ Ալթըփարմաք, Օնուր Վարոլ եւ Փընար Տաղ։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 30, 2022