ՎԵՐԱԶԻՆԵԱԼ ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑ

Հայաստանի առողջապահութեան հաստատութիւններու կատարելագործման ու մանաւանդ՝ թեքնիք վերազինման ուղղեալ ծրագիրները կը շարունակուին։ Այս ծիրէն ներս վերջին օրերուն վիրահատութեան նոր սրահ մը բացուեցաւ Երեւանի «Ֆանարճեան» ուռուցքաբանական ազգային կեդրոնի համալիրէն ներս։ Գործողութեան այս նոր սրահը յագեցած է արդիական բոլոր միջոցներով։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 1, 2022