ՌԻՔԵՐԻ ԵՐԵՒԱՆ ԱՅՑԸ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ Երեւանի մէջ հիւրընկալեց ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի ամերիկացի համանախագահ, Կովկասի բանակցութիւններու հարցերով Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարի աւագ խորհրդական Ֆիլիփ Ռիքերը, որ ներկայիս տարածաշրջանային այցելութեան մը ձեռնարկած է։ Պաքու եւ Թիֆլիզ այցելելէ վերջ Երեւան ժամանած ամերիկացի դիւանագէտը օրուան տեւողութեան ընդունուեցաւ նաեւ Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի կողմէ։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, երէկուան հանդիպման ընթացքին Նիկոլ Փաշինեան ողջունեց Ռիքերի տարածաշրջանային այցելութիւնը եւ բարձր գնահատեց Ուաշինկթընի դերակատարութիւնը՝ որպէս ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ։

Փաշինեան եւ Ռիքեր քննարկեցին Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին՝ ներառեալ Ստեփանակերտի եւ Պաքուի միջեւ քննարկումներու միջազգային դրութեան ձեւաւորման վերաբերեալ հարցեր։ Անոնք կարծիքներ փոխանակեցին Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման, տարածաշրջանային կայունութեան ու անվտանգութեան վերաբերեալ այլ հարցերու շուրջ։

Զրուցակիցները անդրադարձան նաեւ հայ-ամերիկեան ռազմավարական երկխօսութեան շրջանակներէն ներս համագործակցութեան վերաբերեալ հարցերու։ Կարեւորուեցաւ ԱՄՆ-ի շարունակական աջակցութիւնը՝ Հայաստանի ժողովրդավարական բարեփոխումներու արդիւնաւէտ իրականացման ուղղութեամբ։

ԼՈՑԻ ՄԷՋ ԵԼՈՅԹ

Միւս կողմէ, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան երէկ Լեհաստանի Լոց քաղաքին մէջ մասնակցեցաւ ԵԱՀԿ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու 29-րդ հաւաքին, որու ընթացքին ունեցաւ ելոյթ մը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, նախարար Միրզոյեան ելոյթին մէջ ընդգծեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի իրաւունքներու եւ անվտանգութեան հարցը պէտք է համակողմանիօրէն հասցէագրուի։ Անդրադառնալով Երեւան-Պաքու յարաբերութիւններու առկայ ընթացքին՝ Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան ժողովի ընթացքին ըսաւ. «Մեր պետական սահմանի սահմանազատման գործընթացը պէտք չէ վերածուի Հայաստանի դէմ տարածքային պահանջներ ներկայացնելու գործիքի»։

Բաց աստի, Արարատ Միրզոյեան երէկ Լոցի մէջ շարունակեց նաեւ իր երկկողմանի հանդիպումները։ Այս ծիրէն ներս արտաքին գործոց նախարարը մէկտեղուեցաւ նաեւ Եւրոպական Միութեան Անվտանգութեան քաղաքականութեան եւ արտաքին յարաբերութիւններու գերագոյն յանձնակատար Ժոզէֆ Պորելի հետ։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 2, 2022