ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ԱՐԱՄԵԱՆ-ՈՒՆՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ԱՄԱՆՈՐԻ ՀԱՆԴԷՍ

Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ Ամանորը դիմաւորուեցաւ խանդավառ հանդէսով մը։ Իրականութեան մէջ, տարուան վերջին ամիսը ամբողջութեամբ այս հանդէսի պատրաստութիւններով անցած էր, ուստի, երբ օրը հասաւ՝ արդէն բոլորը բարձր տրամադրութեան մէջ էին։ Ներկայ էին վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Սարվէն Սերթշիմշէք, Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդէն ներկայացուցիչներ, ուսուցչական կազմը, Գատըգիւղի ընտանիքի յարակից մարմիններէն ներկայացուցիչներ, ծնողներ եւ հիւրեր։

Օրուան յայտագիրը գործադրուեցաւ՝ հանդիսավարութեամբ Քայրա Պիլալի եւ Ալեքս Էրքանի։ Տնօրէնուհի Թալին Պէրպէրօղլու հանդէս եկաւ շնորհաւորութեան խօսքով մը։ Մանկապարտէզի փոքրիկները՝ Նելլի Պասմաճեանի մականին ներքեւ գործադրեցին իրենց յայտագիրը՝ արժանանալով ծափահարութիւններու։ Աւելի վերջ իրերայաջորդ հանդէս եկան նախակրթարանի դասարաններու տղաքը։ Բոլորն ալ իսկապէս իրենց տարած պատրաստութիւնները արդարացուցին եւ արժանացան ծափահարութիւններու։

Ծրագրին մէջ առանձին բաժին մը վերապահուած էր Նորա Խորասանճեանի կիթառի եւ Լիտիա Էրչէօմլէքի դաշնակի նուագներուն։ Յայտագիրը եզրափակուեցաւ մեծ խմբերգով մը, որու աւարտին բոլորը հրաժեշտ առին՝ Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան առթիւ փոխանակելով անկեղծ բարեմաղթութիւններ։ 

Երեքշաբթի, Յունուար 3, 2023