ԱՄԱՆՈՐԻ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ԽՐԱԽՃԱՆՔ

Երէկ, Գումգաբուի «Պէզճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Պատրիարքական Աթոռի հովանաւորութեան ներքեւ կազմակերպուած՝ Ամանորի աւանդական խրախճանքը։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան այս առթիւ մատղաշ սերունդի ներկայացուցիչներուն հետ մէկտեղուեցաւ՝ տօնական բարձր տրամադրութեան պայմաններուն ներքեւ։ Խրախճանքին մասնակցեցան մեր համայնքէն մանուկներ եւ պատանիներ, որոնք առաւել չափով համայնքային վարժարաններու սաներն էին։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր եւ հոգեւոր հայրերու ներկայութեամբ անոնք գործադրեցին յաջող յայտագիր մը՝ արժանանալով ծափահարութիւններու։

Հուսկ, Կաղանդ պապուկը սրահ ժամանեց եւ նուէրներ բաժնեց փոքրիկներուն, ինչ որ խանդավառութիւնը հասցուց գագաթնակէտին։

Երեքշաբթի, Յունուար 3, 2023