ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՈՂԻՄՊԻԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷԻ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ԱՇՆԱՆ ՊԻՏԻ ԱՅՑԵԼԷ ՀԱՅԱՍՏԱՆ
Միջազգային Ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Թոմաս Պախ եւ եւրոպական Ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Փաթրիք Հիքէ յառաջիկայ Սեպտեմբերին պիտի այցելեն Երեւան՝ մասնակցելու համար Հայաստանի Ողիմպիական ազգային կոմիտէի հիմնադրութեան 25-ամեակի յոբելենական արարողութիւններուն։ Նոյն տօնակատարութիւններուն պիտի մասնակցին նաեւ շուրջ քսան երկիրներու ազգային ողիմպիական կոմիտէներու նախագահները։ Հանդիսութիւնները նախատեսուած են Սեպտեմբերի 28-31-ին։
Այդ նոյն օրերուն Հայաստանի մէջ տեղի պիտի ունենայ նախկին խորհրդային տասնհինգ պետութիւններու ողիմպիական կոմիտէներուն ֆորումը։ Ի լրումն այս բոլորին, բացումը պիտի կատարուի նաեւ Դաւիթաշէնի մէջ կառուցումը շարունակուող ողիմպիական աւանին, որ վիթխարի ձեռքբերում մը պիտի ըլլայ եր-կրի մարմնամարզի ոլորտին համար։