ԽՐԱՏ՝ ՈՐԴՈՒՍ - Ա

Վերջերս միտքիս մէջ անդադար շրջան կ՚ընէ Պարոյր Սեւակի «Որդուս» բանաստեղծութեան տողերը, որոնք գրուած են որպէս պոռթկում ու խրատ՝ չար ու անարդար կեանքին դէմ։

Սեւակ իր այս բանաստեղծութիւնը գրած է 31 տարեկան հասակին, սակայն հակառակ երիտասարդութեան՝ անոր մօտ ակնյայտ է կեանքի բեռան ծանրութիւնը, ըմբոստ ու պայքարող ոգին։ Ազդու խօսքեր, որոնք իրեն տարեկիցներուն մօտ անգամ հայրական զգացողութիւնը կ՚արթնցնեն։ Սեւակի այս բանաստեղծութիւնը խրատ է բոլորին, որովհետեւ իրապէս սիրող հայր մը կրնայ նման խը-րատական մը կարդալ իր զաւակներուն։

Սկսինք։

«Ինձ հետ լինի, թէ առանց ինձ,
Իմ բալիկս, կը մեծանաս»

Այս մէկը վաղաժամ մահուան գուշակութի՞ւնն էր Սեւակի մօտ. չե՛մ գիտեր, սակայն տողերուն մէջ յստակ կարելի է տեսնել մահուան «սարսափին» դիմաց կանգնած է անտարբեր մարդ մը՝ որ աներկիւղ կը նայի մահուան։ Ապա կը տեսնուի հայր մը՝ որ անկարեւոր նկատելով իր ըլլալն ու չըլլալը, շեշտն ու կարեւորութիւնը կը դնէ իր զաւակին գոյութեան, որովհետեւ ինք կրնայ ըլլալ կամ չըլլալ՝ սակայն մանուկը պիտի ըլլայ ու մեծանայ։

«Իմ օգնութեամբ, թէ առանց ինձ,
Դու երբեւէ կը հասկանաս»

Այստեղ բանաստեղծը չ՚ըսեր «իմ հետ թէ առանց ինձ», այլ «իմ հետ»ի փոխարէն կ՚օգտագործէ «իմ օգնութեամբ» արտայայտութիւնը, ըսելու համար որ երբ կամ՝ արդէն իսկ անպատճառ կ՚օգնեմ, իսկ եթէ չեմ օգներ՝ կը նշանակէ արդէն չկամ։ Այլ խօսքով Սեւակ հօր առաքելութիւնը կը տեսնէ օգնելուն մէջ, որովհետեւ ծնողքի մը հիմնական պարտաւորութիւնը լաւ կեանք մը տալ չէ, այլ զաւակը այդ կեանքի փոթորիկներուն առանձին պայքար մղելու պատրաստելն ու առաջնորդելն է։ Սեւակ այս խօսքերով իր զաւակը կը պատրաստէ այն ճշմարտութեան, որ այսպէս կամ այնպէս կեանքի ինչութիւնը պիտի ճանչնաս ու գիտնաս եւ այդ «գիտցուելիք»ը այնքան ալ դրական չէ փաստօրէն։

«Թէ ոնց պիտի ապրել կեանքում,
Թէ ոնց պիտի նայել կեանքին»

Յստակ է, թէ այստեղի ապրիլը մարմնապէս շնչելէն շատ աւելի տարբեր բան մը՝ կեանքի ճշմարիտ ցաւոտ դէմքը կը խորհրդանշէ։ Դժբախտաբար այդ մէկը դպրոցական դասի մը նման կարելի չէ սորվիլ. պէտք է փորձով ապրիլ, զգալ ու հասկնալ։ Երկու տողերու պարագային ալ «ոնց պիտի»ն ցոյց կու տայ, թէ նախապէս ուրիշ եւ գիտնալէ ետք ամբողջութեամբ տարբեր ձեւով կ՚ապրի մարդ։ Թէեւ սորվիլը լաւ բան է, սակայն այս պարագային բոլորը կ՚ափսոսան այդ մէկը սորված եւ գիտցած ըլլալնուն համար եւ այդ է որ երանելի կը դարձնէ մանուկները, որոնք տակաւին չեն գիտեր «թէ ոնց պիտի ապրել»… «թէ ոնց պիտի նայել»։

«Թէ աշխարհում ինչն է էժան,
թէ աշխարհում ինչն է անգին»։

Իւրաքանչիւր տարիք իր հետ միասին կը փոխէ նաեւ արժեչափեր եւ մարդ որոշ ժամանակ ետք կը նկատէ, որ շատ արժէքաւոր ճշմարտութիւններ դարձած են անարժէք, իսկ շատ մը անարժէքներ՝ արժէքաւոր։ Այդ արժեչափերու փոփոխութիւնն է շատ թանկարժէք կարծուած ծանօթ մը տարիներու ընթացքին կը դարձնէ. իր երիտասարդութեան առողջութիւնը երկրորդական նկատող երիտասարդը աւելի ուշ կը գիտակցի անոր կարեւորութեան եւ այդ չափանիշներու հիման վրայ «ոնց»ը կ՚որոշուի։

«Ինքս էլ խրատ կարդացողին ոչ յարգում եմ, ոչ հանդուրժում»

Հաւանական է որ պատանեկութեան եւ երիտասարդութեան շատեր փորձած են խրատել անտարբեր Պարոյրը, ինչ որ նեղութիւն կը պատճառէր բանաստեղծին։ Կարելի է կեանքի մէջ կեանքի դասը միակն է, որ այդքան անկարեւոր, իսկ որոշ ժամանակ ետք շա՜տ կարեւոր կը դառնայ։ Ներկայ երիտասարդները եւս կ՚ատեն խրատները, սակայն կամայ թէ ակամայ ժամանակ մը ետք կը դառնան խրատողներ, որովհետեւ անփորձը կը դառնայ փորձառու եւ իր տեղ կու գան նոր անփորձներ եւ այսպիսով կը դառնայ կեանքի անիւը շարունակ։

«Տափակ թէ սուր քարոզներից ինքս էլ եմ միշտ, տղաս, խորշում»։

Կեանքի խրատները Սեւակ «տափակ» եւ «սուր» կը կոչէ։ Տափակ՝ որովհետեւ խրատողը անպայմանօրէն փորձառու կ՚ըլլայ այդ բոլորին եւ միայն փորձառու մարդը կրնայ խրատող դառնալ։ Այդ խրատները սակայն «սուր» են, որովհետեւ կամայ թէ ակամայ մօտեցող ցաւը վիշտն ու չարչարանքը կը մատնանշէ, որմէ անպայմանօրէն իր բաժինը պիտի ստանայ ունկնդիր խրատուողը։

•շարունակելի

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -108-

Օր մը երկու եկեղեցականներ իրարու հետ «լատես» կը խաղան եւ կ՚որոշեն ով որ միւսէն բան մը առնէ եւ մոռնայ «լատես»ը՝ պարտուած դուրս կու գայ։

Առիթով մը եկեղեցականներէն մին պատարագող կ՚ըլլայ։ Հերթը կը հասնի վերաբերումին։ Հրեշտակայինը կ՚երգուի, եկեղեցականը խորանին կենդրոնը կանգնած անձնական աղօթքները կ՚արտասանէ։

Աղօթքը աւարտելէ ետք կը դառնայ, որպէսզի սկիհին խնկարկութիւն մը ընէ եւ սկիհը վերցնէ։ Յանկարծ կը տեսնէ վերաբերում ընողն ու սկիհը բերողը «լատես»ի քահանան է։ Բազմատասնեակ հաւատացեալներ զինք կը դիտեն. չի կրնար սկիհը չառնել եւ հակառակ «լատես»ը յիշելուն, պարտուած դուրս կու գայ...

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ 

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 30, 2022