ԵԶՐԱՓԱԿԻՉ ՓՈՒԼ
Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս համայնքային ընտրութիւններու մարաթոնը այս շաբաթավերջին կը հասնի իր աւարտին։ Շաբաթ օր տեղի պիտի ունենան Ղալաթիոյ խնամակալութեան, Գարակէօզեան Տան խնամակալութեան, Գալֆաեան Տան խնամակալութեան, Սուրբ Խաչ դպրեվանքի խնամակալութեան եւ Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ընտրութիւնները։ Ս. Խաչ դպրեվանքի խնամակալութեան ընտրութիւնը տեղի կ՚ունենայ Իսթանպուլի Ա. ընտրաշրջանին մէջ, իսկ մնացեալ հաստատութիւններու պարագային քուէարկութիւնը նախատեսուած է Իսթանպուլի Բ. ընտրաշրջանէն ներս։ Այս բոլոր հաստատութիւններու պարագային քուէարկութիւնը կը վերահսկուի՝ համայնքային հաստատութիւններուն կողմէ կազմուած համատեղ ընտրական մարմիններուն կողմէ։ Թէ՛ Ա. եւ թէ՛ Բ. ընտրաշրջաններէ ներս քուէատուփեր զետեղուած կ՚ըլլան ամենահայահոծ՝ կեդրոնական մեր եկեղեցիներու համալիրներէն ներս։
Այս հաստատութիւններէն որեւէ մէկուն պարագային ընտրապայքար խնդրոյ առարկայ չէ։ Համայնքէն ներս գոյացած է ընդհանուր համախոհութիւն մը, որով մրցակցութեան մը անհրաժեշտութիւնը չէ յառաջացած։ Թէեւ մրցակից ցուցակներ գոյութիւն չունին, սակայն, այս հաստատութիւններուն համար նախատեսուած ընտրութիւնները շատ կարեւոր նշանակութիւն ունին։ Անոնց շարքին պարզ է Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ նշանակութիւնը համայնքային կեանքէն ներս, ուստի, անոր թաղային խորհուրդին ներկայացուցչական հանգամանքն ու կշիռն ալ հասկնալի կը դառնայ ի շարունակութիւն։ Գալով միւսներուն՝ Ղալաթիոյ խնամակալութեան, Գարակէօզեան Տան խնամակալութեան, Գալֆաեան Տան խնամակալութեան եւ Սուրբ Խաչ դպրեվանքի խնամակալութեան պարագային մեր համայնքին կողմէ արտայայտուելիք կամքը այս փուլին շատ կարեւոր նշանակութիւն ունի։ Արդարեւ, ընտրական նոր կանոնադրութեամբ ստեղծուած պայմաններով, այս չորս խնամակալութեան պարագային որոշ չափով իրաւունքի կորուստ մը յառաջացած է։ Վերջին տասնամեակներուն ձեւաւորուած «հինգ հաստատութիւններու դրութեան» բաղկացուցիչ տարրերն են անոնք։ Նկատի ունենալով, որ կանոնադրութեան տրամադրութիւններով՝ փոքրամասնական համայնքներու հիւանդանոցները արդէն այս փուլին առանձնացուած են ընդհանուր ընտրութեան գործընթացէն, ապա այդ իրաւունքի կորուստը ուղղակիօրէն կ՚ազդէ յիշեալ չորս հաստատութիւններուն վրայ։ Նոր կանոնադրութիւնով հաստատուած է շրջանային ընտրութեան համակարգ մը, որու շնորհիւ մեր գրեթէ բոլոր եկեղեցիներու ընտրաշրջանները ընդլայնուած է եւ շատ աւելի լայն զանգուած մը հնարաւորութեան տիրացած է անոնց ճակատագրին մասին խօսք ըսելու։ Այստեղ պատճառաբանութիւնը շատ պարզ է, որովհետեւ այդ բոլորը նախապէս նեղ թաղային սահմաններու համաձայն ընտրութիւն կը կատարէին, իսկ այս անգամ ամէն ինչ հիմնովին փոխուած է։
Մետայլի միւս երեսակին, շրջանային ընտրութիւններու համակարգի հաստատումէն տուժած են միայն Ղալաթիոյ խնամակալութիւնը, Գարակէօզեան Տան խնամակալութիւնը, Գալֆաեան Տան խնամակալութիւնը եւ Սուրբ Խաչ դպրեվանքի խնամակալութիւնը։ Արդարեւ, մինչեւ մօտաւոր անցեալը այս թուարկեալները «հինգ հաստատութիւններու դրութեան» տրամաբանութեան մէջ Իսթանպուլի ընդհանուրէն ներս կատարուած քուէարկութիւնով կը ձեւաւորէին իրենց ղեկավարութիւնները։ Այժմ, նոր կանոնադրութիւնով միայն այս չորս հաստատութիւններու ընտրաշրջանները սահմանափակուած կամ փոքրացած են։ «Հինգ հաստատութիւններու դրութեան» տարրերէն Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութիւնը յառաջիկային պիտի ընտրուի ամբողջ Իսթանպուլի մէջ կատարուելիք քուէարկութիւնով, ինչ որ ամրագրուած է կանոնադրութեամբ։ Ուստի, այս կէտէն սկսեալ նախկին «հինգ հաստատութիւններ»էն չորսը կը համարուին որոշ չափով տուժած։ Ստեղծուած իրավիճակին մէջ, համայնքային շրջանակներէն ներս յոյսեր կը փայփայուին, թէ ժամանակի ընթացքին այս խնդիրը կրնայ հարթուիլ։ Հետեւաբար, որպէսզի ապագայի վերաբերեալ այդ յոյսերը ունենան ապահով հիմնաւորում՝ այս փուլին մեր համայնքը պէտք է ամուր կամք արտայայտէ այս հաստատութիւններուն պարագային։ Այսինքն, եթէ նոյնիսկ մրցակցութիւն խնդրոյ առարկայ դարձած չըլլայ, ապա մեր համայնքի անդամները պէտք է հնարաւորինս բարձր համեմատութեամբ մասնակցին քուէարկութեան, որպէսզի ընտրուելիք խնամակալութիւնները ունենան ներկայացուցչական հանգամանք եւ ամուր ժողովրդական յենարաններով լծուին իրենց գործին։
Շաբաթ օրուան ընտրութիւններուն համայնքին պիտի ներկայանան թեկնածուներ, որոնք թրքահայ կեանքէ ներս ունին բարի համբաւ եւ իրենց վրայ յոյս դրուած է, որպէսզի տուեալ հաստատութիւնները լաւագոյնս առաջնորդեն իրենց առաքելութեան ճանապարհին։
ՂԱԼԱԹԻԱ
Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ եւ Կեդրոնական վարժարանի խնամակալութեան ղեկը ստանձնելու համար թեկնածու հանդիսացած են հետեւեալ անունները.
Մկրտիչ Արծիւեան, Պօղոս Չալկըճըօղլու, Վահագ Չաքար, Սարվէն Չիլինկիրօղլու, Տայգ Տանձիկ, Նարօտ Էրքոլ-Սելվիօղլու, Սարին Աքպաշ, Այգ Ճէտէն, Արտա Էրոլ, Արէլ Աթասեւ, Ալէն Էրդաւիթեան, Առլին Թունչ, Տայգ Արէս Միսիսօղլու եւ Լիանա Էօզպիւլպիւլ։
Հարկ է նշել, որ կազմին գլուխը կը գտնուի Մկրտիչ Արծիւեան, որ նախապէս ալ վարած է ատենապետի պաշտօն։
ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆ
Գարակէօզեան Տան խնամակալութեան ղեկը յառաջիկայ շրջանին պիտի ստանձնեն հետեւեալ անունները.
Տիգրան Կիւլմէզկիլ, Գարուն Գովան, Սեւան Չավուշեան, Եդեսիա Թըրթըր, Կարպիս Կէօքտաղ, Արեգ Ֆերահեան, Լորի Զաքար, Սարօ Արշէն Պենկլեան, Սելին Պայծառ Նշան, Նուրհան Փեքքիւչիւքեան, Արտա Պալ, Հերա Միմարօղլու, Արթին Քիլէճի, Յարութիւն Գուրան, Համբարձում Համբիկեան, Սիմոն Քումրալ եւ Ալէն Չընկըրեան։
Հարկ է նշել, որ յայտնի համայնքային բարերար Տիգրան Կիւլմէզկիլ կը շարունակէ գլխաւորել խնամակալութիւնը։
ԳԱԼՖԱԵԱՆ
Գալֆաեան Տան խնամակալութեան թեկնածուներու ցուցակը կը բաղկանայ հետեւեալ անուններէն.
Ալֆրէտ Սունա, Թամար Քարասու, Այգ Էրգման, Պեսսէ Քապաք, Մասիս Ռիւստեմ, Վիլմա Քարա, Արթուն Միմար, Օտէթ Ճանտան, Սիմոն Քումրալ, Նաթալի Յովհաննէսեան եւ Շահնուր Գազանճը։
Հարկ է նշել, որ կազմին գլուխը կը գտնուի Ալֆրէտ Սունա՝ քանի նախկին խնամակալութեան կազմի գրեթէ բոլոր անդամները բաւ համարած են իրենց ծառայութիւնը։
ԴՊՐԵՎԱՆՔ
Ս. Խաչ դպրեվանքի խնամակալութեան ղեկը ստանձնելու համար թեկնածութիւն առաջադրած են հետեւեալ անունները.
Էօզկիւր Ազատ Տեմիրճի, Ալէն Քայաօղլու, Գարին Ինճէօղլու, Մելիս Քարաքաշլը, Արէտ Տեմիրքայնաք, Պուրակ Էօզաղազար, Մկրտիչ Քէօշքէրօղլու, Ալիքսան Արշըք, Արի Շահսուվարօղլու, Սեւան Պըլտըրճըն եւ Արտա Ինճէօղլու։
Հարկ է նշել, որ այս խումբը կը գլխաւորուի Էօզկիւր Տեմիրճիի կողմէ, որ անցեալ շրջանի խնամակալութենէն՝ նոր շրջանին առաքելութիւնը շարունակելիք միակ դէմքը պիտի ըլլայ։
ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑԻ
Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին ղեկը ստանձնելու համար թեկնածու հանդիսացած են հետեւեալ անունները.
Հրանդ Մոսկոֆեան, Մինաս Արսլան, Դաւիթ Տամլա, Էֆրէմ Տեմիրճի, Զեքի Քափ, Միսաք Տեմիր, Արաս Սիւրէր, Կիւլպէնկ Չաքար, Սայաթ Սար, Սարվէն Պալճը եւ Թալին Աճեմի։
Հարկ է նշել, որ ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեան որոշած է շրջան մը եւս շարունակել իր ծառայութիւնը՝ մասնաւորապէս եկեղեցապատկան կարգ մը կալուածներու վերաբերեալ դատական գործընթացներու գծով վարչական հետեւողականութիւնը երաշխաւոելու մղումով։
ՏԻԱՐՊԱՔԸՐ ԵՒ ԿԵՍԱՐԻԱ
Միւս կողմէ, նոյնպէս այս շաբաթ պիտի ընտրուին նաեւ Տիարպաքըրի Ս. Կիրակոս եւ Կեսարիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիներու նոր ծխական խորհուրդները։