ՊՈՌՆԿՈՒԹԵԱՆ ԱԿԱՄԱՅ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔՆԵՐ

Բարեկամներէս մին, որ եօթ տարեկան աղջնակ մը ունի, յայտնեց, թէ արգիլած է աղջկան օգտուիլ արհեստագիտութեան «բարիք»ներէն եւ ժամանակ անցընել համացանցի վրայ զանազան ժապաւէններ դիտելով։ Այս արգելքին որպէս պատճառ կը յայտնէ, թէ առիթով մը մուտք կը գործէ սենեակ եւ կը տեսնէ, թէ եօթնամեայ աղջիկը գրեթէ կիսամերկ հայելիին դիմաց յետոյքը կը շարժէ եւ կը փորձէ կապկել համացանցի մէջ տարածում գտած պոռնկական շարժումները՝ առանց անոնց ետին գտնուող իմաստը գիտնալու։

Բարեկամիս աղջնակը միակը չէ որ ականատես կ՚ըլլայ այդ բոլոր արտառոցութիւններուն եւ այդ բոլորը «սիրուն» ու «ճիշդ» բան կարծելով սորվիլ եւ ընել կը փորձէ։

Անցեալին դժուարութիւններ ու չարչարանք տեսած սերունդ մը կ՚ապրէր որպէս «մանկութիւն չունեցող մարդիկ», այսօր եւս առանց այդ դժուարութիւններուն ու չարչարանքներուն ծնունդ կ՚առնէ այլ տեսակի «մանկութիւն չունեցող մարդ»կանց խումբ մը՝ որ մենք կը կոչենք նոր սերունդ։ Սերունդ մը՝ որ ի վիճակի է շա՜տ մը բաներ փոքր տարիքէն սորվիլ եւ ընդօրինակել, առանց կշռել կարենալու անոնց ճիշդ կամ սխալ ըլլալը։

Ցաւ ի սիրտ, այսօր համացանցի ընկերային էջերու վրայ ականատես կ՚ըլլանք տակաւին 12-13 տարեկան պարմանուհիներու արտառոցութիւններուն. 12 տարեկան աղջնակ մը մօտէն իր շրթունքները նկարելով լեզուն դուրս կը հանէ եւ կողմնակի «աչք» մը կ՚ընէ... գրաւիչ եւ կրքայարոյց շարժումներ ընելով. ուրիշ մը գրեթէ կիսամերկ ըլլալու չափ փէշ մը կը հագուի եւ կը փորձէ ցուցադրել իր ունեցածն ու չունեցածը։ Ուրիշ մը մեծահասակներու ներկերն ու շպարները երեսին, բարձր կօշիկ մը ձեռքին կ՚ուզէ մեծի մը տպաւորութիւն ձգել։

Արտաքինէն անցնելով հոգեկանին՝ յանկարծ կը տեսնես, թէ ինչպէս տակաւին 13 տարեկան պարմանուհին սիրոյ փիլիսոփայ դարձած սիրոյ պատճառած վիշտն ու ցաւերը կը փորձէ բացատրել՝ փորձառուի մը ինքնավստահութեամբ։

Մեր ժամանակ՝ երբ 13-14 տարեկան էինք, սէրը անհասկանալի, քիչ մը ամօթ ու երկչոտութիւն պատճառող զգացում մըն էր, սակայն այսօր համացանցը լեցուն է 12-13 տարեկան «զոյգ»երով, որոնք հաճոյք կը զգան համբուրուած ժամանակ նկարուելէ եւ այդ նկարը տարածելէ, մինչ մենք ժապաւէնի մը մէջ համբոյրի տեսարան մը տեսած ժամանակ կը փորձէինք այլ կողմ նայիլ, որ չըլլայ մեր հայրն ու մայրը տեսնէ, թէ ինչպէս կը դիտենք...։

Սարսափելին սակայն այն է, որ նման պարմանուհիներու արարքները շատ անգամ կ՚արժանանան նաեւ ծնողներու գնահատանքին. տակաւին 14 տարեկան «կիսամերկ» նկարուած պարմանուհիին նկարին տակ հազարումէկ կրքոտ երիտասարդներու կողքին մեկնաբանութիւն կը գրէ նաեւ հարազատ մայրը... այն ալ ի՜նչ հը-պարտութեամբ։

Այսօր ճամբան կը հանդիպիմ պարմանուհիներու, սակայն անոնց աչքերը անմեղութիւն ու մանկութիւն չեն բուրեր. անոնց հագուածը, արտաքին շարժումները եւ մանաւա՛նդ նիւթերը, որոնց մասին կը խօսին, համապատասխան չեն իրենց տարիքին... տակաւին այդ տարիքէն տարբեր հաճոյք մը զգալ կը փորձեն դասընկերի մը կամ անցորդի մը նայուածքէն։ Յաճախ իրար նայելով առանց բառ մը ըսելու կը ժպտին եւ յստակ կ՚երեւայ, թէ բարի ժպիտ մը չկայ անոր ետին։

Այլ խօսքով՝ մեր աչքերուն առջեւ, օր-ցերեկով մը պատանիները կ՚առաջնորդուին դէպի կործանում, դէպի մեղք։

Անոնք որոնք տակաւին կ՚ապրին իրենց մանկութիւնը, կրնան յետամնացներ սեպուիլ, որովհետեւ ներկայ ընկերութիւնը այդ մանկական աշխարհէն աւելի վերոյիշեալ աշխարհն է որ կը գնահատէ. 14-15 տարեկաններ այսօր խաղեր կազմակերպելու եւ խաղալու տեղ կ՚ուզեն դուրս գալ փողոց, սրճարան երթալ, պարել ու զուարճանալ եւ այս բոլորը պատճառ կ՚ըլլայ որ իրենց մէջ արթննայ դրամի գիտակցութիւնը։ Մեր ժամանակ մենք կը ծախսէինք այնքան՝ ինչքան կը տրուէր, սակայն այսօրուան պարմանուհին ծախսերու «տէր» է. եղունգները պէտք է ներկէ, մազերը խնամէ, նոր ու գրաւիչ հագուստներ առնէ եւ հիմնականը դուրս գայ եւ «սրճէ», որովհետեւ ինքզինք ոչ թէ պարմանուհիի այլ մեծահասակի տեղ կը դնէ։

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ լրատուական կազմակերպութիւն մը փորձելու համար այս վիճակը համացանցի վրայ կեղծ էջ մը ստեղծելով՝ կը սկսի հինգ տարբեր պարմանուհիներու հետ խօսակցիլ։ Խօսակցութենէն երկու օր ետք հինգն ալ կը համաձայնին տեսակցութիւն ունենալ եւ հանդիպիլ տարիքով իրենցմէ շատ մեծ եղող խօսակիցին հետ՝ որուն նպատակը այնքան ալ բարի չէ։ Այս փորձը ցոյց կու տայ, թէ պատանիները դուրս գալով իրենց պատանեկան աշխարհէն տարբեր աշխարհներ մուտք գործել կը փորձեն՝ մղուած հետաքրքրութենէ։

Այս բոլորին պատճառը համացանցն է. մեր ծնողներէն շատեր աւելի «հանգիստ» ընելու համար իրենց զաւակները այդ միջոցներով զբաղեցնել կը փորձեն, անգիտանալով որ այդ հանգիստին հաշիւը դուրս կու գայ կործանումով։

Ձեւ կա՞յ առաջքը առնելու այս բոլորին... չե՛մ գիտեր, սակայն յստակ է, որ ահաւոր կործանած սերունդ մը ծնունդ կ՚առնէ. ալ դո՛ւք պատկերացուցէք նման սերունդի մը յաջորդները...

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -117-

Ուսուցիչի պաշտօնով Յունաստան էի 2015-2016 թուականներուն։ Նոր տարուան գիշերը մի քանի բարեկամներով որոշեցինք երթալ ճաշարան մը։

Մթնոլորտը ընտիր էր, երգեր, պարեր եւ ընտիր ուտելիքներ։ Ընթացքին նկատեցի սիրուն օրիորդ մը եւ սովորութեանս հակառակ ծանօթանալ ուզեցի։ Անունները փոխանակելէ եւ քիչ մը զրուցելէ ետք աղջիկը տարիքս հարցուց. 23 տարեկան էի։ Փոխադարձաբար տարիքը հարցուցի. 14 տարեկան էր...։ Նուազագոյնը 20 տարեկան պէտք է որ ըլլար, գոնէ արտաքինն ու տեսքը այդ կը պահանջէր։ Զարմացած տեղս վերադարձայ, մտածելով այս անհամապատասխան վիճակին մասին։

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 10, 2022