ԵԿԵՂԵՑԻՆ՝ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՏՈՒՆ
Եկեղեցին «ծառայութեան տուն» պէտք է ըլլայ, Յիսուս Քրիստոսի անունովը եւ սիրովը, ո՛րքան յաճախ շատերու համար կ՚ըլլայ անձնապաշտ ցուցամոլութեան պատեհութիւն մը։
Եկեղեցին «ծառայութեան տուն» է, որովհետեւ նախ՝ Յիսուս չեկաւ ծառայութիւն ընդունելու, այլ՝ ծառայելու, յետոյ՝ դարձեալ Յիսուս կ՚ըսէ, թէ՝ ուր որ երկու եւ աւելի հոգի հաւաքուի, Ինք հո՛ն է, երբ անոնք իր անունով աղօթեն իր Հօր։ Եւ քանի որ քրիստոնէութիւնը հիմնուած է սիրոյ վրայ, եւ որովհետեւ սիրոյ մէջ կայ զոհողութիւն, նուիրում եւ ծառայութիւն, ուրեմն շատ բնական է որ Եկեղեցին ըլլայ նաեւ «ծառայութեան տո՛ւն»։
Երբ կը խօսինք ծառայութեան մասին, հոն կայ նաեւ՝ խոնարհութի՛ւն։ Եւ դժբախտաբար, ոմանք անձը խոնարհեցնելու՝ ունայնացնելու, անձը փառաւորելու մարմաջէ մը կը տարուին Եկեղեցւոյ նկատմամբ։ «Եկեղեցւոյ իշխաններ»ը ուրկէ՞ առին իրենց ինքնակոչ եւ կարծեցեալ իշխանութիւնը։
Յիսուս դիրք եւ աստիճան, պատմուճան եւ մական չտուաւ, եւ ալ չի՛ տար, իր աշակերտներուն, հետեւորդներուն։ «Ազգերու մեծամեծները կ՚իշխեն, բայց ձեր մէջ այնպէս պիտի չըլլայ», կ՚ըսէ Յիսուս աշակերտներուն։ Սակայն, աշխարհիկ իշխանաւորութեան փառասիրութիւնը եւ ինքնահաւանութիւնը, մեծամտութիւնը մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի խոնարհութեան տեղը առած է շատերու մէջ, դժբախտաբա՛ր։ Ո՛չ թէ ծառայել այլ՝ իշխել, հրամայել, տիրել, տիրապետել կ՚ուզեն այսօրուան ինքնակոչ եւ կարծեցեալ «եկեղեցւոյ իշխաններ»ը։
Ծառայութիւնը՝ «կեղծ ծառայութիւն»ը, ցուցամոլութեան վերածուած՝ պատրուակն է, կամ դիմակը այս օրերուն փառամոլներուն։ Փարիսեցիութիւն՝ ոչ եւս աղանդ մըն է, բայց տակաւին վարուց կաղապար մըն է։ Եկեղեցին, եւ ընկերային եւ բարեգործական ծառայութիւններու համար ստեղծուած բազմաթիւ եւ բազմատեսակ ձեռնարկութիւններ կարգ մը փառամոլ մարդոց համար աւելի ոչինչ են քան սանդուխներ, որոնց աստիճաններէն վեր մագլցիլ կ՚ուզեն։
Յիսուս Քրիստոսի աշակերտիլ, հետեւորդ ըլլալ եւ անոր պատուէրներուն համաձայն կեանք վարել, Անոր հնազանդիլ, զԱյն իւրացնել…
Բայց ինքնակոչ եւ կարծեցեալ ծառայասէրներուն համար Քրիստոսի հնազանդի՞լ եւ Անոր կա՞մքը կատարել. ո՛չ երբեք, հապա՝ հրամայե՛լ եւ Քրիստոսի սիրոյ լեզուն փոխ առնելով անձը վարկաբեկել, ստորադասել, վշտացնել՝ ըստ երեւոյթին ինքզինք պանծացնել, բարձրացնել, ըստ երեւոյթին, իբր թէ «մեծ» մարդ, «արժանաւոր» մարդ ըլլալ… պարզապէս, ինքնահաւանի ինքնախաբէութի՜ւն…
Ո՞վ է աւելի մեծ քան Յիսուս Քրիստոս, եւ սակայն աւելի աւելի քան ոեւէ մէկը խոնարհ է Ան։ Իր կազմած «միաբանութիւն»ը կազմուած եւ հիմնուած է խոնարհութեան վրայ՝ ուխտին ամենէն պարտաւորիչ պայմանն է խոնարհութիւնը։ Փառամոլութիւնը աններելի եւ անհանժուրժելի, անթոյլատրելի մեղանչում մըն էր իր «աշակերտներ»ուն համար իրենց կոչումին դէմ։ Արդէն խոնարհ ծագում ունէին անոնք, բայց կրնային փորձուիլ խորհելու (ինչպէս փորձուեցան պահիկ մը), թէ քանի որ հրաւիրուած էին «գործակիցներ» ըլլալու Յիսուսին, որուն սեւեռեալ նպատակն էր «Աստուծոյ Թագաւորութիւնը» հաստատել երկրի վրայ, իրենք ալ իշխանական դիրքեր պիտի գրաւէին այդ նորահաստատ «Թագաւորութեան» մէջ, «Թագաւորութեան» Դահլիճին անդամները պիտի ըլլային։
Աշխարհիկ մտքով կրնային նայիլ իրենց ասպարէզին վրայ, ինչպէս կը նային այսօրուան փառամոլ մարդիկը։ «Աստուծոյ Թագաւորութեան» մէջ իշխանութիւն, հեղինակութիւն, բարձր դիրքերու խոստում չկար սակայն, հապա՝ միայն կոչ՝ «անձնուրաց ծառայութեան»։
«Ձեզմէ ով որ մեծ ըլլալ կ՚ուզէ՝ թո՛ղ ան ձեր սպասաւորը ըլլայ», ըսաւ Յիսուս, եւ այս խօսքով յեղաշրջեց իշխանաւորական ընթացիկ ըմբռնումը։ Թագաւորը եղաւ ծառայ։ Փրկելու համար ան չհրամայեց, հապա՝ մեռա՛ւ։ Զոհեց ամէն ինչ եւ զոհուեցաւ։ Մեսիան էր բայց թագի մը տեղ փշեղէն պսակ մը կրեց։ Զօրութեան անսահման ակերու տէր էր եւ սակայն խոնարհեցուց իր անձը եւ «եղեգի մը պէս եղաւ» ենթակայ՝ մարդկային դաժան եւ անտանելի կիրքերու ամպրոպներուն։
Ո՞ր իշխանաւորը կը հանդուրժէ անարգուելու եւ երեսէ ձգուելու. ո՞վ կրնայ չափել Անոր խոնարհութեան վեհութիւնը՝ մեծութիւնը։ «Աստուծոյ Որդին» մարդոց ծառան եղաւ… Աստուծոյ սիրելին մարդոցմէ ատուեցաւ, ծաղրուեցաւ…
Կան մարդիկ՝ արտաքինով «մեծ» կ՚երեւին, բայց ներքնապէս «փոքր» են, ինչպէս փառամոլները. կան նաեւ մարդիկ՝ արտաքինով «փոքր» բայց ներքնապէս՝ «մե՛ծ», ինչպէս՝ խոնարհները…
Այսպէս, սիրելի՜ բարեկամներ, Քրիստոսի եկեղեցիին մէջ եւ եկեղեցիէն դուրս այսօր երբեմն կը շահատակուի, կը շահագործուի հեթանոսական փառամոլութեամբ մը…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Դեկտեմբեր 19 2022, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/30/2024
- 11/30/2024