ՀԱՒԱՏԱԼ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՓՐԿԱՐԱՐ ՇՆՈՐՀԻՆ

«Քանզի երեւեցաւ շնորհն Աստուծոյ փրկիչ ամենայն մարդկան» (Տիտոս, 2.11)

ՔՐԻՍՏՈՍ ԾՆԱՒ ԵՒ ՅԱՅՏՆԵՑԱՒ։

Ամանորը լաւ առիթ կը նկատուի, աւելի ճիշդ պէտք է նկատուի անդրադառնալու, թէ Աստուած՝ շնորհաց պարգեւողը մեզի պարգեւած է տարի մը եւս ապրած ըլլալու շնորհը։ Երբ նոր տարի մը դիմաւորած ըլլալու երջանկութեամբ կը սկսինք վարել ամանորեան կեանքը, մեր եկեղեցւոյ օրացոյցը մեզ կը հասցնէ տօնակատարութեան մը, որ կը յիշեցնէ Աստուծոյ մեզի պարգեւած կարեւորագոյն շնորհը, որ է Աստուածորդին՝ Քրիստոս։ Աստուածայայտնութեան տաղաւարն է սա, դարեր շարունակ ակնկալուած Մեսիայի՝ Փրկիչի յայտնութեան տօնը։ Այս տօնին խորհուրդը, հաւատաւոր սրտերուն կը փոխանցուի եկեղեցւոյ Հաւատոյ Հանգանակի բառերով. «որ մեզի՝ մարդոց համար եւ մեր փրկութեան համար, երկինքէն իջնելով մարմին առաւ, մարդացաւ. ծնաւ կատարելապէս Սուրբ Կոյս Մարիամէն՝ Սուրբ Հոգիին զօրութեամբ»։

Ըստ բառարաններու, շնորհ բառը կը նշանակէ «տուրք, պարգեւ. որ կը տրուի մէկուն ձրի, առանց որ ստացողն իրաւունք կամ արժանիք ունենայ, այլ բարեացակամութեամբ»։ Երբ նկատի կ՚ունենանք շնորհ բառին իմաստը, ինքնին կը բացայայտուի, թէ ինչպիսի՜ զոհողութիւն յանձն առած էր Աստուած, Իր Միածին Որդին ղրկելով աշխարհ։ Միթէ արժանի՞ էր աշխարհ վայելելու այս օրհնութիւնը։ Հարցում մը, որուն դրական պատասխան տրուելու, այսինքն արժանի էր ըսելու պարագային մոռացութեան տրուած կ՚ըլլայ մարդուն մեղանչական բնութիւնը, մեղքով ինկած ըլլալու ճշմարտութիւնը, որ կը նշանակէ առաջի Աստուծոյ կենալ՝ մեծամտութեամբ, գոռոզութեամբ, ինքնագովութեամբ։ Իսկութեան մէջ մարդը մեղքով ինկած վիճակով արժանի չէր մօտենալու իր Արարչին։ Երբ այս է իրականութիւնը, որքա՜ն զարմանալի կը թուի ոմանց համար, թէ Աստուած ինչպէ՞ս յանձն առած էր իր փառքէն մերկանալով մեղաւոր մարդոց ոտքը իջնել։ Սուրբ Գիրքը մեզի կը յիշեցնէ, թէ Աստուած «հողէն ստեղծեց մարդը եւ անոր ռնգունքներուն փչեց կենդանութեան շունչը, որով մարդ կենդանի հոգի եղաւ» (Ծննդոց, 2.7)։ Նոյն մարդն էր, որ անտեսելով իր կրած Աստուածային փառքը սատանայական որոգայթին մէջ ինկաւ. մեղանչեց եւ արտաքսուեցաւ Աստուծոյ ներկայութենէն։ Աստուծոյ բարութիւնն էր, որ ողորմեց ինկած մարդուն եւ ահա այս ողորմութեան եւ անսահման սիրոյն արդիւնքն էր որով «երեւեցաւ շնորհն Աստուծոյ, փրկիչ ամենայն մարդկան»։ Պատարագիչ քահանաներ իրենց ծածուկ աղօթքներուն մէջ կը խոստովանին այս ճշմարտութիւնը, երբ կ՚ընթերցեն, թէ «մարմնաւոր ախտերով ու ցանկութիւններով բռնուածներէն ոչ մէկը արժանի է մօտենալու Աստուծոյ Որդւոյն Սուրբ Սեղանին եւ սպասաւորել՝ Իր թագաւորական փառքին։ Միայն երկնաւոր զօրքերը կրնան զԱստուած պաշտել, որ մեծ է եւ ահաւոր». ու կը շարունակէ «… Հօր անպարագրելի Որդին, անսահման բարերարութեամբ մարդացաւ եւ յայտնուեցաւ որպէս մեր Քահանայապետը» (Խորհրդատետր)։

Յիրաւի մահուան անէծքին ներքեւ հիւծած մարդուն համար աւելի մեծ շնորհ կարելի՞ էր երեւակայել, քան արժանացած ըլլալ Աստուծոյ սիրոյն, գթութեան, ողորմութեան եւ բարութեան։ «Աստուած սէր է» կը գրէ Յովհաննէս Աւետարանիչ ու աւելի քան երկուհազար տարիներ առաջ Բեթղեհէմի երկնակամարին վրայ հրեշտակաւանդ աւետիսով յայտարարուած Փրկչի ծնունդին ակնարկելով կը շարունակէ. «Աստուծոյ սէրը մեզի համար երեւցաւ ասով. Աստուած իր միածին Որդին ղրկեց աշխարհ, որպէսզի կենդանի ըլլանք անով։ Եւ սէրը ասոր մէջ է. ոչ թէ մենք սիրեցինք զաստուած, այլ ան սիրեց մեզ եւ ղրկեց իր Որդին մեր մեղքերու քաւութեան համար» (Ա. Յովհաննէս, 4.8-10)։ Բեթղեհէմի մէջ իջեւանելու տեղի չգոյութեան պատճառաւ մսուրի մէջ աշխարհ եկած Յիսուս Մանուկը յայտնուած էր որպէս շնորհ բոլոր ժողովուրդներուն։ Այս յայտնութիւնը ուրախառիթ պարագայ մըն էր, քանի որ «Դաւիթի քաղաքին մէջ ծնած էր Փրկիչ մը, որ օծեալ Տէրն էր» (Ղուկաս, 2.10-12)։

Որպէսզի Աստուծոյ շնորհը ներգործէ մեր կեանքէն ներս, ամէն բանէ առաջ Քրիստոս պէտք է ճանաչում գտնէ մեր կողմէ ո՛չ միայն խօսքով, այլ նաեւ սրտանց խոստովանութեամբ։ Ո՛չ միայն զԱյն ճանչնալով սոսկ իր անունով՝ Յիսուս Քրիստոս, այլ նաեւ՝ կենդանի Աստուծոյ Որդի (Մատթէոս, 16.16) եւ Փրկիչ աշխարհի (Ա. Յովհաննէս, 4.14) ըլլալու հանգամանքներուն բոլորով սրտիւ հաւատալով։ Այս հաւատքով է, որ կը խոստովանինք Քրիստոսի մարդեղութեան նպատակին իսկութիւնը։ Այս հաւատքով է, որ Աստուածորդիին ճանաչման գծով ճանչցած կ՚ըլլանք զԱյն ղրկողը՝ զԱստուած։ Մեր հայրերը իրենց ոտքը եկած փրկութեան Աւետարանին քարոզութեան շնորհին արժանացան եւ լսեցին Քրիստոսի խօսքը. «Ճշմարիտ, ճշմարիտ կ՚ըսեմ ձեզի, ով որ ընդունի ան զոր ես պիտի ղրկեմ՝ զիս կ՚ընդունի, եւ ով որ զիս կ՚ընդունի՝ կ՚ընդունի զայն որ զիս ղրկեց» (Յովհաննէս, 13.20)։ Քրիստոսի երկու առաքեալները՝ Սուրբ Թադէոս եւ Սուրբ Բարթողոմէոս ընդունելութիւն գտան։ Իրաւ է, թէ երկու առաքեալները նահատակուեցան, սակայն իրենց քարոզութեան շնորհը դուռը բացաւ, որ մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս սկիզբ առնէ հեթանոսական խաւարային դիցապաշտութեան պարտութեան ընթացքը։ Սուրբ Թադէոսի արմատաւորուած քարոզութեան պտուղը եղաւ Սանդուխտ Կոյսը, որուն առջեւ անզօր մնաց իր հօրը՝ Սանատրուկ թագաւորի արքայական իշխանութիւնը, քանի որ առաքեալի քարոզութիւնը ընկալած էր, որպէս իր կեանքը իմաստաւորող շնորհ։ Ան, աննկատ թողլով թագուհի դառնալու փառքն ու պատիւը, գերադասած էր, Աւետարանէն արտացոլած «Ով որ կը հաւատայ Որդիին՝ կ՚ընդունի յաւիտենական կեանքը, իսկ ով որ չի հնազանդիր Որդիին՝ կեանք պիտի չտեսնէ, այլ անոր վրայ պիտի մնայ Աստուծոյ բարկութիւնը» (Յովհաննէս, 3.36) խոստումն ու ազդարարութիւնը, եւ զարդարուած՝ աստուածային փառքով։

Պօղոս առաքեալ, ողջմիտ վարդապետութեան նկատմամբ կարեւորութիւն ընծայելով առաքելական թելադրութիւններ կ՚ընէ Տիտոսին, որպէսզի հսկէ ու խօսի ի նպաստ ընկերային դասակարգի զանազան անդամներուն, ծերերուն, պառաւներուն, դեռատի կիներուն ու երիտասարդներուն, ծառաներուն (Տիտոս, 2.1-10)։ Առաքեալի այս թելադրութեան միտք բանին կը կայանար, որպէս Փրկչական շնորհ ներկայացուած քրիստոնէական շնորհալի սկզբունքներուն՝ «Փրկիչ Աստուծոյ վարդապետութեան», մարդոց կեանքերէն ներս տիրապետութեան վրայ։ Այս շնորհքին սկզբունքները յեղաշրջումներ յառաջացուց մարդկային կեանքէն ներս։ Այս սկզբունքները խրատեց անցեալին, կը շարունակէ խրատել ու նաեւ պիտի շարունակէ՝ ապագային մինչեւ ի կատարած աշխարհի, որ «մարդիկ մերժեն ամբարշտութիւնն ու աշխարհիկ ցանկութիւնները, որպէսզի այս աշխարհի մէջ ապրին զգաստութեամբ, արդարութեամբ եւ աստուածպաշտութեամբ» (Տիտոս, 2.12)։

Առաքելական այս խրատը կը յիշեցնէ այն սքանչելի պատգամը, զոր Բեթղեհէմի Մանուկը յետագային պիտի տար ըսելով. «Ճշմարիտ, ճշմարիտ կ՚ըսեմ ձեզի, ով որ իմ խօսքս կը լսէ եւ կը հաւատայ անոր որ զիս ղրկեց, յաւիտենական կեանքը կ՚ընդունի եւ դատաստանի տակ չ՚իյնար, այլ անցած կ՚ըլլայ մահէն դէպի կեանք» (Յովհաննէս, 5.24)։ Կեանքի սնունդին պարգեւիչն է Քրիստոս։ Այդ սնունդէն կարելի կ՚ըլլայ օգտուիլ հաւատալով, թէ «Քրիստոս դուռն է ճշմարիտ, եթէ մէկը այս դռնէն ներս մտնէ՝ պիտի փրկուի. պիտի մտնէ ու ելլէ եւ ճարակ պիտի գտնէ» (հմմտ. Յովհաննէս, 10.9)։ Ժողովրդականացած «շէնք շնորհք» ասութիւնը եթէ գործածուի «կեանք» բառին հետ, կը գոյանայ «շէնք շնորհք կեանք»ը, որ կը ցոլացնէ ցանկալի կեանքի տիպարը, իմաստաւորուած՝ Քրիստոսի յայտնութեան նկատմամբ աներեր հաւատքով։ Այս տիպար կեանքը կարելի կ՚ըլլայ վայելել այն ատեն, երբ որպէս նախապայման կ՚ընկալուի Քրիստոսի պատգամը. «ես եկայ որպէսզի կեանք ունենան եւ աւելի եւս ունենան» (Յովհաննէս, 10.10)։

Շէնք շնորհք, շնորհալի կեանք մը վարելու խնդրանքով հռոմկլայեցի Սուրբ Ներսէս Շնորհալի Հայրապետի հեղինակած եւ ժողովրդականացած երգի բառերով, կ՚աղօթենք հաւատքով, յոյսով եւ սիրով լի սրտով. «Շնորհատու բարեաց, շնորհեա՛ զքաւութիւն, շնորհեա՛ զթողութիւն։ Ուրախացո՛ Տէր, ոգւոյս փրկութեամբ, ոյր վասն եմ ի սուգ»։

Ամանորին զիրար կ՚ուրախացնենք մեծ կամ փոքր նուէրներով, որպէս խորհրդանշանը իրարու նկատմամբ մեր ունեցած սիրոյն։ Ամանորէն անմիջապէս յետոյ երբ կը տօնենք Աստուածայայտնութեան տաղաւարը, կը յիշենք Աստուծմէ շնորհուած անգին նուէրը, նուիրուած՝ մարդկութեան. Յիսուս Քրիստոս, Աստուծոյ Միածին Որդին։ Սա մեծագոյն բարիքն է Աստուծոյ առ մարդկութիւն։ Այս բարիքին փոխարէն Սաղմոսաց Գիրքի բառերով հարց կու տանք. «Ի՞նչ հատուցանեմ Տիրոջ, Անոր բոլոր ինծի ըրած բարութեանը փոխարէն» (Սաղմոսք, 116.12)։ Հարցումին պատասխանը տալու համար լցեալ հաւատքով, յոյսով եւ սիրով դիմենք Յիսուս Մանկան Բեթղեհէմի մսուրի խորհուրդին, նուիրաբերելու համար հանգստանալու կարօտ մեր յոգնած եւ ծանրաբեռնուած մարմինները։ Նուիրաբերելու՝ «Իր քաղցր լուծը ստանձնելու եւ Իրմէ՝ հեզ եւ սրտով խոնարհէն սորվելու եւ մեր անձերուն հանգիստ գտնելու» պատրաստակամութիւնը (հմմտ. Յովհաննէս, 11.28-30), այն վստահութեամբ, թէ առաջի Աստուծոյ երեք մոգերու թանկագին նուէրներու չափ արժէք պիտի ստանան մեր անձերու հաւատաւոր կեցուածքը։ Աստուած բոլորս արժանացնէ այս մեծ շնորհքով լուսաւորուելու, պայծառանալու եւ պարգեւէ ճշմարիտ ու մնայուն խանդը, ողջունելու՝ Փրկչի Աստուածայայտնութեան աւետիսը, գոչելով.

ՔՐԻՍՏՈՍ ԾՆԱՒ ԵՒ ՅԱՅՏՆԵՑԱՒ,

ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ։

Շնորհք, սէր եւ Աստուածային սրբարար զօրութիւն եղիցի ընդ մեզ. ամէն։

ԳՐԻԳՈՐ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ

(Գատըգիւղ)

Հինգշաբթի, Յունուար 5, 2023