ՄԿՐՏԻՉ ՍԵՐԹՇԻՄՇԷՔ ԽՄԲԱԳՐԱՏՈՒՆՍ ԱՅՑԵԼԵՑ

Նախընթաց օր հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենադպիր Մկրտիչ Սերթշիմշէքը։ Թէ՛ որպէս վարչային, թէ՛ որպէս արհեստաւոր եւ թէ որպէս բարերար ան տասնամեակներէ ի վեր կարեւոր ներդրում կը բերէ մեր հաւաքական կեանքին։ Մկրտիչ Սերթշիմշէք, միեւնոյն ժամանակ, միշտ ալ հաճելի հիւր մըն է մեր խմբագրատան երդիքին տակ, քանի ան թերթիս բարեկամներէն է։

Այս անգամուան իր այցելութիւնը ունէր բացառիկ նշանակութիւն։ Արդարեւ, Մկրտիչ Սերթշիմշէք փութացած էր մեզի նուիրելու իր նոր գիրքը։ Գիրքը, ինքնին, մշտական արժէք է եւ թանկ նուէր, սակայն, սկզբունքային այդ հանգամանքներէն անդին՝ Մկրտիչ Սերթշիմշէքի մեզի նուիրած գործը ունի նաեւ զգացական մեծ նշանակութիւն։ Արդարեւ, կողքի մը տակ համախմբուած են զանազան արտայայտութիւններ եւ վկայութիւններ, որոնց ընդմէջէն կ՚արժեւորուի Մկրտիչ Սերթշիմշէքի վեց տասնամեակներու վրայ տարածուած համայնքային կեանքէ ներս բազմակողմանի գործունէութիւնը։

Թէեւ այս գիրքը որոշ ժամանակ առաջ հրատարակուած էր եւ մենք մեր ուրախութիւնը բաժնած էինք Մկրտիչ Սերթշիմշէքին հետ, սակայն, այժմ այդ գործը արդէն իր մշտական տեղը կը զբաղեցնէ մեր գրադարանին մէջ։ Ուստի, անգամ մը եւս ջերմօրէն կը շնորհաւորենք Մկրտիչ Սերթշիմշէքը՝ իրեն մաղթելով եռանդ ու կորով ապագայ ձեռքբերումներու ճանապարհին։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 15, 2022