Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔ. ԱԹԷՇԵԱՆ ՈՒՐՖԱ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ՝ ՍՈՒՐԻԱՅԷՆ ԱՊԱՍՏԱՆԱԾ ՀԱՅ ԸՆՏԱՆԻՔՆԵՐՈՒ ՀԵՏ ՏԵՍԱԿՑԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան այ­սօր միօ­րեայ այ­ցե­լու­թիւն մը կու տայ Ուր­ֆա, ուր կը հե­տաքրք­րուի Քո­պա­նիէն խոյս տա­լով Թուր­քիա ա­պաս­տա­նած խումբ մը հա­յե­րու կա­ցու­թեամբ։ Այ­ցե­լու­թեան ըն­թաց­քին ի­րեն կ՚ըն­կե­րա­նայ Տ. Տրդատ Քհնյ. Ու­զու­նեան։

Պատ­րիար­քա­րա­նի աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, Սու­րու­չի մէջ ա­պաս­տա­նեալ­նե­րու հա­մար ստեղ­ծուած վրան-ա­ւա­նը կ՚այ­ցե­լէ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը։ Սու­րիոյ ներ­քին պա­տե­րազ­մի մթնո­լոր­տին մէջ Թուր­քիոյ մօտ ա­պաս­տան գտած հոծ թի­ւով ա­պաս­տա­նեալ­ներ կը գտնուին այս­տեղ։ «Իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւն» ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւոր­ման վեր­ջին յար­ձա­կում­նե­րուն բե­րու­մով այս­տեղ ա­պաս­տա­նած է նաեւ ե­րեք հայ ըն­տա­նիք։ Ա­նոնց­մէ մէ­կուն պա­րա­գա­յին ա­մու­սի­նը ար­դէն մա­հա­ցած ըլ­լա­լով՝ մայրն ու չորս զա­ւակ­նե­րը հա­զիւ կրցած են ա­պաս­տա­նիլ Ուր­ֆա։ Այ­սօ­րուան այ­ցե­լու­թեան ըն­թաց­քին Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նոր­դը կը տե­սակ­ցի սոյն ըն­տա­նիք­նե­րուն հետ, կը հե­տաքրք­րուի ա­նոնց կա­րիք­նե­րով եւ լուծ­ման հե­ռան­կար­նե­րով։

Յետ­մի­ջօ­րէին Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան կը մէկ­տե­ղուի նաեւ Ուր­ֆա­յի կու­սա­կալ Իզ­զետ­տին Քիւ­չիւ­քի հետ։ Կը նա­խա­տե­սուի, որ Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդն ու Տէր­հայ­րը ե­րե­կո­յեան ժա­մե­րուն ար­դէն վե­րա­դար­ձած ըլ­լան քա­ղաքս։

Երեքշաբթի, Յուլիս 7, 2015