ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

«Անատոլու քիւլթիւր»ի հովանաւորութեան ներքեւ գործող Թոփհանէի «Տեփօ»ի երդիքին տակ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ քննարկում մը, որ վերնագրուած էր՝ «Թուրքիոյ մէջ զանազանութիւն եւ Հայաստանի հետ մշակութային համագործակցութիւն»։ Նիստը վարեց Թամար Նալճը։ Ատենախօսներն էին մեր համայնքէն արուեստագէտ Գրիգոր Սահակօղլու, ինչպէս նաեւ երաժշտագէտ տոց. Պուրճու Եըլտըզ, ճարտարագէտ Իսմայիլ Եավուզ Էօզքայա եւ Դանիոյ Արտասահմանեան հետազօտութիւններու կաճառէն տքթ. Սալիմ Այքութ Էօզթիւրք։

Հարկ է նշել, որ ներկայիս «Անատոլու քիւլթիւր» կը նշէ իր հիմնադրութեան 20-ամեակը։ Այս յոբելեանի շրջանակին մէջ կը կազմակերպուին շարք մը ասուլիսներ, որոնց շարքին երրորդն էր այս մէկը։ Ծրագիրը պիտի շարունակուի մինչեւ դեկտեմբերի 6-ը։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 1, 2022