ԱԴԱՄԵԱՆ ԻՐ ՄՏԵՐՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ - ՏԻԳՐԱՆ ԵՍԱՅԵԱՆԻ «ԱԴԱՄԵԱՆ ԻՐ ՄՏԵՐՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ» ՅՈՒՇԱԳՐՈՒԹԻՒՆԸ
Եթէ դժուարահաճ մասնագէտներ, իր նկարչական արտադրութեանց մէջ տեսնել ուզեն մէկէ աւելի թերութիւններ, պիտի չկարենան, սակայն չխոստովանիլ, թէ ունին այնպիսի յատկութիւն մը, որ շատերուն կը պակսի եւ որ չի ստացուիր փորձառութեամբ կամ աշխատութեամբ: Իր նկարները ընդհանրապէս փորթրէներ եղած են. նախ՝ այդ փորթրէներուն մէջ նկարչական բարձր իմացողութիւն կայ. շինողը շատերէն աւելի լաւ ըմբռնած է գծերու, ստուերներու, լոյսի խաղերու նշանակութիւնը, եւ այդ փորթրէներուն իբր հոգեբանութիւն ունեցած արժանիքը կարելի է ըմբռնել միայն ճանչնալով կամ ապրած ըլլալով այն անձերուն հետ, որոնք ներկայացուած են Ադամեանի վրձինով: Իբր արուեստ իր ամենէն աւելի պակասաւոր, ամենէն անխնամ փորթրէներուն մէջ իսկ կարելի է ճանչնալ մարդը, ոչ դիմագծութեան երկրաչափական ճշդութեամբը ստացուած մարդը, որ մեքենայով ալ կատարելապէս կը ստացուի. այլ մարդը իր հոգեկան կողմովը կարելի է կարդալ Ադամեանի նկարած աչքերուն մէջ: Թող չափազանցութիւն չնկատուի ասիկա, մէկէ աւելի հաստատութիւններ դիւրին է գտնել մասնաւորապէս մեծ մարդուն ընտանեկան շրջանակներուն մէջ, ինչ որ պակսած իբր նկարիչ՝ փորձառութիւնն է, ինքն ալ գիտէր ասիկա եւ ցաւելով կը հաստատէր: Ճարտարութեամբ կը գծագրէր յախճապակի սկաւառակներու վրայ ճրագի մուրով զանազան գլուխներ, ընդհանրապէս իր ստեղծագործած շէյքսփիրեան դիմակներն էին իր ընտրած նիւթերը. այդ քառորդ ժամու մէջ արտադրած գործերն իսկ բաւական են՝ ապացուցանելու իր նկարչական կարողութիւնը:
Իսկ իր նկարչութեան մէջ ամենէն աւելի կատարելութեան հասցուցած ճիւղը նաթիւռ-մոռթի ճիւղն էր. մեծ ճաշակով գիտէր շարել իր պտուղները կամ առարկաները: Կը զգար ատոնց գոյներու բանաստեղծութիւնը. Ռուսաստան գնահատած են իր նաթիւռ-մոռթերուն նկարչական արժէքը եւ բաւական գոհացուցիչ գիներով ծախուած են այդ նկարներէն:
Մասնագէտի հմտութեամբ կը խօսէր նկարչութեան վրայ. տեսած էր ռուս ժամանակակից երեւելի նկարիչներու գործեր, այցելած էր մասնաւորապէս Փեթերսպուրկի Էրմիթաժը. կը բաղդատէր հին արուեստագէտները նորերուն հետ, կը վիճաբանէր շատերու հետ, նոյնիսկ այդ ըրած բաղդատութեանց մէջ ցոյց կու տար իրապաշտ դաւանանքի մեծ ձգտում մը. մեծ հիացմամբ կը յիշէր Քիէպէկ անուն դաշտանկարիչի մը ձմեռնային տեսարանները: «Իր նկարած ձիւնին առջեւ կը մսի մարդ, պէտք է կոճկուիլ, փալթոյի օձիքը պէտք է վեր դարձնել, քամին կ՚անցնի այդ նկարներու խորէն, պաղը կը զգաս». ու այսպէս կ՚արտայայտէր իր զգացումները նոյն ուժով, որ կը զգար, բացատրութեան ամենէն հզօր ձեւերով:
Իր մէջ կ՚երեւար միշտ դերասանը. դերասան էր իր շարժումներով, ձեւերով, դիմագիծերու այլափոխութեամբը, բացատրելու ազդեցիկ եղանակովը: Բեմի վրայ ներկայացուցած հերոսներուն համեմատական հսկայացումը ազդած էր դերասանին ներքին կեանքին վրայ, իրեն բնական վիճակ դարձած էր, ու այսպէս կը խառնուէր վերջապէս այն զանազան անձնականութեանց հետ, որոնց մէջ ապրած էր. Տիտրոյի հետ պահ մը դիտել հարկ կ՚ըլլայ, թէ դերասանը ամենէն աւելի իր բուն եսը կորսնցնելու ենթակայ էակն է:
Ադամեան չէր այն կարգ մը անձերէն, որոնք կեանքի մէջ գտած յաջողութեամբ կամ իրենց նմաններուն վրայ ունեցած որեւէ մէկ առաւելութեամբ, անտեղի եւ յիմար գոռոզութիւններ կ՚ունենան: Ակներեւ է, որ կը զգար իր մեծութիւնը, «Je suis quelque chose et je fais quelque chose» կ՚ըսէր օր մը իր բարձրութեան կատարելապէս գիտակից ու վստահ շեշտով մը, բայց այդ գիտակցութիւնը բնաւ չէր արգիլեր զինքը միանգամայն ուրիշներուն ալ բան մը ըլլալնին կամ բան մը ընելնին հասկնալու: Կը հիանար ճշմարիտ կարողութեանց վրայ. շատ անգամ իր հիացման սաստկութեան մէջ ինքզինք ստորնագոյն իսկ կը՝ զգար. «Ինձմէ շա՛տ բարձր է ան», կ՚ըսէր. չէր վարաներ ուրիշ արուեստակիցի մը տաղանդը խոստովանելու, մեծ էր հոգւով, ինչպէս տաղանդով:
Իր առջի եկած տարին Բերայի խանութներէն մէկուն մէջ ի տես գրուած կային մեր ծանօթ արձանագործ Երուանդ Օսկան էֆէնտիի ըմբիշներու եւ կաքաւողներու արձանիկներ: Ադամեանին հետ միասին գացինք զանոնք տեսնելու. երկար ատեն դիտելէ ետք, «Ես գլխիբաց կը ծնրադրեմ. կ՚ըսէր յափշտակուած, այս մարդուն շինած ծունկերուն առջեւ», եւ այդ օրէն ետք միշտ հիացմամբ կը խօսէր արուեստագէտին վրայ, կը յիշէր միշտ այդ արձանները ու «անհունապէս բարձր» կը գտնէր զինքը տաղանդով: Ոչ միայն կը գնահատէր կատարելութեան հասած մեծ տաղանդները, այլ նոյն իսկ ուշադրութիւն կը դարձնէր մասնաւոր կարողութեամբ մը օժտուած երիտասարդութեան վրայ, սիրով կ՚ընէր իր դիտողութիւնները, խիստ էր իր քննադատութեանց մէջ, «շատեր կը շփոթեն տաղանդը փափաքին հետ, կ՚ըսէր, երբ բան մը ընելու փափաք ունին, կը կարծեն, որ ատոր պէտք եղած կարողութիւնն ալ միասին ունին, եւ ի զուր կը յամառին աշխատիլ», ու յաճախ ալ շատ շռայլ իր գովեստներով, մինչեւ սկսնակներուն անտեղի յաւակնութիւններ ներշնչելու չափ վը-տանգաւոր:
Գրեթէ տարի մը բոլորած էր Ադամեան՝ Պոլիս հասնելէն ի վեր, պարագաներու անյարմարութիւնները յետաձգել տուած էին միշտ իր՝ դէպի Անգլիա ընելիք ուղեւորութիւնը: Ռուսաստանէն նոր առաջարկութիւններ եղան, չուզեց համաձայնիլ՝ իր Լոնտոն երթալու փափաքին իրագործուիլը չուշացնելու համար. առաջին յարմար առիթով մը կ՚ուզէր մեկնիլ:
Այն օրերն էր, երբ դերասանին համակրող հասարակութիւնը առաջարկեց իր Յոբելեանը կատարելու գաղափարը. որոշեց մնալ դեռ. կազմակերպուած Կարգադիր մասնախումբին ջանքերով կատարուեցաւ վերջապէս Յոբելեանը, ուրկէ յառաջ գալիք հասոյթով Ադամեան պիտի պատրաստուէր մեկնիլ: Ահա ճիշդ հետեւեալ օրէն սկսան տարաբախտ դերասանին ձախորդութիւնները. մինչդեռ ինք կը պատրաստուէր նոր գործունէութեան մը, նոր յաղթանակներու, երբ քայլ մը միայն կը բաժնէր զինք իր երազներուն գագաթնակէտէն, ճիշդ այդ պահուն էր, որ կը սկսէր իր անկումը. այդ օրէն պիտի մերկանար իր յոյսերէն, պիտի թողուր այն ամէն բան, որ զինք այդ վիճակին հասցուցած էր: Այն Յոբելեանը, զոր պոլսահայ հասարակութիւնը կատարեց իր հայրենակցին, դերասանին քսանհինգամեայ գործունէութեան դամբանականը ըլլալու սահմանուեցաւ: Այն գիշերը, ուր Յոբելեանը կատարուեցաւ, Ադամեան արտասովոր յոգնութիւն մը զգացած էր. նոյն գիշերը ուրիշ միջադէպէ մըն ալ չափազանց յուզուած, գրեթէ ամբողջ գիշերը տանջուած էր եւ երկրորդ առաւօտ կ՚արթննար կոկորդի սաստիկ ցաւով մը. «Ահա ճիշդ այն օրէն երեւան ելաւ իմ հիւանդութիւնս», կ՚ըսէր օր մը իր մահուընէ քանի մը շաբաթ առաջ: Մէկ-երկու օր ինքզինքը դարմանելէ ետք՝ յաջորդ շաբաթ, թաղապետութեան պարտէզին թատրոնին մէջ կու տար իր Ուրիել Ակոսթային առաջին ներկայացումը, հազիւ յիսուն հոգիէ բաղկացած հասարակութեան մը առջեւ, որուն մէկ քառորդը օտարներ էին:
Ներկայացումէն երկու օր ետք, երբ զինք տեսայ, տխուր շեշտով մը. «Կեանքս վտանգի մէջ կը դնեմ, կ՚ըսէր, սիրտս կը պատառուի, հոգիս կը մաշեցնեմ, եւ այդ բոլորը պարապ թիկնաթոռներու ունկնդրութեան միայն արժանանալու համար», արուեստագէտը իրաւամբ վիրաւորուած կը զգար ինքզինք, «կը զգամ, որ զգալաբար կը պակասի ինծի հարկաւոր ուժը». աչքերը գրեթէ լեցուած էին, կարծեմ շատ բաներ կ՚անցնէին խեղճին մտքէն:
Այդ օրերուն մէջ իր կրած յուզման սաստկութիւնը, անոնք միայն լաւ կրնան վկայել, որ իր սրտակիցներն ու շատ ընտանիներն էին. քանի մը տարի հազիւ անցած են այդ օրերէն ի վեր, որով շատ կանուխ կ՚ըլլայ մէջբերել այնպիսի մանրամասնութիւններ, որոնք կրնան բացատրել իր բարոյական վիշտերուն պատճառները: Ութ օր չանցած՝ երկրորդ Ուրիել Ակոսթայի ներկայացում մը առաջարկուեցաւ Շահպաղ գիւղին դպրոցին ի նպաստ: Դերասանը 25 ոսկի պահանջելու ոճիրը գործած ըլլալուն, ամէն տեսակ քննադատութեանց ու անարգանքներու առարկայ եղաւ հրապարակաւ ամենէն անիրաւ, ամենէն ստորին խօսքերով անպատուեցին զինքը, չխղճացին վիրաւորել այն մարդը, որ բարութեան անձնաւորութիւնն էր: «Ես միայն օ՞դ շնչելով կ՚ապրիմ», կ՚ըսէր. շատ արդարացի էր Հրանդի դիտողութիւնը, երբ կը գրէր, թէ «Ի՞նչ ընել պարտի Ադամեան, երբ գիւղերն ու թաղերը յաջորդաբար դիմեն հայ դերասանին, մին իր ելմտացոյցին բացը ցուցնէ, եւ միւսը՝ թաղային արկղին դատարկութիւնը: Հապա բան մը ըսել պէտք չէ՞ մեր ունեւոր ձեռքերու, որոնք յանձնախմբին տոմսակները ետ ղրկած էին… Անոնք որ 25 դահեկան զլացած էին, Ադամեանի 25 ոսկիի պահանջին մասին կծանող լեզուաւ քննադատութիւն ըրին ու կ՚ընեն»:
Այս վերջին դէպքերը աւելի ազդեցին իր ջղուտ կացութեան վրայ, բարոյական տագնապներուն շեշտուելով, նպաստեցին իր առողջութեան խանգարման: Անկեղծ ըլլալու համար աւելցնենք նաեւ, թէ ինքն ալ իր առողջութեան վերջին ծայր անզգոյշ, մէկ կողմանէ ըմպելիներու չափազանց գործածութեամբ, միւս կողմանէ, իր տաղանդին փայլին միացած բնական գեղովն ալ գեղեցիկ սեռէն շատ գնահատուած, անխնայ մաշեցուց իր կեանքը:
Ուրիելի վերջին ներկայացումէն ետք բոլորովին կորսնցուցած էր արդէն իր ձայնը. այդ օրերուն որոշեց ճամբորդութիւն մը ընել՝ յուսալով, որ օդափոխութեամբ պիտի գտնէր վերստին իր կենսատու տարրը: Նախ ուզեց Զմիւռնիայէն անցնիլ ու հոն քանի մը ներկայացումներ տալ, յետոյ անկէ, եթէ կարելի ըլլար, երթալ ուղղակի Եւրոպա: Ամէն բան կարգադրած էր, խումբը՝ իրմէ առաջ մեկնած. Զմիւռնիոյ հասարակութիւնը կը սպասէր մայիս 5-ի առաջին Օթելլոյի ներկայացման: Սակայն Ադամեանի ձայնը բարւոքելու որեւէ երեւոյթ մը չցուցնելէ զատ, այն օրերը կոկորդի սաստիկ ցաւերով շատ աւելի կը տառապէր: Անկարելի է մոռնալ այդ մարդուն սոսկալի տագնապը, երբ մեկնելու առջի իրիկունը եկած էր իր մնաք բարովն ըսելու: «Ի՞նչ պիտի ըլլայ պատիւս, կ՚ըսէր շարունակ, երբ այս ձայնովս ներկայանամ հասարակութեան»: Բեմ ելլելէ առաջ ապսէնթ ու ասոր նման ալքոլներով կը խորհէր ձայնը գէթ քանի մը ժամ վերստանալ. գուցէ ալ այսպէս ըրաւ, թէ չէ օդափոխութեան ժամանակաւոր տարբերութիւն մը կրեց, վասն զի իր դարձէն ետք, գրեթէ ամբողջ ամառը կոկորդը բաւականին հանգստացած էր: Արդէն շատ աւելի գոհ ու հոգեկան անդորրութեամբ դարձած էր. հոն գտած համակրելի ընդունելութիւնը սփոփած էր զինքը ու քիչ մը փարատած էր մեկնելէն առաջ կրած դառնութիւնները: Սապէս կը գրէր 28 մայիս Զմիւռնիայէ իրմէ ստացած նամակիս մէջ. «…Առանց ի նկատի առնելու կլիմային անյարմարութիւնները, գործերու տաղտուկ վիճակով սաստիկ կը տառապիմ, որոնք հակապատկեր կը կազմեն ժողովրդեան ցոյց տուած սիրալիր պատւոյն եւ ընդունելութեան: Երեւակայէ՛, որ յընթացս օրուան, հազիւ կարողացայ չորս ներկայացում տալ, իւրաքանչիւրն ալ օդին գէշութեան պատճառաւ մի քանի անգամ յետաձգելով. տակաւին անհրաժեշտ ծախքերը հազիւ կարողացանք հանել, այդ ալ ի շնորհս Համլեթի ներկայացման, որ կրնամ ըսել մեծ յաջողութեամբ ներկայացուցի երէկ երեկոյ, բաւականին ստուար բազմութեան մը առաջ: Երբեմն կը խորհիմ, որ եթէ ընդունած ծափերս եւ լսած գովեստներս կարելի ըլլար ոսկիի փոխարկել Ռոչիլտի հետ մրցելով, գուցէ ես սնանկացնէի անո՛ր: Ի՞նչ տխուր բան է Տանիմարքայի արքայորդւոյն տարազն ու պատկերը կրել, անոր հոգեկան բոլոր կիրքերը ներկայացնել ու հայ դերասանի ծակ գրպանը ունենալ…»:
Ինչպէս տեսանք, դերասանը իր դարձէն ետք շատ աւելի առողջ ու ապաքինելու յոյսով աւելի զուարթացած, դարմանել կու տար ինքզինքը տօքթէօռ Սեղբոսեանին ու վերջը տր. Ֆոթիատիսի:
Նկարելով ու գրականութեամբ կ՚անցընէր իր օրերը. այդ օրերուն մէջ իր ամենէն մեծ զուարճութիւններէն մէկն ալ ձկնորսութիւնն էր: «Եթէ զիս տեսած ըլլայիր, կ՚ըսէր, Ոլկայի վրայ, ամէն առաւօտ մակոյկին մէջ», ու օր մը կը յիշեմ, որ մինչեւ իրիկուն կարթերը ոլորելով ու կապելով զբաղեցաւ շարունակ ձկնորսութեան վրայ խօսելով: «Զիս մինակ մի՛ թողուք, կը խնդրէր, այժմու միակ սփոփանքս բարեկամներս են»: Չափազանց կը նեղուէր Պէօյիւքտէրէի կեանքէն. «Ատելով կ՚ատեմ այդ մէօսիէօ Բոլ, մէօսիէօ Վէնսան կոչուող կարգ մը արարածները, անտանելի է այդ ապուշներու ընկերութիւնը, կարելի չէ երկու լուրջ խօսք ըսել»: Շատ անգամ երբ իր սիրելի թատերաբեմը կը յիշէր, ինքզինքէն ելած կը պոռար յանկարծ իր խղդուկ ձայնով. «Փչեցէ՛ք հողմեր, փչեցէք. տե՛ս ինչպէս ձայնս կ՚ելլէ»: Վերջին ծայր տխուր բան մը ունէր Ադամեանի այդ կացութիւնը, ինքն ալ վայրկեաններ ունէր, ուր սոսկալի մտատանջութեան մէջ կ՚իյնար, երբ կը խորհէր իր ձայնին այդ վիճակին վրայ: Բայց միշտ ալ կատարեալ հաւատք ունեցաւ իր բժշկուելուն. «Գիտեմ, կ՚ըսէր, Աստուած պիտի բուժէ զիս, իմ պաշտպան հոգիներս պիտի չթողուն զիս այսպէս», ու կատարելապէս համոզուած էր ասոր: Այդ միջոցին էր, որ կը շեշտուէր իր մէջ կրօնական զգացումը, անյագաբար կը կարդար կարգ մը բնազանցական գրութիւններ, Լավաթեր իր աւետարանը եղած էր: Կ՚ընդունէր ու կը պաշտպանէր հոգեխօսութիւնը իբր բացարձակ եւ անվիճելի ճշմարտութիւն, այդ օրերուն չկար բան մը, որ զինքը գրաւէր այնպէս, ինչպէս հոգեխօսութիւնը, չէր տարակուսած վայրկեան մը այն հոգիներու գոյութեան, որոնց հետ միշտ ու ամէն տեղ հաղորդակցութեան մէջ ըլլալ կը կարծէր, կ՚ոգէր զանոնք անընդհատ, ալ իրական աշխարհի մէջ չէր որ կ՚ապրէր. իր երեւակայութեան մէջ ապրող հոգիներ միայն կը կառավարէին զինքը, անոնց խորհուրդով միայն կը գործէր, իրենց կը հարցնէր, թէ ինչպէս պէտք էր ընել, թէ պէ՞տք էր բժիշկին տուած պատուէրին հետեւիլ կամ չհետեւիլ. անոնք կը վստահացնէին զինք, թէ պիտի բուժուէր կատարելապէս, թէ պիտի առնէր նորէն իր ձայնը, պիտի տեսնէր իր երազներուն իրագործուիլը: Իր ամէն պէտքերուն ու կարողութեանց յատուկ զատ պաշտպանները ունէր, «Իմ հայրս ու բժիշկս Որփէոսը» կը կրկնէր: Ծերունիի մը գլուխ նկարած էր, որուն մէջ կ՚ուզէր տեսնել իր «հօրը ու բժիշկին հաւատարիմ պատկերը»: «Որփէոս հայրիկը ինձ կը վստահացնէ», կ՚ըսէր ու կը ցուցնէր այդ ծերունին:
Իր բեմական արուեստին պաշտպանն էր Ռաշէլ, անոր կը խորհրդակցէր իր յառաջիկային պատրաստելիք Մաքպէթի դերին համար: Նկարչութեան համար՝ Լէոնարտօ տա Վինչի զանազան ուրուագիծեր գծած էր, որոնց համար կ՚ըսէր, թէ մեծ վարպետին թելադրութեամբ շինուած են: Արդարեւ ալ այդ նկարները կը յիշեցնէին Վերածնութեան վարպետներուն թողած ուրուագիծերը, հաստատուն ու տոկուն գծերով գլուխներ կամ մարմիններ, կրկին ու բարակ գիծերով ալ մսերուն անդամազննական ուղղութիւնը նշանակուած: Այսպէս Ադամեան, ինքզինք ամբողջովին իր երկնային հոգիներուն պաշտպանութեան յանձնած, կը մոռնար վտանգը ու չէր խորհեր տխուր իրականութիւնը: Բայց երբ աշնան օրերուն հետ իր առողջութիւնն ալ սկսաւ հետզհետէ վտանգուիլ, երբ տեսաւ, որ փոխանակ իր յուսացած բարւոքման, իր ցաւերն ալ օրէ օր կը սաստկանային, եւ մանաւանդ երբ իր բժիշկին վկայութեամբն ալ իր հիւանդութեան հիւծախտ ըլլալուն համոզուեցաւ, այն ատեն թունաւորուեցաւ արուեստագէտին հոգեկան անդորրութիւնը: Թէեւ միշտ յուսաց ու հաւատաց, բայց նոյնը չէր Ադամեան: Յոյս մը միայն մնացած էր, «Նա՛, Աստուա՛ծ» կը կրկնէր մատովը երկինք ցուցնելով: Հոգեխօսութեան եռանդը քիչ մը մարած կ՚երեւար այն օրերուն: Շաբաթը երկու անգամ կ՚երթար տեսնել իր բժիշկ ու բարեկամը տր. Ֆմթիատիսը, «Մեծ հոգի մը գտայ իր մէջ, կ՚ըսէր, արթիսթ է այդ մարդը»: Բժիշկին զանազան դիրքերու մէջ լուսանկարները շարած էր սեղանին վրայ. «Տեսէ՛ք՝ ինչ ազնիւ կերպարա՜նք ունի այդ գլուխը, կ՚ըսէր, զիս խնամած է եղբօր մը պէս», ու կը համբուրէր իր բժիշկին դէմքը: Այդ օրերուն Օթելլօ մը նկարեց՝ իրեն նուիրելու համար: Մինչեւ ձմեռուան վերջը այդ վիճակին մէջ ապրեցաւ դերասանը, մերթ անկողին մնալու չափ հիւանդ, մերթ քիչ մը ապաքինած, մինչեւ իսկ կրցաւ երկու անգամ բեմի վրայ երեւալ. իր վերջին ներկայացումները եղան ասոնք: Այն օրերուն մէջ կորսնցուց իր մէկ սիրելի հօրաքոյրը, «Ինձ մայրութիւն ըրած էր այդ կինը», կ՚ըսէր ու մօր մը կորուստին ցաւն ալ զգաց խեղճ մարդը: Իր հիւանդութիւնը սաստկացած օրերուն մէջ թող չէր տար, որ իրեն շատ մօտ նստէին. «Կ՚ուզեմ ամէնքդ ալ համբուրել, բայց ո՛չ, ո՛չ, դուք երիտասարդ էք, կրնաք վնասուիլ», կ՚ըսէր: Չեմ յիշեր այնքան սրտաճմլիկ բան մը, որքան Ադամեանը այդ օրերուն մէջ: «Գիտեմ ի՛նչ նեղութիւն կու տամ զիս խնամողներուն», կ՚ըսէր: Անկողնին մէջ պառկած, հանդարտ նայուածքով մը, խաղաղ աչքերը կը պտտցնէր իր այն սիրելի առարկաներուն վրայ, որոնցմով զարդարած էր իր սենեակը. բարեկամներու լուսանկարներ պատերուն վրայ, իրեն եւ ուրիշ նկարիչներու շինած նկարներ, իր թատերաբեմի վրայ գործածած զէնքերէն, Լիրի սաղաւարտը: Սեղանին վրայ ցիր ու ցան գիրքեր: «Տես, կ՚ըսէր այդ շիշի մէջ դրուած ծիրանի ճիւղը, քանի օրէ կը դիտեմ, ինչպէ՞ս բողբոջները սկսան ծաղկիլ, կը տեսնե՞ս, ահա, ես հո՜ն կը գտնեմ Արարիչը, կը զգամ ամէն վայրկեան իր ներկայութիւնը, անհունապէս բարի է ան, ան զիս պէտք է բժշկէ»: Ձայնը կ՚ընդմիջուէր իր տաժանելի հազերովը, դէմքին կանաչը կապոյտի կը փոխուէր, արեան բիծերը իր նիհարութենէն ցցուած այտերուն վրայ բաղադրուելով կապոյտին հետ մանիշակագոյն կ՚ըլլային, ու անհնարին ցաւերու մէջ գլուխը կը ձգէր բարձին վրայ ու աչքերը գոց քանի մը վայրկեան կը մնար անշարժ: «Կը զգամ կոկորդիս մէջ կարծես ապակիի քառակուսի կտոր մը, որ կ՚արգելէ ինձ գլխու որեւէ շարժում, ու զարհուրելի ցաւերով հազիւ կրնամ կուլ տալ կէս բաժակ ջուր»:
Մարտի սկիզբը իր հիւանդութեան պէտք եղած լաւագոյն հոգածութեան եւ խնամքին համար Ռուսաստանի հիւանդանոցը փոխադրուեցաւ: Տր. Պլէսկովի դարմաններով մեղմացան իր կոկորդի տառապանքները, ինքն ալ շատ աւելի սփոփած կը թուէր, կը յուսար քիչ ատենէն բոլորովին բժշկուիլ. «Սպասէ՛, կ՚ըսէր, երբ առողջանամ, Փեթերսպուրկ կ՚երթանք քեզի հետ, դուն այնտեղ իմ մօտս կը մնաս, հոն կը շարունակես քու նկարչութիւնդ»: Չէր գիտեր, թէ իր ամենէն հեռաւոր ճամբորդութիւնը անգամ մըն ալ մինչեւ Պէօյիւքտէրէ պիտի ըլլար. թոքախտը բոլորովին հիւծած էր զինք:
Երբ վերջին անգամ զինքը տեսնելու գացի, կիրակի ցորեկ մըն էր, չորս ժամէն աւելի մնացի այն օրը. քանի անգամ որ ելլելու պատրաստուեցայ, «Մի՛ երթար, վաղ է» կ՚ըսէր: Շատ աւելի զուարթ էր այդ օրը. «Բժիշկս ինծի վստահացուց, որ մինչեւ ամսուան վերջը կատարելապէս առողջացած կ՚ըլլամ»: Այսպէս, թիկնաթոռին մէջ, վերարկուի մը փաթթուած, իր անմոռանալի գլուխը ճերմակ բարձի մը կրթնցուցած, կը խօսէր հանդարտ: Շատ մը խրատներ տուաւ այդ օրը, իր խօսակցութիւնը ակամայ օրհասականի մը վերջին ողջոյնին հանգամանքը ունէր: «Միշտ սիրես զԱստուած», կ՚ըսէր. կը խրատէր զգուշանալ նիւթական ամէն վայելքներէ, «ջանա՛ ըլլալ, մշակէ՛ միշտ նկարչութիւնդ եւ չմոռանաս օր մ՚ալ իմ դէմքս նկարելու»: Իր աչքերուն մէջ անհուն գորով կար, ձայնին մէջ անհուն քաղցրութիւն:
Երկու օր ետք, իբր թէ օդափոխութեան համար, Ադամեանը Պէօյիւքտէրէ փոխադրած էին: Բաւական ուժ չունեցայ երթալ կրկին տեսնելու զինքը այդ օրերուն, նոյն իսկ իմացայ, թէ չերթալուս համար վշտացեր է: Իր հիւանդանոցէն ելլալէն երկու շաբաթ յետոյ, առտու մը, որ Գեղարուեստից վարժարանին սրահէն ներս կը մտնէի, սեմին վրայ գամուած մնացի, երբ ընկերներէս մէկը եկաւ զրուցել, թէ Ադամեան մեռեր է:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
•շար. երէկի թիւէն եւ վերջ