ԹՌՉՆԱՏԱՌԵՐՈՎ ԵՂԵՒԻՆԸ, ԱՐՑԱԽՑԻ ՄԱՆՈՒԿՆԵՐԸ, ՇՐՋԱՓԱԿՈՒԱԾ ԱՐՑԱԽԸ…

Իմ հայրենի Գորիս քաղաքի Ս. Գրիգոր Տաթեւացիի անունը կրող հրապարակին վրայ դրուած տօնական եղեւնին այս տարի զարդարեցին արցախցի երեխաները՝ թռչնատառերով: Խորհրդանշական այս քայլը մտածած են Գորիսի իշխանութիւնները՝ ամենաջերմ վերաբերմունք ցուցաբերելով Սիւնիքի մարզին մէջ գտնուող արցախցի մանուկներուն եւ պատանիներուն հանդէպ: Գորիս-Ստեփանակերտ ճանապարհի գոց ըլլալուն պատճառով արցախցի մօտաւորապէս 300 երեխայ այս օրերուն կը գտնուի Հայաստան եւ անոնց մեծ մասը՝ Գորիսի մէջ է, որ Հայաստանէն Արցախ տանող ճանապարհի վերջին կէտերէն մէկն է: Այդ երեխաները 2022 թուականի դեկտեմբերի սկիզբին Հայաստան զանազան միջոցառումներու, առիթներու մասնակցելու եկած էին եւ չեն կրցած տուն վերադառնալ:

Երեխաներէն զատ Հայաստանի մէջ նաեւ արցախցի մեծահասակներ կան. Արցախ՝ իրենց տուն հասնելու հնարաւորութիւն չունի այսօր 1100 մարդ: Դեկտեմբեր 12-էն ի վեր Ատրպէյճան փակած է Արցախը Հայաստանին կապող միակ ճանապարհը։ Երթեւեկելի միջանցքը Շուշիի կողմերը գոցած ատրպէյճանցիները կը ներկայանան իբրեւ բնապահպաններ, անոնք բողոքի գործողութիւններ կը կատարեն, եւ վրաններ տեղադրած են ճանապարհի ճիշդ մէջտեղը՝ հերթափոխով կու գան, կ՚երթան: Ճանապարհը գոցած այս մարդոց պահանջները անհասկնալի են. բնապահպան ներկայացող խումբը ցանկութիւն ունի այցելելու Արցախի Տրմպոնի եւ Կաշէնի հանքավայրեր եւ դիտարկելու այդ հանքերուն հնարաւոր վնասները շրջակայ միջավայրին վրայ: Հանքի անվտանգութեան աշխատակիցիները արգիլած են նշուած հանքավայրեր ատրպէյճանցիներու մուտքը, հակառակ որ անոնք ռուս սահմանապահներու ուղեկցութեամբ հասած էին մինչեւ հանքավայրեր: Թէ ի՛նչ թաքնուած է բնապահպանական այս ցանկութիւններու ետին եւ ի՛նչ իրական նպատակ ունի Ատրպէյճանը Արցախը կտրելով աշխարհէն, այս պահուն յստակ չէ, կան միայն ենթադրութիւններ: Առայժմ յստակ է բան մը. շուտով մէկ ամիս պիտի ըլլայ, որ Արցախը Հայաստանին եւ ապա աշխարհին կապող միակ ճանապարհը գոց է եւ ժամանակ առ ժամանակ կը բացուի միայն խիստ մարդասիրական նկատառումներով: Ծանր հիւանդներ այդ ճանապարհով, Միջազգային Կարմիր խաչի ինքնաշարժներու ուղեկցութեամբ կը փոխադրուին Հայաստան: Եւ նաեւ ռուս սահմանապահներ կ՚երթեւկեն այդ միջանցքով, իրականացնելով իրենց խաղաղապահ առաքելութիւնը, որ այս օրերուն քիչ մը զաւեշտալի կը թուի: Ինչ խաղաղապահութեան մասին է խօսքը, երբ Արցախի բնակիչները կեցած են գոյատեւելու հրամայականին առջեւ:

Ամբողջ հայութիւնը շունչը պահած կը սպասէր, որ տօնական օրերուն՝ Նոր տարուայ եւ Սուրբ Ծնունդի առթիւ մարդասիրական միջազգային կազմակերպութիւնները իրենց լծակներով կը ջանային բանալ տալ ճանապարհը, բայց աւա՜ղ, հրաշք տեղի չունեցաւ, եւ կեանքի ճանապարհը մնաց գոց՝ խորտակելով սպասումներ եւ յոյսեր: Արցախի եւ Հայաստանի ժողովուրդը ընկճելու այս արարքը միայն ձեւական դատապարտումներու կ՚արժանանայ աշխարհի կողմէ: Կը հնչեն ճանապարհը բանալու կոչեր, բայց ատոնք կը մնան օդին մէջ… Արցախի խանութներուն մէջ սպառած են առաջին անհրաժեշտութեան ապրանքները, շատ խանութներ նոյնիսկ չեն ալ բացուիր, միայն մեծ խանութները իրենց ամբարած ապրանքներու հաշւոյն կրնան քիչ քանակութեամբ վաճառք իրականացնել: Սրտաճմլիկ լուսանկարներ կը հասնին Ստեփանակերտէն՝ մթերքի դատարկ դարակներ, հատիկով դեղահատեր, որոնք հատ-հատ կը տրուին ծերերուն եւ հիւանդներուն, ուտելիքի համար հերթեր… Բանջարեղէնի պարապ տուփերը դասուած են իրարու վրայ… Դրամը կանխիկացնող մեքենաները անորոշ ժամանակով մարուած են…

Քիչ մը բարւոք է գիւղացիներուն վիճակը, որոնք գիւղատնտեսական մթերքներ ունին ամբարած: Չոր պտուղը, ընկոյզը, թութի օշարակը, չորթանը, պահածոն, տհալը, սարի չոր բոյսերը, ցորենը, միւս հացաբոյսերը, հունտեղէնը սովորաբար անպակաս են հայ գիւղացիի ամբարին մէջ, բայց ատոնք ալ անվերջ չեն եւ տագնապի այս օրերուն կը բաժնուին ծանօթ-բարեկամներու ալ, մանաւանդ կը հասցուին քաղաքներու մէջ ապրողներուն, որոնք չունին ատոնցմէ: Արցախցին սովորաբար հաց կիսող է, եւ կարելի է պատկերացնել, որ մէկ ամիս հաց կիսելով, բաժնելով, անոր ամբարածն ալ արդէն վերջանալու վրայ է սղութեան այս պայմաններուն տակ: Անոնք միշտ կ՚ըսեն, որ ընկճուած չեն, բայց դժուար թէ մարդը անվերջ դիմանայ արհաւիրքներուն, չկոտրուի անոր ոգին.. Պատերազմի վիշտը, զոհերուն եւ Արցախի հողերուն կորուստին ցաւը տակաւին թարմ է մարդոց սիրտերուն, հոգիներուն մէջ, հիմա ալ վրայ հասած է այս միւս աղէտը: Մեր նորագոյն պատմութեան մէջ այս մէկը աննախադէպ է. երբէք չէ եղած, որ բնակավայրի մը մէջ հայեր այսքան երկար շրջափակուին: Ժամանակակից կեանքի բոլոր ըմբռնումներէն դուրս արարք մըն է ազերիներուն կատարածը, զոր անխօս կը դիտէ աշխարհը: Սկիզբէն քանի մը օրով խափանեցին Արցախի կազին հոսքը, յընթացս գոցեցին ճանապարհը, աւելին՝ Արցախի սահմանամերձ շրջաններու վրայ ալ կը կրակեն: Հրաձգային կրակոցները արդէն սովորական դարձած են եւ մարդիկ արդէն չեն ալ խօսիր այդ մասին: Այս պահուն բոլորին ուշքն ու միտքը ճամբան բացուելու վրայ է, սնունդ, դեղ հասցնելուն եւ նաեւ բաժնուած ընտանիքներու վերամիաւորման:

Ոչ միայն արցախցիներ մնացած են Հայաստանի մէջ, այլ նաեւ Հայաստանի շատ մը քաղաքացիներ նոյնպէս մէկ ամիսէ ի վեր՝ Արցախ են եւ հնարաւորութիւն չունին վերադառնալ իրենց առօրեայ գործերուն: Անորոշութիւնը, անյստակութիւնը ծանր ամպի պէս կրկին իջած է հայոց աշխարհին վրայ: Եռաբլուրին մէջ յուղարկաւորուած արցախցի զոհերուն ծնողքը չկրցան այս Կաղանդին եւ Սուրբ Ծնունդին այցի գալ իրենց զաւակներու շիրիմներուն եւ անոնք կը խնդրէին հայաստանցիներէն՝ ծաղիկ մը խոնարհել նաեւ իրենց զաւկի գերեզմանին… Այդպէս ալ եղաւ: Մարդիկ հոս՝ Հայաստանի մէջ կիսեցին անոնց ցաւը, նաեւ անոնց փոխարէն գացին գերեզման:

Արցախի մէջ միւս կողմէն կը մոլեգնի H1N1 տեսակի տենդախառն հարբուխը. շնչառական սուր վարակ մըն է, որ ժամանակ առ ժամանակ գլուխ կը բարձրացնէ ձմրան: Հայաստանի եւ տարածաշրջանի միւս երկիրներուն մէջ նոյնպէս հարիւրի հասնող դէպքեր արձանագրուած են, կան մահեր: Մանաւանդ երեխաներու շրջանակին մէջ շատ արագ կը տարածուի վարակիչ այս հիւանդութիւնը: Հայաստանը ապահովուած է այս վարակի դէմ անհրաժեշտ բոլոր դեղամիջոցներով, մինչդեռ Արցախի մէջ կայ դեղերու պակաս: Հայաստանը պատրաստ է առաջին անհրաժեշտութեան դեղեր, խնամքի միջոցներ եւ ամենակարեւորը՝ սնունդ հասցնել Արցախ, եթէ միջազգային կազմակերպութիւնները աջակցին մարդասիրական քայլերուն: Արցախի ժողովուրդը, այսպէսով, կեցած է աղէտի առջեւ: Շատեր, միջազգային իրաւական եզրոյթով զայն կը կոչեն մարդասիրական աղէտ, մինչդեռ տեղի ունեցողը հակամարդասիրական, խելքէ վեր բան մըն է: Լռած են բոլոր մարդասիրական կազմակերպութիւնները, մարդու իրաւանց պաշտպանութեան ընկերութիւնները, որոնք Եւրոպայի մէջ կը զբաղեցնեն հսկայական նորագոյն շէնքեր, ունին բարձրագոչ կարգախօսներ, գունաւոր, ակնառու պաստառներ, բայց այսօր այդ ամէնը անիմաստ կը թուի, երբ 120 հազար մարդ կեցած է առօրեայ պէտքերը հոգալու, սնուելու, բուժուելու, հարազատներուն միանալու եւ ի վերջոյ, անվտանգ զգալու հրամայականին առջեւ:

Ամէն օր նոր պատմութիւն մը կը լսենք:

Արցախի ճանապարհի փակ ըլլալուն պատճառով վեց անչափահաս երեխաներ Շիրակի մարզին մէջ մնացած են առանց ծնողքի...

Ընտանիքը պատերազմէն յետոյ Արցախէն եկած է Հայաստան, հաստատուած Շիրակի մարզի Մայիսեան գիւղը: Անոնց միակ եղբայրը՝ ընտանիքի աւագ երեխան, զոհուած է 44-օրեայ պատերազմին: Մայրը ընտանիքին հասնելիք բնակարանի համար անհրաժեշտ փաստաթուղթերու համար մեկնած է Արցախ եւ բանտարկուած հոն:

Ձմրան այս դժուարին օրերուն երեխաները մնացած են առանց մայրական խնամքի: Մեծահասակ աղջիկները կը խնամեն փոքր քոյրերուն, համայնքապետարանն ալ խնամակալ տրամադրած է, բայց, անշուշտ, կը զգացուի մօր մը կարիքը, երեխաները կը կարօտնան, մայրն ալ Արցախի մէջ չի գտներ իր տեղը, որ օր առաջ հասնի երեխաներուն: Անոնք իրարու հետ կը խօսին տեսակապով, կը յուսադրեն զիրար:

***

Մինչ դեկտեմբերին հրաժեշտ տուինք Արցախը շրջափակման մէջ ձգելով, յունուար ամիսն ալ ծանր լուրով դիմաւորեցինք. տօնական օրերուն H1N1 տեսակի հարբուխի բարդացումէն մահացած է որդւոյս ուսողութեան ուսուցիչը՝ 35-ամեայ խելացի եւ համակրելի երիտասարդ մը՝ Թաթուլ Շահնազարեանը: Ան սիրուած ուսուցիչ էր Երեւանի «Մխիթար Սեբաստացի» կրթահամալիրի բարձր դասարանցի աշակերտներուն համար, որոնց երկու տարիէ ի վեր՝ դաս կու տար: Թաթուլը երկու մանկահասակ երեխաներու հայր է: Ան նաեւ երկու եղբայր ունի, որոնք աշխատանքի բերումով դեկտեմբերի սկիզբը Արցախ գործուղղուած էին: Ճանապարհի փակուելուն պատճառով նաեւ անոնք բանտարկուած էին Արցախի մէջ: Ազգականները մէկ կողմէ կը սգային երիտասարդ տղային կորուստը, միւս կողմէ կը մղկտային, որ մեծ եւ կրտսեր եղբայրները պիտի չկարողանան մասնակցիլ միջնեկ եղբօր յուղարկաւորութեան: Եւ միայն յուղարկաւորութենէն ժամեր առաջ անոնք, բազմաթիւ դիմումներ եւ խնդրանքներ կատարելով Կարմիր խաչին, ռուս խաղաղապահներուն, կրցած են հատել ճանապարհը եւ հասնիլ տխուր առիթին… Մահը սգացողները պահ մը ուրախութիւն ապրած են, որ եղբայրները կրցած են վերջին հրաժեշտը տալ իրենց սիրելիին: Մէկ կողմէ վիշտ, միւս կողմէ կարճատեւ ուրախութիւն… Այս է ահա այս անհասկնալի կեանքը՝ իր սեւ ու ճերմակ առկայծումներով…

Իսկ Գորիսի կեդրոնը թռչնատառերով զարդարուած եղեւնիին քովը ամէն օր կը հաւաքուին արցախցի երեխաներ, որոնք տեղացի իրենց հասակակիցներուն հետ կը փորձեն անհոգ առօրեայ ստեղծել: Հայաստանի մէջ տօնածառները կը հաւաքուին Հին տոմարով նոր տարին տօնելէ յետոյ. 13 յունուարին Հին տոմարով նոր տարի է: Ահա հրաշքի սպասելու եւս մէկ ամսաթիւ:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Հինգշաբթի, Յունուար 12, 2023