ՏԱՐԵՄՈՒՏԸ ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ԱՐԱՄԵԱՆ ՍԱՆՈՒՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ

Գատըգիւղի Արամեան սանուց միութեան մէջ Ամանորի առթիւ տեղի ունեցաւ մեծ հաւաքոյթ մը։ Վարչութեան փոխ-ատենապետուհի Ալին Շէնճանի գլխաւորութեամբ կազմակերպուած ընթրիքը առիթ հանդիսացաւ, որպէսզի գատըգիւղցիներ եւ արամեանցիներ համախումբ ձեւով դիմաւորեն Նոր տարին։ Միութեան հաւաքատեղիի երդիքին տակ բառին բուն իմաստով ստեղծուեցաւ տօնական մթնոլորտ։ Վարչութեան ատենապետ Սեւան Աթաօղլու ողջոյնի խօսքով մը բարեմաղթութիւններ յղեց բոլորին՝ շնորհաւորելով տարեմուտը։ Ընթրիքի սեղաններուն շուրջ ստեղծուած անմիջականութեան պայմաններուն ներքեւ՝ խրախճանքի մասնակիցները ողջունեցին 2023-ի գալուստը։

Միւս կողմէ, նախընթաց օր ալ Ամանորի առթիւ կազմակերպուած հաւաքոյթով մը մէկտեղուեցան՝ միութեան երդիքին տակ ձեռնարկուած «Կենաց ծառ» աշխատանոցի մասնակիցները։

Շաբաթ, Յունուար 7, 2023