ԿԷՏԻԿՓԱՇԱՅԻ «ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔ» ԴՊՐՈՑԻՆ ՄԷՋ ԱՄԱՆՈՐԻ ՈԳԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆ

Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» դպրոցէն ներս Ամանորի շրջանին մասնաւոր խանդավառութեան առիթ դարձաւ՝ Մխիթարեան սանուց միութեան նախաձեռնած «500 ծիծղուն աչք» ծրագիրը, որ այս տարի հերթական անգամ կեանքի կոչուեցաւ։ Արդէն աւանդական դարձած այս նախագծի շրջանակին մէջ դպրոց այցելեց Կաղանդ պապուկը, որ աշակերտներուն նուէրներ բաժնեց՝ նախապէս անոնց կողմէ գրի առնուած նամակներուն ընդառաջ։ Այս առթիւ թատրոնի ուսուցիչ Յարութիւն Գէորգեանի գլխաւորութեամբ տղաքը բեմադրեցին «Ամանորեայ հրաշք» ներկայացումը։

Հանդէսի շարունակութեան, Կաղանդ պապուկին առընթեր, փոքրիկներուն նուէրներ յանձնեցին նաեւ դպրոցի կամաւոր հոգաբարձուները՝ Արթօ եւ Դալար Հորոզօղլուները։

Ստեղծուած բարձր տրամադրութեան պայմաններուն ներքեւ շնորհաւորութեան խօսքով մը հանդէս եկաւ վարժարանի տնօրէնուհի Հերիքնազ Աւագեան, որ ներկաներուն բարեմաղթութիւններ յղեց, համայն աշխարհին համար խաղաղութիւն մաղթեց եւ շեշտեց, որ Տիրոջ պէտք է փառք տալ ընծայուած շնորհներուն եւ օրհնութիւններուն համար։ «Հրանդ Տինք» դպրոցի տղաքը մասնակցեցան նաեւ Գումգաբուի մէջ տարեմուտին Պատրիարքական Աթոռի հովանաւորութեան ներքեւ կազմակերպուած ամանորեան խրախճանքին։

Հինգշաբթի, Յունուար 5, 2023